İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Պատրիարքարանի մէջ կայացաւ 7 Դեկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը՝ 18.00-ին Նախագահութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։ Ապա կատարուեցաւ Հանգստեան Կարգ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներուն, Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր եւ վախճանեալ հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Ներկաներու ստուգումէն ետք ձեռնարկուեցաւ Դիւանի ընտրութեան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան՝ Ատենապետ, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան՝ Բ. Ատենապետ  Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան՝ Ատենադպիր ընտրուեցան։

Բացման խօսքը արտասանեց Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ արտայայտուելով օրակարգի մասին, պարզեց Ժողովին գումարման նպատակը։ Ան յայտնեց, թէ համագումարը կը կայանար Իսթանպուլի Կուսակալութեան 23.09.2019 թուակիր եւ 35341970-870-93953 համար պաշտօնագրով ղրկուած Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան «կանոնագիր»ի շրջագծով՝ Պատգամաւորական Ժողովի Հոգեւորական Պատգամաւորները ընտրելու նպատակաւ։

Գաղտնի քուէարկութեամբ որպէս պատգամաւոր ընտրուեցան 17 (տասնըեօթը) հոգեւորականներ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Ռէիսեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ 

Ապա, Ժողովը փակուեցաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın