İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ. ԱԼԻ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՆԱԵՒ Տ. ԱՐԱՄ. ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՀԵՏ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա այսօր ժամը 16.32-ին այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ կուսակալ Ալի Երլիքայա Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ, որու կողքին էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Պատրիարքարանի մուտքի դիմաւորման արարողութենէն վերջ կուսակալ Ալի Երլիքայա նորին սրբազնութեան եւ ընկերակիցներուն կողմէ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը։ Պատրիարքարանի մուտքին ներկայ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Անվտանգութեան պաշտօնեաները թերթիս խմբագրէն խնդրեցին բացարձակապէս նկարահանում չկատարել։

Շուրջ 35 վայրկեան Գումգաբուի մէջ մնալէ վերջ կուսակալ Ալի Երլիքայա հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ իր ընկերակիցները ողջերթ մաղթեցին կուսակալին՝ Պատրիարքարանի մուտքին։ Գումգաբուէ մեկնելէն առաջ կուսակալ Ալի Երլիքայա կարճ զրոյց մը յանձն առաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը մասնաւոր իմաստ մը չունէր, պարզապէս փափաքած էր Պատրիարքարան այցելել, որովհետեւ պատրիարքական ընտրութեան թուականը հետզհետէ կը մօտենայ։ Այս մթնոլորտին մէջ Ալի Երլիքայա փափաքած էր անվտանգութեան եւ այլ բնոյթով հարցերու շուրջ ընդհանուր արժեւորում մը ունենալ Պատրիարքարանի մէջ։

Զրոյցի աւարտին կուսակալ Ալի Երլիքայա յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը կը նախատեսէ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։

Կուսակալ Երլիքայայի մեկնումէն վերջ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեանին յայտնեց, որ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնական հաղորդում մը պիտի չկատարեն այս օրուան տեսակցութեան շուրջ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F19-11-2019-իսթանպուլի-կուսակալը-այցելեց-պատրիարքարան-ալի-երլիքայա-յառաջիկայ-օրերուն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın