İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԸ ՓԱԽՑՈՒՑԻՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ ստեղծուած է հետաքրքրական իրավիճակ մը։ Թէեւ պետութեան կողմէ կանոնադրութիւնը ուղարկուած է, սակայն այս կանոնադրութեան ժխտական կամ դրական կողմերուն վերաբերեալ մօտեցումները աստիճանաբար կարծես սկսած են անորոշութեան մը հարթութեան վրայ տեղափոխել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Այս իրավիճակը, բնականաբար, մեր համայնքին տեսակէտէ թէ՛ մտահոգիչ է եւ թէ անհանգստացուցիչ։ Ամբողջ համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Նախաձեռնարկ մարմնի երէկ երեկոյեան գումարելիք հերթական ժողովին վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, պետութեան կողմէ սպասուած կանոնադրութիւնը հասած էր շաբաթ մը առաջ։ Նախաձեռնարկ մարմինը այդ օրուան ժողովին դիրքորոշում մը չէր արտայայտած կանոնադրութեան մասին եւ յաջորդող օրերուն գումարած էր արտահերթ նիստ մը։ Այդ ժողովին ժամանակ ալ Նախաձեռնարկ մարմինը չյաջողեցաւ վերջնական դիրքորոշում մը արտայայտել եւ որոշումը յետաձգեց երէկուան հերթական ժողովին։ Ընթացքին իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան հրաժարած էր Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն։ Ամբողջ համայնքը կ՚ակնկալէր, որ երէկ երեկոյեան Նախաձեռնարկ մարմինը այլեւս պիտի տար իր վերջնական որոշումը եւ այս գործընթացին շարունակութիւնը պիտի յստակենար։ Բայց եւ այնպէս, ուշ գիշերուան ժամերուն արդէն Գումգաբուէն հասած լուրերը եկան վկայել, թէ Նախաձեռնարկ մարմինը դարձեալ ժամանակ կը պահանջէր եւ երէկ ալ չէր յաջողած հրապարակել իր վերջնական որոշումը։ Բառին բուն իմաստով այս գործին համը փախիլ սկսած է, որովհետեւ Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման պատասխանատու մարմինն է, լիազօրուած է ամբողջ համայնքին կողմէ, սակայն այդքանով հանդերձ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան պարագային չի յաջողիր յստակ դիրքորոշում մը արտայայտել եւ մեր ժողովուրդին առջեւ դնել յստակ օրակարգ մը։ Արտասահմանեան թեկնածուներու պարագային դրուած սահմանափակումի խնդիրը, պարզ է, որ մեր համայնքին տեսակէտէ որոշ չափով ցաւալի խնդիր մըն է։ Սա թէեւ ընդունելի է, սակայն անկարելի է այս հարցը պատրուակել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը ընդհանրապէս կաթ-ւածահար ըլլալու ռիսքին առջեւ թողելու տեսակէտէ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի բնականոն ընթացքը խափանելու տեսակէտէ որեւէ արդարացում անկարելի է գտնել եւ այս ճանապարհին վրայ հիմնական պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Նախաձեռնարկ մարմնին։ Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած 11-րդ հերթական նիստի աւարտին Նախաձեռնարկ մարմնի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ որոշած են յառաջիկայ հինգշաբթի յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպել համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը եւ այլեւս այդ խորհրդակցութեան լոյսին տակ հասնիլ վերջնական եզրակացութեան մը։ Պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը այդ լայնախարիսխ հաւաքոյթի ընթացքին պիտի քննարկուի՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Կրօնական ժողովի անդամներն ալ պիտի մասնակցին այդ ժողովին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքային եւ թաղային մարմիններուն, մատակարար մարմիններուն ատենապետները կամ ներկայացուցիչ լիազօր  անդամները։ Սա այն ձեւաչափն է, որով արդէն կազմուած էր Նախաձեռնարկ մարմինը։ Այժմ, ըստ երեւոյթին, Նախաձեռնարկ մարմինը կ՚ուզէ կանոնադրութիւնը ընդունելու կամ չընդունելու ճանապարհին ունենալ հաւանութիւնը այն ձեւաչափին, որ զինքը լիազօրած է, որ զինքը պաշտօնի կոչած է պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպելու համար։ Նախաձեռնարկ մարմնի այս վերջին նախաձեռնութեան կամ այս վերջին պահանջին տրամաբանութիւնն ալ ըստ երեւոյթին կարելի է այս ձեւով բացատրել։ Այլեւս կը սիրենք յուսալ, որ հինգշաբթի օրուան ժողովէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը ա՛լ աւելի կշիռով պիտի վերաբերուի այս խնդրին նկատմամբ եւ տրամաբանական սահմաններէ դուրս առանց յորդեցնելու յարմար ժամկէտով պիտի հրապարակէ իր մօտեցումը կանոնադրութեան եւ ընդհանրապէս պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի շարունակութեան կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի նիստ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ ժողովական հայրերը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը եւ համայնքին պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խորհրդակցեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ միւս ժողովական հայրերուն հետ։ Ընդհանուր առմամբ ժողովական հայրերը յարմար դատեցին այս փուլին սպասել Նախաձեռնարկ մարմնի կողմէ արտայայտուելիք վերջնական դիրքորոշումին, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ կարելի ըլլայ հնարաւորինս երաշխաւորել համայնքին ներքին ներդաշնակութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F1-10-2019-համը-փախցուցին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın