İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆ ԸՆԾԱՅՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԱՆԻ ԵՐԻՑ ԱՄԱՑ Ի ՏԱՃԱՐՆ ԵՒ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏՈՒՆԸ

Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան

Մեր եկեղեցական օրացոյցին համաձայն ամէն տարի 21 Նոյեմբերին կը տօնենք Սուրբ Աստուածածնի երեք տարեկանին տաճար ընծայուելու տօնը։

Այս տօնին կը շեշտուի Տիրոջ ընծայուելու գաղափարը։ Այս գաղափարը իր հետ կը բերէ նաեւ ուխտին կարեւորութիւնը հաւատացեալի կեանքէն ներս։ Սկսեալ մկրտութեան աւազանէն իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ կանչուած է ընծայուելու Աստուծոյ եւ ծառայելու Անոր։ Սուրբ Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ ուխտաւորներ դառնալու ճանապարհը. Ուխտել՝ Աստուծոյ Խօսքին լսելու, ուխտել՝ Աստուծոյ Խօսքը հաւատարմութեամբ ընկալելու, ուխտել՝ անձնակեդրոն կեանքի հասկացողութենէն հեռանալու, ուխտել՝ իմաստութեամբ տնտեսելու Աստուածատուր շնորհները, ուխտել՝ Քրիստոսի Մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ շինութեան եւ պայծառութեան ծառայելու ճանապարհը որդեգրելու։

Այս տօնը նաեւ հիմնարկութեան տարեդարձն է Գալֆաեան Տան։ Մեր ժողովուրդին սրտամօտիկ այս հաստատութիւնը ձեռակերտն է Գարթալցի Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի։ Իր աներեր հաւատքը եւ որբախնամ առաքելութեան նուիրուելու եւ այդ գծով իր ժողովուրդին ծառայելու ուխտը դարձաւ պտղատու ծառ մը, որ հարիւրյիսունեւերեք տարիէ ի վեր կը շարունակէ իր պտուղները տալ։

Այս հաստատութեան մասին երբ յաճախ գաղափարներ կը յայտնուին, կարեւոր թելադրութիւն մը պիտի ըլլայ այդ գաղափարներու արտայայտութենէն առաջ լաւ մտածել եւ մտաբերել այս հաստատութեան նուիրական առաքելութիւնը։

Մեր հաւատքն է, որ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ Աստուծոյ աներեւոյթ Աջը տարածուած է այս Տան վրայ, ուր տարիներէ ի վեր ապաստան գտած են մեր ժոողվուրդի իգական սեռի զաւակները, ոմանք որբ, ոմանք ընտանեկան յարկերու տակ տիրող հարցերէն ազդուած։ 

Աստուած անսասան պահէ այս նուիրականՏունը եւ քաջառողջ կեանք ու կարողութիւն պարգեւէ հաստատութեան միակ քոյրին, յանձին Քոյր Գայեանէ Տուլքատիրեանի։ 

Գալֆաեան Տան Խասգիւղի պատմական շէնքը եւ աջին՝ Սուրբ Աստուածածին Մատուրը (նախ քան ապասեպհականացումը)
Աշակերտական խմբանկար մը

https://www.facebook.com/krikor.damadyan

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın