İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տօն Ընծայման Ս. Աստուածածնի

Մարիամ դուստրն էր Յովակիմի եւ Աննայի: Աւանդութենէն քաղելով պատմութիւնը, գիտենք որ Աննա ամուլ էր եւ Մարիամ ուխտի զաւակն էր անոնց:
Համաձայն այս ուխտին, երբ Մարիամ երեք տարեկան եղաւ, ծնողքը զայն ընծայեց տաճարին, որպէսզի հոն նուիրեալ այրիներու եւ կոյսերու խնամքին եւ հոգատարութեան ներքեւ՝ Աստուածային պաշտամունքով մեծնայ եւ տաճարին ծառայէ:
Այս ընծայման տօնն է որ մեր օրացոյցին մէջ արձանագրուած է «Տօն Ընծայման Ս. Աստուածածնի երից ամաց ի տաճարն»:
Աստուածամօր երեք տարեկանին տաճար ընծայման տօնը, անփոփոխ կերպով կը կատարուի 21 Նոյեմբերին:

http://www.sourphagop.org/period/vol27no3.pdf

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın