İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԻԱՁԱՅՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ գումարեց հերթական ժողովը։ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան նիստէն վերջ մանրամասնութիւններ տեղեկացուց համայնքային մամուլին։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ նկատի առած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ իրեն յղուած՝ պատրիարքական թեկնածուներու ցուցակը։ Յետ մանրամասն քննարկումներու՝ ժողովականները միաձայնութեամբ համաձայն գտնուած են, թէ այդ ցուցակի երեք սրբազաններն ալ կը բաւարարեն բոլոր չափանիշները եւ թեկնածութեան տեսակէտէ որեւէ արգելք չունին։ Այսպէսով պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան 24-րդ յօդուածը ամբողջութեամբ բաւարարուած եղաւ։ Եկեղեցական համագումարին կողմէ ճշդուած ցուցակի երեք սրբազանները Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ ընդունուեցան՝ որպէս պատրիարքական վերջնական թեկնածուներ։ Այս հանգամանքը գրաւոր ձեւով յանձնուեցաւ նաեւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նկատառման։ Այսպէսով հերթական անգամ վերահաստատուած եղաւ, թէ յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան թեկնածու պիտի ներկայանան՝ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։

Հաշուի առնելով, որ ընտրութեան թուականը կը մօտենայ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կանգ առաւ նաեւ թեքնիկ խնդիրներու վրայ։ Արդարեւ, ընտրութեան օրը իւրաքանչիւր ընտրատեղամաս համացանցային անխափան կապ պէտք է ունենայ Նախաձեռնարկ մարմնի կեդրոնական առցանց համակարգին հետ։ Թեքնիկ կաղացումները կանխելու առաջադրութեամբ՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ պաշտօնի կոչել տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու մասնագէտներ, որոնք կամաւոր աշխատանք պիտի տանին։ Ընտրութեան օրը իւրաքանչիւր ընտրատեղամասէ ներս նուազագոյն մէկ տեղեկատուութեան փորձագիտութեան մասնագէտ պիտի աշխատի եւ անհրաժեշտութեան պարագային առցանց կապը անխափան պահելու առաջադրութեամբ այդ մասնագէտները ի վիճակի պիտի ըլլան տեղւոյն վրայ միջամտութիւն կատարելու։ Նախաձեռնարկ մարմինը կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին ի մի բերել այդ մասնագէտները եւ համապատասխան պատրաստութիւնները յառաջ տանիլ։

Նախաձեռնարկ մարմինը պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը եւ մեր աւանդութիւնները հաշուի առնելով այս շրջանին հետամուտ է նաեւ իւրաքանչիւր ընտրատեղամասէ ներս ստեղծուելիք տեղական ընտրական մարմիններու եւ քուէատուփի վերահսկիչ մարմիններու ձեւաւորման գործընթացին։ Այս ուղղութեամբ հաւանական դժուարութիւնները կանխելու եւ թիւրիմացութիւններու տեղի չտալու համար՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կը պատրաստուի համապատասխան կանոններուն վերաբերեալ գրութիւններ ուղարկել մեր եկեղեցիներուն, որոնց իւրաքանչիւրը արդէն ընտրատեղամաս մը կը համարուի։

Մինչ այդ, երէկուան ժողովին ընթացքին Կարպիս Տուրասլան հրաժարած է Նախաձեռնարկ մարմնէն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-10-2019-միաձայն-հաւանութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın