İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԴԵՐԸ ՄԱՐԴՍ ԴԷՊԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՆ Է»

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցերուն կը պատասխանէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագ եպիսկոպոսներէն, երկար տարիներ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմը հովուած եւ ներկայիս Վատիկանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

-Աստուած օգնական սրբազան հայր: Կ՚ուզէինք իմանալ Ձեր նոր առաքելութեան մասին, ինչպէս գիտենք, երկար տարիներ ձեռնահասօրէն հովուած էք Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը ու կարեւոր ներկայութիւն եղած էք առհասարակ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսօր կը վարէք բոլորովին վերջերս հաստատուած պաշտօն մը, որն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հռոմի եւ Վատիկանի մօտ յատուկ պատուիրակի պաշտօնը։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք ձեր նոր առաքելութիւնը, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Հռոմը կը համարուի Կաթոլիկ աշխարհի սիրտը եւ այդ քաղաքը զանազան առումներով ալ ունի իւրայատուկ դեր եւ նշանակութիւն, նամանաւանդ ներքրիստոնէական յարաբերութիւններու տեսակէտէն:

-Արդէն մէկ տարի եղաւ որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի որոշումով նշանակուեցայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Վատիկանի մօտ եւ նաեւ հայրապետական պատուիրակ արեւմտեան Եւրոպայի: Ինձ համար հաճելի պատասխանատուութիւն կամ առաքելութիւն է այդ նշանակումը այն իմաստով, որ ես արդէն անցնող 25-30 տարիներու ընթացքին, Վատիկանի հետ Հայ Եկեղեցւոյ կապերը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ ալ եղած եմ: Այդ առումով ալ ուղենշային եղած են երկու պապերու Հայաստան այցելութիւններու կազմակերպումը, հանգուցեալ երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Վեհափառի, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Հռոմ այցելութիւններու կազմակերպումը, 2015 թուականին Վատիկանի մէջ մատուցուած պատմական Սուրբ Պատարագը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի տեղադրումը՝ Վատիկանի մէջ: Այնպէս որ այդ առաքելութիւնները կային: Բայց ես քսանութ տարիներ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի մէջ ծառայելէ ետք, որ ինձ համար շատ հաճելի ծառայութիւն էր, խորհեցայ որ փոփոխութիւնը լաւ է թէ՛ թեմին համար եւ թէ ինձ համար, այնպէս որ խնդրանք ներկայացուցի Վեհափառ Հայրապետին, եւ շնորհակալ եմ Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդունեց իմ խնդրանքը: Ուրեմն հիմնական իմ առաքելութիւնը այն է, որ Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ առկայ կապերը աւելի խորացնել, աւելի ամրացնել: Նաեւ կազմակերպել արեւմտեան Եւրոպայի այն շրջանները, ուր թեմական կառոյցներ չկան, օրինակի համար՝ Հոլանտա, Պելժիա, Սպանիա, Փորթուգալ, նոյնիսկ Իտալիա, ուր այսօր բաւական մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին: Անշուշտ ժամանակին գաղթողներ եղած էին Պելժիա, Հոլանտա եւ Իտալիա, բայց վերջին քսանհինգ տարիներուն դժբախտաբար Միջին Արեւելքի քաղաքական վիճակի պատճառով, մեծ թիւով հայեր, ըլլայ մասնաւորապէս Իրաքէն ու Սուրիայէն, Եւրոպա գաղթեցին։ Վերջին քսան տարիներուն նաեւ Հայաստանէն ահագին հայեր գաղթեցին եւ տակաւին ալ կը գաղթեն: Օրինակ՝ Սպանիոյ մէջ այսօր ունինք մօտաւորապէս 35000-40000 հայեր՝ Պարսելոնա, Մատրիտ, Վալենսիա, Մալակա: Անշուշտ նոր կազմաւորուող այս համայնքներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ հայաստանցիներէ։

-Սրբազան հայր, ձեր նշած քաղաքներուն մէջ եկեղեցիներ ունի՞նք։

-Եկեղեցի, որպէս շէնք ու կառոյց չունինք. Մատրիտի մէջ հոգեւորական ունինք, իսկ Պարսելոնայի մէջ՝ եկեղեցական խորհուրդ. թէեւ եկեղեցի չունինք, բայց կ՚օգտագործենք կաթողիկէ եկեղիցիներ, եւ այնտեղի կարտինալները մեզի հանդէպ շատ բարեացակամ են: Վերջերս ես այցելութիւն տուի Մատրիտի եւ Պարսելոնայի երկու կարտինալներուն եւ ընդհանուր վիճակին մասին քննարկումներ ունեցանք։

-Սրբազան հայր, այդ քաղաքներու եկեղեցիները Վատիկանի հովանաւորութեան տակ կը գործե՞ն։

-Այո՛, Կաթողիկէ եկեղեցին թեմեր ունի, եւ հովուապետութիւնը վստահուած է Վատիկանի կողմէ նշանակուած կարտինալներու։ Ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ Հայ Եկեղեցին այնքան ալ լաւ կազմակերպուած չէ, ուրեմն իմ աշխատանքը պիտի ըլլայ կազմակերպել. առաջին հերթին ծխական կանոնադրութիւն ստեղծել, որպէսզի յստակ ըլլայ իւրաքանչիւր անձի պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնը, որպէսզի համայնքները արագ թափով կազմակերպուին։ Անշուշտ պէտք է կայացուին թեմական ընտրութիններ, որոնց պիտի մասնակցի մեր ժողովուրդը։ Ինչպէս գիտէք, մեր եկեղեցին պատմութեան ընդմէջէն ալ միշտ ժողովրդավար եղած է, կղերապետական չէ եղած, այսինքն հոգեւորական եւ աշխարհական միատեղ համագործակցելով Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակական կերպով պահելու կոչուած են։ Կարեւոր է նաեւ թափանցիկութիւնը, այսինքն ի՞նչ գումարներ կամ նուիրատուութիւններ կը հաւաքուին, ի՞նչ բանի կը ծախսուին, նաեւ անոր հաշուետուութիւնը տրուի ժողովուրդին, որպէսզի մարդիկ գիտնան եւ յստակ ըլլայ, ըսի ըսաւներ ու ենթադրութիւններ չըլլան: Նաեւ հոգեւորականներ պատրաստելը, ես խօսեցայ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի կարտինալներուն հետ, իրենք պատրաստ են ճեմարաններէն ներս երիտասարդ աբեղաներ կամ վարդապետներ ընդունիլ, որպէսզի ուսանին, լեզուն սորվին, եւ ծառայեն համայնքէն ներս: Նոյնն ալ Պելժիա եւ Հոլանտա, այդ համայնքները քիչ մը աւելի լաւ կազմակերպուած են, մասնաւորաբար Հոլանտան, ուր արդէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ուղեցոյցին համաձայն, կանոնադրութիւն պիտի ընդունուի: Իմ առաքելութիւնը այն է, որ ապագային այդ համայնքները՝ Հոլանտան, Պելժիան վերածուին նաեւ թեմերու, ունենան իրենց թեմական կառոյցը, թեմական առաջնորդը, որովհետեւ որքան Հայ Եկեղեցին լաւ կազմակերպուած ըլլայ համանքներէն ներս, մանաւանդ արտասահմանի մէջ, այնքան աւելի ապահովուած կ՚ըլլանք ոչ միայն հոգեւոր իմաստով, այլ նաեւ ազգային իմաստով ու այդպէսով ապահոված կ՚ըլլանք մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը:

-Սրբազան հայր, վերջին տարիներուն եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ երեւոյթ մը երեւան եկաւ, երբ մարդիկ սկսան առանց յստակ հանգամանք կամ պաշտօն մ՚ունենալու, էութենական հարցեր հնչեցնել, տեղի-անտեղի քննադատութիւններ կատարել եւ հանրութեան ներկայանալ, իբրեւ մեր եկեղեցւոյ հարցերով մտահոգ մարդիկ։ Այդ բոլորէն անդին, յաճախ հնչեցին խօսքեր, ընդհուպ մինչեւ գռեհկութիւն պարունակող գնահատականներ, որոնց միակ ուղենիշն այն էր, որ մեր եկեղեցին այսօր կարիքն ունի բարենորոգման։ Որքանո՞վ կը բաժնէք այդ մօտեցումը եւ դուք, որպէս մեր եկեղեցւոյ ազդեցիկ ատեաններէն մէկուն՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ, արդեօք այս երկու տարուան ընթացքին որեւէ վերլուծումի հարցադրումի, կամ մտորումի պահանջք զգացի՞ք:

-Բնականաբար Եկեղեցին իր առաքելութիւնը ունի եւ հիմնական առաքելութիւնը, ամէն մէկ մարդը, անձը դէպի Աստուած առաջնորդելն, ու Աստուածային պատկերը, որուն համաձայն մարդ արարածը ստեղծուած է, մարդու կեանքէն ներս վերադարձնելն է: Աստուածային հիմնական առաքելութեան, մենք փրկագործութեան խորհուրդ կ՚ըսենք։ Այլ խօսքով Աստուծոյ պատկերը, որուն համաձայն մենք ստեղծուած ենք, բայց մեր ազատ կամքով ալ այդ պատկերէն հեռացած ենք, ու այդ առաքելութեամբ ալ Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ, որպէսզի մեզի ոչ թէ միայն խօսքով, այլ իր կեանքով ալ ցոյց տայ, թէ մենք ինչպէս կրնանք վերադարձնել մեր մէջ Աստուածային պատկերը… Հետեւաբար այս է Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ այս է Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Այս հիմնական առաքելութեան հիման վրայ, ամէն եկեղեցի ինչպէս եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, իր գեղեցիկ աւանդութիւններով, իր շարականներով, աղօթքներով, հայրերու գրութիւններով, ծէսերով, եւ այլն եւ այլն, գոյացած է դարերու ընթացքին, որպէսզի այդ առաքելութիւնը իրականացնէ: Բնականաբար ժամանակի ընթացքին կեանքը կը փոխուի, Քրիստոսի ժամանակ աշխարհ տարբեր էր այսօր տարբեր է. Քրիստոս իր ժամանակուայ միջոցները օգտագործեց իր առաքելութիւնը իրականացնելու համար, այսինքն առակներով իր պատգամը փոխանցեց. այդ օրուայ մարդուն հոգեբանութեան հասնող կամ մարդուն ընդունելի եւ հասկնալի առակներով։ Այդ մօտեցումները մեթոտներ են, մօտեցումներ են, որոնք կրնան փոխուիլ, սակայն առաքելութիւնը նոյնն է ու նոյնը կը մնայ։ Ժամանակի ընթացքին աշխարհ կը փոխուի, օրինակի համար, հարիւր տարի առաջ կամ նոյնիսկ քսանհինգ տարի առաջ աշխարհ տարբեր էր, այսօր տարբեր է, հետեւաբար այդ փոփոխութեան հետ ոչ թէ Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն ու աւանդութիւնները պէտք է փոխուին, այլ մօտեցումները. օրինակ՝ հիմա նոր մօտեցումներ որդեգրուած են, համացանց եւ կամ այլ, որոնցմով երբեմն կարելի է հազարաւոր մարդոց հասնիլ, քան թէ թուղթով կամ քարոզով խօսիլ։ Այսօր մարդիկ երկա՜ր գրութիւններ չեն կարդար (աւելի հակիրճ) այսինքն հիմնական ըսելիքս այն է, որ աշխարհ կը փոխուի եւ այդ փոփոխութեան հետ, մենք ալ մեր մօտեցումները պէտք է վերանայինք ու փոխենք, մեր հիմնական առաքելութիւնը իրականացնելու համար: Պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցին այդ ըրած է, ժողովներ ունեցած է եւ ժողովներու ընթացքին Եկեղեցւոյ վիճակը քննարկած է։ Այդ քննարկումներու հիման վրայ միշտ վերափոխումներ կամ փոփոխութիւններ եղած են։ Այդ մասին անցեալ դարուն մեր բարձրաստիճան ծանօթ հոգեւորականները նոյնիսկ յօդուածներ գրած են, որ ինչպէս կարելի է Հայ Եկեղեցին այժմէականցնել։ Այսօր ալ այդ մտահոգութիւնը եւ այդ խօսակցութիւնը կայ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին մէջ հիմա Ազգային-եկեղացական ժողովի պատրաստութիւն կը տեսնուի եւ այդ Ազգային-եկեղեցական ժողովի ընթացքին կանոնադրութիւններ պիտի վաւերացուին, այսինքն Ազգային-եկեղեցական ժողովի, Ներկայացուցչական ժողովի, Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողովի. նաեւ թեմական կանոնադրութեան նախագծի նիւթեր պիտի վաւերացուին, որպէսզի կանոնական ու յստակ վիճակ ունենայ Հայ Եկեղեցին։ Չմոռնանք, որ անցնող երեսուն-քառասուն տարիներու շրջանին շարք մը թեմերու պարագային անյստակութիւն կար, ու այսօր կան նաեւ թեմեր, որոնք անցեալին գոյութիւն չունէին։ Բարեբախտաբար Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի համաձայնութեամբ ու նաեւ Ներկայացուցչական ժողովի վաւերացումով, կանոնադրութիւններ պատրաստուեցան եւ Ազգային ժողովը այդ կանոնադրութիւնները պիտի վաւերացնէ: Այդ ժողովի ընթացքին նաեւ պիտի անդրադառնանք, որ ի՛նչ կարելի է ընել աւելի հզօր դարձնելու համար մեր եկեղեցին։ Անշուշտ այս բոլորի կողքին կան որոշակի ու կարեւոր թեմաներ, որոնք նոյնպէս պիտի քննարկուին. օրինակի համար, հոգեւորականներու պատրաստութեան խնդիրը, քրիստոնէական դաստիարակութեան նոր մեթոտները եւ այլ հարցեր։ Այս բոլորով հանդերձ, մենք նաեւ պէտք է ընկալենք ու գիտակցինք, թէ Հայ Եկեղեցին իր առաքելութեամբ ու իր հաւատքով նոյնն է, բայց ունի տարբեր գոյներ։ Օրինակ՝ Հայաստանի մէջ մտածողութիւնը տարբեր է, Սուրիոյ մէջ տարբեր է, Հալէպի մէջ տարբեր է, Պէյրութի մէջ տարբեր է, հակառակ անոր որ այս քաղաքները կը համարուին նոյն աշխարհագրական գօտիին մէջ գտնուող քաղաքներ։ Նոյնը կարելի է ըսել Ամերիկայի պարագային, ուր Արեւելեան շրջանի մտածողութիւնը տարբեր է Արեւմտեան շրջանէն. Եւրոպայի մէջ նոյնպէս, ուր Ֆրանսա, Իտալիա կամ այլ երկիրներ մեր ժողովուրդի մտածողութիւնը տարբեր է։ Տարբեր է, որովհետեւ հայեր տարբեր երկիրներու մէջ ապրելով բնականաբար ազդեցութիւններու տակ են, տարբեր հոգեբանութեան մէջ են, եւ այդ մէկը պէտք է հաշուի առնել։ Ճիշդ է, որ Հայ Եկեղեցին ունի տարբեր գոյներ, բայց առաքելութիւնը նոյնն է, եւ այդ առաքելութիւնը իրականցնելու համար պէտք է շատ ճկուն կերպով շարժիլ, ոչ թէ աւանդութիւնը պահել՝ աւանդութիւնը պահելու համար: Երբ մենք իբրեւ Հայ Եկեղեցի չենք կրնար հայ մարդը Աստուծոյ մօտեցնել, կամ Աստուծոյ պատկերը հայ մարդու կեանքէն ներս վերադարձնել, ապա այդ առաքելութեան մէջ մենք արդէն ձախողած կ՚ըլլանք։

Եկեղեցին ժողովուրդն է, Եկեղեցին ո՛չ սրբազանն է ոչ ալ քահանան է, մենք ծառաներ ու սպասաւորներ ենք։ Ան որ Հայ Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ մկրտուած է, Հայ Եկեղեցւոյ մարմնին ընտանիքին մասն է, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. Եկեղեցին մարմին է, որուն գլուխը Քրիստոսն է եւ մարմինը ունի տարբեր մասեր. աչք, քիթ, բերան, ձեռք, եւ ամէն մէկը կարեւոր է, չեմ կրնար ըսել իմ մատս աւելի կարեւոր է քան ականջս, ամէն մէկը իր դերը ունի կատարելիք, որպէսզի մարմինը առողջ ըլլայ։ Հետեւաբար Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, այն որ մկրտուած է, կարեւոր է, ընելիք գործ ունի, դեր ունի, որպէսզի մարմինը՝ Հայ Եկեղեցին առողջ ըլլայ եւ իր առաքելութիւնը պահէ շարունակական կերպով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 •շար. 1

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/28-09-2019-«մեր-եկեղեցիին-հիմնական-դերը-մարդս-դէպի-աստուած-առաջնորդելն-է»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın