İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը դիմել է ընթերցողների օգնությանը

Լիբանանում տևական ժամանակ ընթացող զանգվածային ցույցերի պատճառով չեն աշխատում բանկերը, երկրում առաջացել է ֆինանսատնտեսական բարդ իրավիճակ։ Բեյրութի «Ազդակ» օրաթերթը դիմել է արտասահմանի իր ընթերցողների օգնությանը։ Հայտարարությունը՝ ստորև։

«Յարգելի՛ ընթերցող,

Լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները աւելիով խորացուցին ֆինանսատնտեսական տագնապը, որ բաւական ժամանակէ ի վեր կը դիմագրաւէ երկիրը։ Լիբանանեան թերթերը, որոնք արդէն կը կրէին այդ տագնապին հետեւանքները, ծանր կացութեան մատնուած են։ Ազդուած է թերթերու շուկան՝ յաւելեալ բարդ պայմաններ ստեղծելով մամուլի հաստատութիւններուն համար։ Այս բոլորէն անմասն չէ մնացած նաեւ «Ազդակ»-ը։

Յատկապէս ճգնաժամային այս օրերուն կը դիմենք ձեզի, որ աջակցութիւն բերէք մեր-ձեր թերթին։ «Ազդակ» կարիքը ունի իր իւրաքանչիւր ընթերցողի ներդրումին, նիւթական աջակցութեան։ Տրուած ըլլալով, որ երկիրը անդամալուծուած է եւ դրամատուները կը շարունակեն մնալ փակ, ձեր մասնակցութիւնը կրնաք կատարել western union-ի կամ moneygram-ի ճամբով։ Արտակարգ իրավիճակէն դուրս գալէ եւ դրամատուներու բնականոն գործունէութեան վերադարձէն ետք կը ծրագրենք «Ազդակ»-ի կայքին վրայ առցանց ուղղակի նուիրատուութեան դրութիւն ստեղծել։ Մինչ այդ, մեր առաջարկած ձեւով կը սպասենք ձեր մասնակցութեան։

Նիւթական իւրաքանչիւր կաթիլ այս օրերուն կը թեթեւցնէ մեր թերթին դէմ ծառացած տագնապին բեռը։

western union-ի կամ moneygram-ի ճամբով նուիրատուութիւն կատարելու համար նկատի ունենալ հետեւեալ հասցէն՝

Hrayr Fermanian
Aztag
Bourdj Hamoud, Lebanon

Tel +961 1 258526
+961 3 648916

Այն երկիրները, ուր առ ցանց կարելի է կատարել փոխանցումը կրնան այցելել westernunion.com կամ m oneygram.com կայքերը։

Միաժամանակ «Ազդակ»-ի հետեւեալ ե-նամակին գրել եւ իմացնել ուղարկուած գումարին մասին․ info@aztagdaily.com

Դժուար պայմանները յաղթահարելու համար կ՛ապաւինինք մեր ընթերցողներու աջակցութեան»։

https://www.civilnet.am/news/2019/10/29/Լիբանանի-«Ազդակ»-օրաթերթը-դիմում-է-ընթերցողների-օգնությանը/369555

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın