İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպեան Փողոցներ – Ճալա՛ա

Մանուէլ Քէշիշեան

Քալե՞մ, թէ՞ չքալեմ Հալէպի փողոցներով՝ հայաշատ փողոցներով:

Արդէն «Հայաշատ» բառը կը սեղմէ կոկորդդ, դեռ քանի մը տարի առաջ այս փողոցները հայկական էին, դեռ քանի մը տարի առաջ Նոր գիւղը ոչ միայն Հալէպի այլ համայն Սփիւռքի սիրտը կարելի էր Համարել, առողջ, բաբախող սիրտը, ուրկէ բազմաթիւ մտաւորական ուսուցիչներ, գրողներ, քաղաքական գործիչներ, գաղափարախօսներ կը փոխադրուէին Պէյրութ՝ Պուրճ Համուտը կենդանի կը պահէին, կը սփռուէին աշխարհով մէկ, հայերէն կը սորվեցնէին, արեւմտահայերէնը կենդանի կը պահէին: 

Այսօր ալ Հալէպն է Սփիւռքի տրոփող սիրտը, այսօր ալ, հակառակ մեր բոլոր դժգոհութիւններուն, տակաւին մեր դպրոցներուն մէջ հայ մանուկները որեւէ այլ հայկական գաղութէաւելի լաւ կը սորվին հայերէնը, այսօր ալ գաղթող հալէպահայերն են որ կենդանի շունչ կը հաղորդեն եւ հայկական թարմ արիւն ներարկելով այլեւայլ գաղութներ կը հայացնեն:

Մերը կորսնցնելով մխիթարուի՞լ այլոցմով, չէ՞ որ վերջ ի վերջոյ կարեւորը Սփիւքի մէջ հայկականութեան պահպանումն է, Հալէպ չեղաւ, Աւստարալիա թող ըլլայ, Գանատա կամ Շուէտ թող ըլլայ. Ոչ մէկ տարբերութիւն՝ եթէ Հայաստանէն դուրս կ’ապրինք. չէ՞ որ «մեր»ը ըսելով միայն Հալէպը պէտք չէ հասկնանք, այլ ամբողջ Սփիւռքը՝ հայասակաւՆոր Զէլանտայէն մինչեւ արդէն հայաշատ Թորոնթօ:

Կը սկսիմ քալել փողոցներով, կը սկսիմ Ճալա՛ա-էն. այս թաղամասը համեմատաբար նոր է, հազիւ 30 տարուան պատմութիւն ունի, կը գտնուի նախկին հայկական, ներկայի քրտաշատ բլուրի Տաուուտիէ թաղին ստորոտը: Տագնապէն առաջ, Ճալա՛ա-ը 7000 բնակչութիւն ունեցող զուտ հայկական, գեղեցիկ եւ հարուստ թաղ մըն էր. շէնք կառուցող, բնակարան ծախողները միայն հայերուն կը ծախէին այստեղի տուները, որպէսզի գիները բարձր պահէին: Հալէպի ամէնէն մաքուր փողոցներէն էր Ճալա՛ա-ը, իր անունը ստացած էր հոս կառուցուած համանուն մարզական ակումբէն: Հոս կային նաեւ թիւով քիչ ոչ հայեր: բոլորն ալ քրիստոնեայ: Հալէպի մէջ օրէնք դարձած սովորութիւն էր, մեր թաղերուն մէջ ոչ քրիստոնեաներու տուն չծախել, հրապուրելու համար գնորդները, «անխառն» շէնքերու կամ թաղերու մէջ տուները մի քանի տասնեակ հազար տոլար աւելի սուղ կ’արժէին: Հիմա այդ օրէնքը պարտադրաբար վերցուած է, որորվհետեւ տուն գնող քրիստոնեայ գրեթէ չէ մնացած, տուն ծախող-գնող առեւտրականներն ալ մեր թաղերու տուներուն գիները ամէն օր կ’իջեցնեն, վստահ ըլլալով, որ քրիստոնեաները ինչ գնով ալ ըլլայ պիտի ծախեն իրենց տուները, եթէ այսօր չէ, ապա վաղը՝ անպայման, չէ՞ որ այս տուներուն տէրերուն մեծ մասը արդէն իսկ գաղթած է:

Մխիթարեան վարժարանը ներսէն

Մխիթարեան վարժարանը ներսէնԵթէ առտու կանուխ անցնիս Ճալա՛ա-ի փողոցներով, ապա կը տեսնես հայկական եւ այլ քրիստոնէական դպրոցներու ինքնաշարժներ, որոնք իրենց աշակերտները դպրոց կը տանին: Այս թաղամասը քաղաքէն կը բաժնուի ընդարձակ ոչ բնակարանային տարածութիւններով, որովհետեւ այստեղ կան շոգեկառքի գծի աշխատատեղիներ, շոգեկառքի գիծ, ուստի եւ քաղաքին կը միանայ երկու կամուրջներով: Այս թաղին մէջ կը գործէ երբեմնի փառաւոր Մխիթարեան Վարժարանը, որ  Հալէպի մէջ հիմնուած է 1936-ին եւ այստեղ փոխադրուած բնակելի շէնքերու շինութենէն առաջ: Անցեալին հազարէ աւելի հայ աշակերտ ունեցող այդ դպրոցը, այսօր շո ւրջ հարիւր աշակերտ ունի՝ ոչ բոլորը հայ: Մխիթարեան վարժարանը որպէս դպրոցական կառոյց, իր յարմարութիւններով Հալէպի լաւագոյններէն է, ափսո՜ս, հակառակ միաբանութեան գործադրած ճիգերուն, ցաւոք կը մնայ սակաւաթիւ աշակերտներով, որովհետեւ շրջակայքի հայերու թիւը ահռելիօրէն նուազած է: Աւա՜ղ փառացս անցաւորի…

Եօթ հազարանոց հայկական այս թաղամասը, տագնապի առաջին օրերէն ամէնէն վտանգաւոր շրջաններէն մին դարձաւ Ճալա՛ա-ը, որ տագնապի սկիզբէն շատ արագ շրջապատուեցաւ ընդդիմադիրներու կողմէ գրաւուած շրջաններով. այդ օրերուն մարդիկ կ’երթային-կու գային հակառակ ազդեցութիւններու տակ գտնուող վայրեր, յաճախ Ճալա՛ա-ի մէջ կը յայտնուէին զինեալներ եւ կ’առեւանգէին անզէն բնակիչներ, որոնք ազատ կ’արձակուէին հսկայ գումարներու դիմաց: Կեանքը անապահով դարձած էր, մէկ ժամուան ընթացքին տասնեակ հրասանդներու թիրախ կը դառնար այս թաղը եւ ասիկա կը կրկնուէր օրը քանի մը անգամ: Ահա թէ ինչո՛ւ այս շրջանը առաջին հայաթափուողներէն եղաւ, ո՛վ որ կրցաւ ճամբորդեց, մնացածը համեմատաբար քաղաքի աւելի ապահով շրջաններ փոխադրուեցաւ, օրինակ Սուլէյմանիէ կամ Ազիզիէ… Անշո՛ւշտ պարպուեցաւ նաեւ Մխիթարեան Վարժարանը, նոյնիսկ հոս մնացողներ իրենց զաւակները այլ հայկական դպրոցներ սկսան ղրկել:

Մխիթարեան Վարժարանի մայր դուռը

Մխիթարեան Վարժարանի մայր դուռըՏուները դատարկուեցան, Թաղին ծայրը գտնուող պետական դպրոցը լեցուեցաւ ընդդիմադիրներու կողմէ գրաւուած շրջաններէ եկող գաղթականներով: Հարուստ գաղթականներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ընտանիքներ հայերու տուներ վարձեցին, պարպուած թաղամասը վերակենդանացաւ, այս անգամ ամբողջովին փոխուած դիմագիծով, նոր բնակիչները զարմանքով կը լսէին հայերէնը, նորերուն համար հայերէնը մարսերէնի նման բան մըն էր… պարապ տուները շատցան, շատցան նաեւ միայնակ ծերունիներ, որոնց զաւակներուն համար հաւանաբար դժուար էր մայր կամ հայր միասին տանիլ: Ձմրան օրերուն շատ յաճախ կարելի էր հանդիպիլ տան առջեւ սահած, գետին ինկած ալեւորներու: Հաւանաբար գացողներուն խիղճը հանգիստ էր, չէ՞ որ անոնք իրենց ծնողները նիւթապէս ապահովելէ ետք գաղթած էին, չէ՞ որ նոյն այս ծերունիներէն շատեր հարուստ էին եւ մէկու մը կարիքը չունէին, հապա՞ հոգին, հապա մարդկային վերաբերմունքը, թոռնիկներու կարօտը՞: Ի՞նչ ընէին, թող չ’երթայի՞ն, իրենք իրենց զաւակներու ապահովութեան համար ամէն ինչ լքելով կ’երթային, ապա թէ ոչ Հալէպէն լաւ տեղ կա՞ր երկրագունդի վրայ: Յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել նաեւ, որ այս ծերունիներէն ոմանք նախընտրած էին հոս մեռնիլ, քան թէ ամբողջ կեանքի մը տքնաջան աշխատանքով, ոչինչէն կառուցած այս ամէնը լքելով հեռանալ… Աստուած մեծ է, ի՛նչ որ գրուած է ճակատիդ, այդ կը պատահի: Հիմա այդ ծերունիներէն շատեր արդէն յաւիտենապէս հեռացած են այս աշխարհէն, թէեւ Հալէպի մէջ տակաւին հարիւրաւոր այդպիսի մենակեացներ կան:

Ճալա՛ա  թաղամասին մէջ հիմա կրկին վերաշխուժանալ սկսած է Ճալա՛ա քրիստոնէական մարզական ակումբը, որ սուրիոյ պասքէթպոլի լաւագոյն  խումբերէն մէկը ունի, հայ պասքէթպոլիստ ալ ունի, դանդաղօրէն կը վերաշխուժանայ թաղամասը, պետական դպրոց կը յաճախեն հարիւրաւոր արաբ աշակերտներ, Մխիթարեանը սակայն որքան ալ փորձէ կը մնայ սակաւաթիւ աշակերտներով: Այս թաղին մէջ հազիւ մի քանի հարիւր հայեր կ’ապրին: Մեծ է թիւը դատարկ տուներուն, թէեւ մեծ է թիւը նաեւ վարձու տրուած բնակարաններուն: Այս ամանօրեայ օրերուն տօնական եռուզեռի ոչ մէկ նշոյլ կայ եւ…

Եւ հոռետե՞ս, թէ՞ իրատես պիտի ըլլամ եթէ ըսեմ, այս թաղին մէջ Հայկական Կաղանդի եռուզեռը պիտի չտեսնենք այլեւս:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 29 Դեկտեմբեր 2019

https://www.civilnet.am/news/2019/12/30/Հալէպեան-Փողոցներ-Ճալա՛ա/373312

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın