İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արամեան Սանուց Միութեան «Հայֆէստ»ը

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի ձօնուած «Հայֆէստ»ը որ կազմակերպուեցաւ Արամեան Սանուց Միութեան կողմէ բացումը կատարուեցավ թատերական ներկայացումով մը։ 11 Հոկտեմբեր Ուրբաթ գիշերը Արփի թատերախումբը «Թուլիկ» խորագրեալ հայերէն խաղով բեմ առին սրահիս մէջ։ 
12 Հոկտեմբեր Շաբաթ օրը ընդունեցինք Արամեան Ունճեան եւ Գալֆաեան Վարժարաններուն աշակերտները։ Շատ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ եւ տղաքն ու ծնողները բոլորուեցան սրահին մէջ։ Բացումը կատարուեցաւ յանուն Սանուց Միութեան Մարալ Էպէօղլու Սաթարի կողմէ։ Ան սկսելով ծառերուն եւ անտառներուն կարեւորութեան շարունակեց մագաղաթին  ու գլխաւորութեամբ Ս.Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ Պարթեւի ինչպէս բոլոր թարգմանիչ վարդապետներու գիւտին ու գործին կարեւորութեան մասին։ Այս առթիւ կազմակերպուած էին զանազան աշխատանոցներ հայոց լեզուով։ «Փոքրիկ»ին երկու հէքեաթներով՝ որոնք ներկայացուց Գարօլին Մամիկոնեան, սկսան աշխատանոցները։ Հոն ներկայ էին նաեւ ծնողները։ Միասնաբար ունկնդրելէ եւ լուսանկարուելէ յետոյ ծնողները գացին միութեանս «Կենաց ծառ» խմբակի կողմէ կատարուած յախճապակիի աշխատանոցը եւ տղաքը իրենց յարմար խմբակներով անցան խաղի, ներկի, գրական եւ շուտասելուկի աշխատանոցներուն։ Աշխատանոցները վարեցին Թանիա Հանչէր, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Աննա Սարը Սէչկին։ Լման օր կամաւոր աշխատեցան եւ օգնեցին Հայֆէստի գործունէութիւններուն ծնողներէն ոմանք եւ համայնքիս ծանօթ դէմքեր։ Նաեւ մանկանց գիրքերով ներկայ էր Արաս Հրատարակչութիւնը։ 
Գործունէութեան ընթացքին միութիւնս այցելելով օրհնութիւնները տուաւ Պատրիարքական Տեղապահ Սահակ Եպսկ Մաշալեան։ Ներկայ գտնուեցան Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ երէց Գրիգոր Քհնյ Տամատեան։ Սանուց Միութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու այցելուներուն ցոյց տուաւ աշխատանոցներն տեղեկացուց անոնց աշխատութիւններուն մասին։
«Հայֆէստ»ը վերջ գտաւ նոյն գիշեր Պարթեւին հաճելի տոհմիկ երգերով։ 

SEVAN ATAOĞLU
MUGSF, STV 95′

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın