İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Սուրբ Ստեփանոսի Նախատօնակի արթիւ Հայր Թաթուլ Անոյշեանի Քարոզը (24 Դեկտեմբեր 2018)

Սիրելի Սարկաւագ եւ կիսասարկաւագ եղբայրներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր։
Այսօր Հայ Եկեղեցւոյ համար ցնծութեան օր է։ Թէեւ մենք կը յիշատակենք Քրիստոնէութեան համար առաջին նահատակին տօնը, նահատակուելու յիշատակն է, որ նկատի կ՛առնենք սակայն այդ յիշատակին մէջէն մենք կը դիտենք մեզի ցոյց տրուած ընթացքը:

Ստեփանոս այդ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր, այսինքն սպասարկողներէն, ծառայողներէն որ ընտրուած էր առաքեալներու իբրեւ օգնական:

Նահատակուեցաւ քարկոծուելով, որովհետեւ Քրիստոսը կը քարոզէր, Քրիստոսը կ՛ապրէր իր կեանքն մէջ, հետեւաբար իր ուխտը կ’իրականացնէր երբ նահատակուեցաւ։
Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցոյ սպասարկողներուն համար ուխտի վերանորոգութեան օր է:

Սարկաւագներ ուխտագիր կը ստորագրեն երբ իրենց ձեռնադրութիւնը կը կատարուի։
Կ’ուխտեն ծառայել անսակարկ ծառայել, առանց պատճառի ծառայել եւ այդ ծառայութիւնն է որ իւրաքանչիւր սարկաւագը կը դարձնէ սիւն մը որ եկեղեցին կանգուն պահելու համար կը գործածուի։

Եկեղեցին եթէ այսօր կանգուն է մեր սարկաւագներու եւ կիսասարկաւագներու ծառայութեան լուրջ ներդրումը կը տեսնենք այդտեղ։
Իւրաքանչիւր տարի երբ սարկավագ մը իր ուխտը կը նորոգէ, աղիւս մը եւս պէտք է դնէ այն պատին վրայ որ պիտի ամրացնէ եկեղեցին։

Վա՛յ այդ սարկաւագին որ զանազան պատճառաբանութիւններով կը հեռանայ իր պաշտօնէն՝ գերադասելով աշխարհի հաճոյքը։
Սարկաւագը ծառայութեան կոչուած է, ինք կը փափաքի ծառայութիւն կատարել եւ կը հրաժարի աշխարհէն և աշխարհիկ կեանքը իրեն համար երկրորդական է։
Եկեղեցւոյ ժողովուրդին ծառայութիւնն է առաջնահերթ եւ Աստուած ոչ թէ աստիճանի հաշիւը պիտի հարցնէ, իւրաքանչիւր ուխտեալի ուխտին հաշիւը պիտի հարցնէ, թէ կատարե՞ց եւ կամ ինչպէ՞ս կատարեց։

Աստիճանները անձերուն փառք տալու համար չէ որ կը տրուին։
Աստիճանները կը տրուին որպէս ծառայութեան հանգրուաններ եւ նոր դաշտեր կը բացուին մարդոց առջեւ որպէսզի ծառայէն եւ ոչ թէ պարծանք զգան իրենց աստիճաններով։

Ես չեմ կրնար ընդունիլ սարկաւագ մը որ կը բացակայի ծառայութենէ, կը հեռանայ ծառայութենէ զանազան պատճառներով,
չկայ պատճառաբանութիւն։

Այն ուրարը որ Քրիստոսի լուծն է և ձախ ուսին վրայ կը կրէ սարկաւագը, իր կեանքին մինչև վերջը լուծ պէտք է ըլլայ իրեն եւ այդ լուծով պէտք է պարծանք զգայ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ “Ես Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ պարծանք չունիմ” եւ սարկաւագը իր ծառայութեան կոչումէն ուրիշ պարծանք չունի։

Մեծապէս գնահատելի են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան ենթակայ եկեղեցիներուն մէջ իրենց ծառայութիւնը բերող և անսակարկ նուիրումով եկեղեցւոյ կարիքները ամբողջացնող, ծառայութեան կոչուած անձեր են անոնք։ Դուք էք, որ այս հսկայ բանակին զինուորներն էք։

Ձեզմով եկեղեցին ոտքի կը կենայ։
Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենաք, այս գիտակցութեամբ պէտք է ծառայէք, պէտք է գիտնաք որ ձեր բացակայութիւնը երբեք եւ երբեք ընդունելի չէ։ Ուխտեցիք առաջի Աստուծոյ, որ պիտի ծառայէք մինչև ձեր կեանքին վերջը։

Ուխտեալ մը իրաւունք չունի իր ուխտը դրժելու, ուխտեալ մը իրաւունք չունի իր ուխտէն հեռանալու։ Ինչպէս քրիստոնեայ մը կը մկրտուի ու այլեւս ընդունելի չէ ժխտելու այդ ուխտը։

Աստուծոյ եւ մարդուն միջև կնքուած ուխտ է ձերը եւ դուք էք որ ձեր ճամբան պիտի հարթէք, ձեր հաւատքի ընթացքով։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռի ես կ’օրհնեմ ձեր ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։ Յատկապէս անոնք, որոնք այսօր այստեղ ներկայ գտնուեցան և իրենց ուխտը վերանորոգեցին։

Օրհնեալ ըլլաք, Աստուած ձեր առջև նորանոր դաշտեր թող բանայ, աւելի բարձր պաշտօններու թող արժանացնէ և ժողովուրդը ձեր բարիքը, ձեր ծառայութիւնը թող վայելէ։
Որովհետեւ ժողովուրդին ծառայել ինչպէս Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան կ՛ըսէ “Պատիւ է։”

Եկեղեցին այս ժողովուրդին ծսռայելու պատիւը տուած է ձեզի մի անտեսէք այդ պատիւը։

Մի զգետնէք այդ պատիւը, ձեզի ձեր ճամբայէն հեռացնող, գայթակղեցնող զանազան պատճառներով Աստուծոյ առջեւ հարստանալու այդ քաղցր հրամայականէն մի զրկէք դուք ձեզ։

Եթէ դուք այդ ծառայութեան ընթացքին մէջ էք, Աստուած կ’օրհնէ ձեր կեանքերը։

Եւ ձեր պարտականութիւններէն մէկն է եւ ամենակարեւոր հրամայականը՝ Սուրբ Գիրք կարդալ։
Ձեր ամենօրեայ ընթերցման գիրքը պէտք է ըլլայ Սուրբ Գիրքը։
“Քու խօսքերդ իմ ոտքերուս ճրագ է” կ՛ըսէ Սուրբ Գիրքին մէջ։
Ձեր սնունդի, հզօրացման աղբիւրը պէտք է Սուրբ Գիրքը հանդիսանայ։

Առանց Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան անցած օր մը ընդունելի չէ Աստուծոյ անդաստանին մէջ գործող անձերուն համար։

Կարդացէ՛ք, անգա՛մ մըն ալ կարդացէք, կրկի՛ն կարդացէք եւ ձեր կարդացածը գործի վերածեցէք, ինչպէս Յակոբոս Առաքեալ կ՛ըսէ իր Ընդհանրական Նամակին մէջ թէ “Հաւատքը ցոյց պէտք է տալ, բարի գործեր կատարելով”։

Մի՛ վախնաք ծառայելէ, ամօթ մի՛ համարէք։ Ծառայութիւնը, պատիւ է երբ յատկապէս մեր ժողովուրդին համար է։

Աստուած օրհնէ ձեզ, օրհնէ ձեր գործերը եւ անթառամ պսակներու արժանացնէ։

Տէր Թաթուլ ծայրագոյն վարդապետ Անոյշեան

Ֆերիգիւղ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցի
24 Դեկտեմբեր 2018

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın