İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ 2021-ԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ուաշինկթընի Սուրբ Գրքի թանգարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ճեֆրի Քլոհայի, որ  ցուցահանդէսներու ընդհանուր համակարգողն է։ Սա այս թանգարանին կողմէ պատուիրակութեան մը երկրորդ այցելութիւնն է դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ուաշինկթընի Սուրբ Գրքի թանգարանը կը ծրագրէ 2021 թուականին կազմակերպել «Աստուծոյ շունչը» խորագրեալ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած հայկական Աստուածաշունչին եւ հայոց եկեղեցական արուեստին։ Զրոյցի ժամանակ հիւրերը Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներու ընթացքին եւ անհրաժեշտ ցուցանմոյշներու շուրջ համաձայնութիւններու վերաբերեալ։

Ողջունելով այս նախաձեռնութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ցարդ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատրաստակամութիւնը՝ զօրակցելու այս նախագծի իրականացման, նաեւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած որոշ ձեռագիր կամ տպագիր Աստուածաշունչերու եւ թանգարանային սրբազան արժէքներու տրամադրման միջոցաւ հարստացնելու ցուցահանդէսը։

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Թանգարաններու եւ արխիւի բաժնի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան։ 

Ամերիկեան հեղինակաւոր թանգարաններ այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն հայկական ժառանգութեան եւ արուեստին վերաբերեալ։ Այս բոլոր ծրագրերուն մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համագործակցութիւնը կ՚ունենայ առանցքային նշանակութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ բացուած էր Հայաստանի վերաբերեալ ցուցահանդէս մը եւ այդ ժամանակ ալ օգտագործուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած ցուցանմոյշները։ Այժմ պիտի յաջորդէ Ուաշինկթընի Ս. Գրոց թանգարանի ցուցահանդէսը, որու ծիրէն ներս եւս Սուրբ Էջմիածնի հաւաքածոն պիտի ունենայ կարեւոր նշանակութիւն։ Արդարեւ թէ՛ ձեռագիր եւ թէ տպագիր եզակի Աստուածաշունչեր պիտի տրամադ-րըւին ցուցադրութեան համար։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/20-12-2019-հայոց-եկեղեցական-արուեստին-մասին-2021-ին-ցուցահանդէս-մը-պիտի-բացուի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın