İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Գարակէօզեան Վարժարանի 5-7րդ դասարաններու աշակերտները 10 Հոկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի միջօրէին ըստ նախապէս առնուած ժամադրութեան, այցելեցին Պատրիարքարան, գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին՝ Արուսեակ Գօչ Մօնէին եւ ուսուցիչներուն։

Քառասուն երկսեռ աշակերտ այցելեցին Պատրիարքարանի Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարան, առաջնորդութեամբ թանգարանի պատասխանատու Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։

Հետաքրքրական էր տեսնել հետաքրքիր այցելուները, որոնք տետրակ-մատիտ ի ձեռին շրջեցան սենեակները,տեղեկութիւններ ստացան ցուցադրուած գոյքերու մասին եւ հարցումներ ուղղեցին Պատրիարքարանի եւ թանգարանի մասին։

Հաճելի այցելութեան աւարտին բարձրացան դահլիճ, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

2019 KARAGOZYAN 2

Նորին Սրբազնութիւնը նախ բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն, ուրախութիւնը յայտնեց, որ անոնք կը գտնուին իրենց եւ ամբողջ համայնքի տան ու հոգեւոր կեդրոնին մէջ։ Ան, յիշեցուց իր մանկութեան դասագիրքի պատմուածքներէն մէկը եւ ըսաւ որ կարեւորը միշտ ամուր կպած մնալն է արմատներուն եւ իրենք եկած էին ծանօթանալու իրենց արմատներուն հետ։

Գարակէօզեանի սաներ հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Հօր, երգեցին Կոմիտաս Վարդապետի Հաբրբանը, արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, ապաստացան Նորին Սրբազնութեան օրհնութիւնը, Քրիստոնէական վարդապետութեան մասին հատոր մը եւ ԱրթիւրՊաղտասարեանի պատրաստած ձայնագրեալ երգարանը՝ Մեղեդին եւ այլ նուէրներ։

2019 karagozyan 3

Այցելութեան աւարտին, Գարակէօզեանի սաներ եւ իրենց ուսուցիչները, Տեղապահ Սրբազան Հօր եւ Բրշ. Վաղարշակ Սարկաւագի հետ,Պատրիարքարանի պատմական սանդուխներուն վրայ լուսանկարուեցան եւ ապա հրաժեշտ առին գոհ ու զուարթ տրամադրութեամբ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/գարակէօզեանի-սաներուն-թանգարան-այցե/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın