İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԼԻՑ ԶՐՈՅՑ

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երէկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ անդրադառնալով թրքահայ համայնքի հրատապ օրակարգի զանազան խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն։ Իսկապէս բովանդակալից զրոյց մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին նախարարը յստակ խօսեցաւ մեր համայնքի հետաքրքրութեան առարկայ զանազան նիւթերու մասին։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն սկսեալ, մինչեւ փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը՝ Սիւլէյման Սոյլու պարզեց իր մօտեցումները՝ միշտ դրական շեշտով մանրամասնութիւններ ընդգծելով։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագրին աշխատասենեակին մէջ սարքուած թէյասեղանին շուրջ համախմբուած ներկաները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին նախարարի արտայայտութիւնները։ Թէ՛ Արա Գօչունեան եւ թէ զրոյցի միւս մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան Սիւլէյման Սոյլուի կարծիքը շօշափելու մեր համայնքի օրակարգի առաջնահերթ հարցերուն եւ համապատասխան սպասումներուն կապակցութեամբ։

Մեր վաղուան թիւով թերթիս խմբագրին կողմէ պիտի ներկայացուի նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան երդիքին տակ տեղի ունեցած բովանդակալից զրոյցին սղագրութիւնը, որ լոյս պիտի սփռէ մեր հաւաքական օրակարգի հարցումներուն վրայ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-10-2019-բովանդակալից-զրոյց

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın