İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱՐԳԱԴԻՐ ԿԱԶՄ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի պատրաստութիւններուն համար կազմուեցաւ կարգադիր յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի կազմակերպչական աշխատանքներով։ Այս յանձնախումբը շաբաթավերջին գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց ժողովին եւ արդէն նախապատրաստական աշխատանքները դրուած են գործնական հունի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, արարողութիւնները նախատեսուած են Ս. Ծնունդէն անմիջապէս վերջ՝ 11-12 յունուարի շաբաթավերջին։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, համայնքային ու թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած նիստին ժամանակ ատենապետի պաշտօնին միաձայնութեամբ կոչուեցաւ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Յանձնախումբին կ՚անդամակցին. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Արէտ Քորեան, Արէտ Չիչեքեքէր, Արթին Քիլեճի, Գամէր Թոքէր, Թամար Քարասու, Իսքենտէր Շահինկէօզ, Լենա Ենիեորկան, Խաչիկ Ճանէլ, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, Հայկ Ասլանեան, Հերման Գաւաֆեան, Մանուկ Քալայճեան, Մեսուտ Էօզտեմիր, Մինաս Արսլան, Մինաս Քորթուն, Մուրատ Էօղէր, Յարութիւն Շանլը,  Շահնուր Գազանճը եւ Սարվէն Սերթշիմշէք։

Գահակալութեան եւ պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման  հանդիսութիւնները տեղի պիտի ունենան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը փափաք յայտնեց պաշտօնական ընդունելութեանց առթիւ խուսափիլ մեծածախս կազմակերպութիւններէ եւ մնալ համեստ սահմաններու մէջ։ Սկզբունքով որոշուեցաւ յետգահակալութեան հանդիսութեան հիւրասիրել արտասմահմանէն ժամանելիք հիւրերը, ինչպէս նաեւ քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն եւ պետական պաշտօնական անձնաւորութիւնները։

Նկատելով, որ սահմանափակ տարողութեամբ սարքելի ընդունելութեան ժողովուրդի մասնակցութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ՝ Նորին Ամենապատուութեան փափաքով որոշուեցաւ զանազան թաղերու մէջ կազմակերպել ընդունելութիւններ, որոնց ընթացքին ժողովուրդը սարքելի սիրոյ սեղաններու շուրջ առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու իր հոգեւոր պետին։

Կարգադիր յանձնախումբի անդամներ պիտի կարենան աշխատանքային խմբակներ կազմել՝ ապահովելու համար կազմակերպչական աշխատանքներու արագացումը։ Այս խմբակները կապի մէջ պիտի գտնուին յանձնախումբին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ համակարգել աշխատանքները։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F23-12-2019-կարգադիր-կազմ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın