İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Ազգային պատգամաւորական ժողովը այսօր կ՚ընտրէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։ Շաբաթավերջի քուէարկութեան արդիւնքին հետ ուղիղ համեմատութեամբ գահ կը բարձրանայ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր տեղապահի պաշտօն եւ այժմ արդէն կը ստանձնէ մեր նուիրապետական ու սուրբ Աթոռին ղեկը։ Այսու կու գանք անկեղծօրէն շնորհաւորել նորընտիր պատրիարքը, որուն կը մաղթենք յաջողութիւններ։

Որպէս Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ կը մաղթեմ, թէ այս նոր շրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերահաստատուի միասնականութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Մեր աղօթքն է, որ այս դարաւոր Պատ-րիարքական Աթոռին առջեւ բացուի ծաղկուն նոր շրջան մը եւ անոր առաքելութիւնը արգասաւորուի նոր ձեռքբերումներով՝ ի պայծառութիւն մեր սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շահ մերազն ժողովուրդին։

Տէրը անսասան պահէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, արեւշատութիւն շնորհէ անոր նորընտիր գահակալին եւ իր սուրբ Աջի հովանին անպակաս ընէ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի վրայէն։

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ

http://213.232.51.219/content/թրքահայ-կեանք/12-12-2019-շնորհաւորական

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın