İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԱՐՕ ՊԵՆԿԼԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԷՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն երէկ անդամ մը եւս պակսեցաւ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն հրաժարեցաւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ միեւնոյն ժամանակ մամլոյ բանբերի պարտականութիւնը ստանձնած էր։ Երէկ, Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովի օրն էր, սակայն Սարօ Պենկլեանի հրաժարականի լուրը ռումբի ազդեցութիւն գործեց համայնքային շրջանակներէն ներս։ Իր հեռացումը կարծես ժողովի բուն օրակարգը կամ բովանդակութիւնն ալ ստուերի տակ թողուց։ Սարօ Պենկլեան ամիսներէ ի վեր օրինակելի աշխատանք կը ծաւալէր Նախաձեռնարկ մարմնէն ներս։ Որպէս երիտասարդ իրաւաբան՝ ան իր պաշարն ու եռանդը ի գործ կը դնէր Նախաձեռնարկ մարմնի գործունէութեան համար եւ թէ որպէս մամլոյ բանբեր՝ այնպիսի նախանձախնդիր աշխատանք մը կ՚իրականացնէր, որ հանրային կարծիքը ամբողջական պատկերացում մը կազմելու հնարաւորութիւն կ՚ունենար անցուդարձին շուրջ։ Սարօ Պենկլեան մամլոյ բանբերի դերին մէջ այնքան յաջող էր, որ հանրութեան կը մատուցէր նաեւ Նախաձեռնարկ մարմնի տարած աշխատանքի քննադատելի երեսակներուն մասին բանալիներ։ Այս բոլորէն վերջ իսկապէս շատ ցաւալի է, որ պատրիարքական ընտրութենէն հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ իր նման հեղինակաւոր անուն մը կը հեռանայ Նախաձեռնարկ մարմնի շարքերէն։

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ամբողջին մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը, դժբախտաբար, ցայսօր հարիւր տոկոսով չէ կրցած արդարացնել մեր համայնքին կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը։ Որքան որ հակուած ըլլանք ընդհանուր համակարգին մասին անվստահութեան հունտեր չսերմանելու եւ կատարուած աշխատանքի դրական երեսակներուն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու՝ Սարօ Պենկլեանի նման անունի մը հրաժարականը ակնյայտ ապացոյցն է Նախաձեռնարկ մարմնի պարագային ստեղծուած ահազանգային կացութեան։ Իրերայաջորդ հրաժարականներով պայմանաւորուած անդամներու տերեւաթափը թէեւ գործնական հարթութեան վրայ ձեւով մը չէ անդամալուծած Նախաձեռնարկ մարմնի գործունէութիւնը, սակայն անոր նկատմամբ հանրային վստահութեան աստիճանը իջեցուցած է նուազագոյնէն ալ վար։ Աւելի՛ն, այս իրերայաջորդ հրաժարականները, մանաւանդ Սարօ Պենկլեանի նման պայծառ եւ անաչառ դէմքի մըն ալ բաժնուիլը՝ կու գան ձեւով մը վերահաստատել այն գանգատներն ու քննադատութիւնները, թէ Նախաձեռնարկ մարմինը մեծ հաշուով կը տանի կողմնակալ աշխատանք մը։

Տեսնենք, մինչեւ պատրիարքական ընտրութիւն՝ Նախաձեռնարկ մարմինը ի՛նչ հունի մէջ յառաջ պիտի տանի իր գործունէութիւնը։ Այնտեղ թէեւ տակաւին կը մնան Սարվէն Սերթշիմշէքի կամ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի նման անաչառ քանի մը անուններ, սակայն Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է անպայման ճար մը գտնէ, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին տրամաբանական աւարտին հասնիլը հնարաւորինս երաշխաւորէ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F19-11-2019-իրաւաբան-սարօ-պենկլեան-հրաժարեցաւ-նախաձեռնարկ-մարմնէն?fbclid=IwAR0gQQTOvI5yB4GhN1NeuBzY446EXmM_ffiS5YqgdZIdVeMm-E6alXvpneQ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın