İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Բարի երթ՝ նոր ճանապարհի վրայ

Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ թէ «Ուրախութիւնը բաժնելով կ՚աճի, իսկ թախիծը բաժնելով կը նուազի»։

Նախորդ շաբաթավերջին «Ակօս»ի անձնակազմը բաժնեց իր գործընկերոջ ուրախութիւնը, ներկայ գտնուելով Սեւան Տէյիրմենճեանի պսակադրութեան։ Սեւան Տէյիրմենճեան 3 Նոյեմբեր կիրակի Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ ուխտեց իր կեանքը ցկեանս կապել Մելիս Մօրպոյաճըի հետ, որուն ուրախ ականատեսները եղանք բոլորս։

Այս առթիւ կու գանք շնորհաւորելու մեր ընկերը իր այս նոր ոդիսականին մէջ յարատեւ երջանկութիւն մաղթելով։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/23171/pari-yert-nvor-chanabarhi-vrah

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın