İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ»

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օրէնքն ու իրաւունքները հիմնուած են մեր կեանքն ու առօրեան առաւել անվտանգ ու ապահով դարձնելու համար։ Երբեւէ խորհած էք, թէ ինչո՞ւ կը գրուին օրէնքներ եւ արդեօք այդ օրէնքները մեզ որմէ՞ կամ ի՞նչ բանէ կը պաշտպանեն։ Այո՛, ճիշդ էք. մեր յօրինած օրէնքները կը պաշտպանեն մեզ՝ մեզմէ։

Ինչպէս՝ պետութիւնները, օրէնքները նոյնպէս ունին չափ ու սահման, որոնք խախտողները կ՚ենթարկուին օրէնսդրութեամբ սահմանուած պատիժի։

Բաց աստի, ակամայ կը թուի, թէ մարդկութիւնը՝ օրէնքներու եւ իրաւունքներու առջեւ պէտք է գլուխ խոնարհի, քանի որ անոնք մեր անվտանգ ու ապահով կեանքի գլխաւոր երաշխիքներն են։ Սակայն եկուր ու տես, թէ իրականութիւնը այլ է։ Ամէն մարդ չէ, որ կը յարգէ օրէնքը եւ կը փորձէ ապրիլ օրինապահ։ Նմանատիպ մտայնութիւն ունեցողները կը փորձեն ամէն կերպով շրջանցել օրէնքը։ Ոմանք ալ՝ անտեղեակ օրէնքներէն ու իրենց իրաւունքներէն, յաճախ օրինազանց կ՚ըլլան եւ կամ չեն կրնար յաւուր պատշաճի օգտուիլ անոնց ընձեռած հնարաւորութիւններէն…

Առիթով մը Հենրի Շոու ըսած էր. «Իւրաքանչիւր ոք պէտք է, որոշ չափով գիտնայ օրէնքներ։ Իսկ եթէ ան օրէնքները բաւականաչափ գիտէ, որպէսզի չյայտնուի անոր ճիրաններուն մէջ, ուրեմն այդ մարդը կրնայ ըլլալ լաւ փաստաբան»։

Վստահաբար իմ զրուցակիցը, նոր սերունդէ յայտնի իրաւաբան՝ Առէն Տատըրօղլուն ընտրելով փաստաբանի մասնագիտութիւնը հետեւած է Հենրի Շոուի խորհուրդին։

Եւ այսպէս, Առէն Տատըրօղլու ծնած է 3 փետրուար 1994 թուականին՝ Պոլիս։ Իր ծնողներու արմատները մօր կողմէ կը հասնի Մալաթիա, իսկ հօր կողմէ՝ Եոզղատ։ Երիտասարդ փաստաբանը ընտանիքի միակ զաւակն է։ Ան աւարտած է Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է «Քատիր Հաս» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժնին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան առընթեր աշխատակցած է «Ակօս» շաբաթաթերթին։

Ուսումնական երկրորդ տարեշրջանի աւարտին, ըստ սահմանուած կարգի՝ անհրաժեշտ էր ձեռք բերած իրաւաբանական գիտելիքները տեսական դաշտէ փոխադրել գործնականի։ Այդ առաջնային փորձառութիւնը Առէն Տատըրօղլու երկու տարի շարունակ կուտակեց՝ փաստաբան Էօմէր Քանթիքի գրասենեակին մէջ։ Բաց աստի, ըստ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան՝ լիարժէք իրաւաբան դառնալու համար նախապայման է՝ վեցական ամիս սթաժի անցնիլ։ Այս բոլոր փուլերը յաջողութեամբ յաղթահարելէ վերջ, պարոն Տատըրօղլուն նուաճեց փաստաբանի կոչում եւ այսօր իր նախընտրելի մասնագիտութեամբ կ՚աշխատի համբաւաւոր իրաւաբանական գրասենեակի մը մէջ. չանտեսելով նաեւ թրքահայ համայնքի խնդիրները։ Իսկ ներկայիս մագիստրոսական աստիճանի բարձրանալու համար կ՚ուսանի «Պահչէշեհիր» համալսարանին մէջ։

Ուրեմն անցնինք մեր զրոյցին։

-Ինչո՞ւ ընտրեցիք փաստաբանի մասնագիտութիւնը։

-Իմ մանկութեան երազն էր դառնալ փաստաբան։ Երբ դպրոցէն շրջանաւարտ եղայ, քննութեան ատեն նախընտրեցի երեք համալսարան՝ բոլորին ալ իրաւագիտութեան բաժինները։

Թէ ինչո՞ւ իրաւագիտութիւն, որովհետեւ ան զգալի է իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ։ Վստահ եմ, թէ ես ընտրած եմ ճիշդ ասպարէզ մը, քանզի այս ոլորտին մէջ ինքզինքս կը զգամ շատ երջանիկ։

-Ո՞վ է փաստաբանը։

-Փաստաբանը՝ դժուար, անելանելի կացութեան մէջ յայտուած մարդուն ձեռք երկարող, անոր իրաւունքները յաւուր պատշաճի պաշտպանող անձն է։

-Կարո՞ղ էք մանրամասնել ձեր կատարած աշխատանքը։

-Այժմ ես որպէս փաստաբան կ՚աշխատիմ «Elbeyoğlu Hukuk» մասնաւոր իրաւաբանական գրասենեակին մէջ։ Մեր համայնքին քաջածանօթ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի գրասենեակը մեծաւ մասամբ կը զբաղի կալուածներու իրաւաբանական խնդիրներով։

Գործի մէջ ես յաճախ կ՚աշխատիմ զանազան իրաւաբանական փաստաթուղթերու վրայ. օրինակ՝ նամակներ, դիմումներ, պայմանագրեր եւ այլն։

-Որո՞նք են ներկայիս մեր համայնքի հրատապ խնդիրները։

-Մեր համայնքը ունի բազում խնդիրներ, որոնցմէ առաջնայինը՝ պատրիարքական ընտրութիւնն է։

Աւելի քան տասը տարի առաջ երջանկայիշատակ պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը անդարմանելի հիւանդացաւ։ Իր մահէն վերջ այլեւս անխուսափելի է նոր պատրիարքի ընտրութիւնը։ Այս հարցը կը զբաղեցնէ մեր համայնքային օրակարգի առաջին սանդղակը։ Այլեւս քայլ առ քայլ կը մօտենանք պատրիարքական ընտրութեան։ Յուսամ, ի վերջոյ՝ մեր կարգ ու կանոնին համապատասխան պատրիարք մը պիտի ընտրենք։

-Մեր համայնքին մէջ այսօր ինչպիսի՞ իրաւաբանական հարցեր կան։

-Պատրիարքական ընտրութիւնը նոյնպէս իրաւաբանական երեսակ ունի։ Սակայն նոյնքան կարեւոր են համայնքային հաստատութիւններու, մարմիններու թաղականներու, խնամակալներու ընտրութեան հարցերը։ Քանի մը տարի առաջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը բարեփոխումներ կատարելու նպատակաւ՝ առկախեց ընտրութիւններու աւանդական կարգը։ Այսքան տարի անցաւ՝ տակաւին ոչ մէկ փոփոխութիւն, ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ սայլը տեղէն չէ շարժած։ Այդ պատճառաւ՝ մեր հաստատութիւնները ի վիճակի չեն կատարելու ընտրութիւն։ Արդէն երկար ժամանակ անցած է, քանի կ՚անցնին տարիները, պէտք է սերնդափոխութիւն կատարուի։ Նոր գաղափարներով, նոր ուժ ու եռանդով պէտք է զինուինք, սակայն, աւա՜ղ, չենք յաջողիր, որովհետեւ իրաւունք չունինք ինքնակամ գործել։ Գոյութիւն ունի օրէնք, մենք ալ պարտաւոր ենք յարգելու։

Ահաւասիկ, մեր համայնքի երկու հրատապ հարցերը, որոնք անյապաղ լուծման կը սպասեն։ Մնացեալ խնդիրները երկրորդական են։ Մեր համայնքի մէջ կրնանք բարեփոխումներ իրականացնել միմիայն այս երկու կարեւորագոյն խնդիրներուն լուծումը գտնելէ վերջ։ Ասոնք են մեր բանալիները։ Եւ միմիայն այդ բանալիներով դուռը բանալէ ետք կրնանք վերանորոգութիւն մը ընել։ Այսինքն մեր համայնքի ներկայ վիճակը կրնանք նմանցնել վերանորոգութեան կարօտ յարկաբաժնի մը, սակայն այնտեղ մտնելու համար մեզի անհրաժեշտ է բանալին, որ այժմ մեր ձեռքը չէ։ Պէտք է համբերենք, որպէսզի այդքան սպասուած բանալիներուն տիրանանք։

-Իսկ այժմ ընդհանրապէս ի՞նչ վիճակի են մեր համայնքապատկան կալուածները։

-Նշեմ, որ մենք մեր բոլոր ազգային հաստատութիւնները ժառանգած ենք Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն։

1935 թուականին ընդունուեցաւ Վաքըֆներու օրէնքը։ Աւելի վերջ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը 1936 թուականին տնօրինեց, որ բոլոր փոքրամասնական հաստատութիւնները ներկայացնեն յայտարարագրեր՝ կազմելով իրենց կալուածոց ցուցակը։ Այնուհետեւ 1970-ական թուականներուն Վճռաբեկ դատարանի որոշմամբ՝ փոքրամասնական հաստատութիւնները զրկուեցան 1936 թուականի յայտարարագրերուն մէջ արձանագրուածներէ դուրս կալուածներ ձեռք բերելու իրաւունքէն։ 1936 թուականէն վերջ մեր հաստատութիւններու կտակուած կալ-ւածներու սեփականութեան իրաւունքն ալ հարցականի տակ առնուեցաւ։

Բարեբախտաբար, 2008 թուականին Վաքըֆներու օրէնքը բարեփոխուեցաւ, ինչ որ նոր հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէր փոքրամասնութիւններու առգրաւուած կալւածներու սեփականութեան իրաւունքի վերադարձին։

Հակիրճ բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս կ՚ընթանայ այս գործը։ Ուրեմն, փոքրամասնական հաստատութիւնները կը դիմեն Անգարա՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւն։ Այս վերջինը կրնայ ընդունիլ կամ մերժել դիմումը։ Մերժումի պարագային պէտք է դիմել դատարան եւ օրինական ճանապարհով վերաձեռքբերել սեփականութեան իրաւունքը։ Արդարեւ, մեր համայնքը երկարատեւ դատական գործընթացներու միջոցաւ յաջողեցաւ վերատիրանալ շարք մը կալուածներու. օրինակ՝ Դպրեվանքին, Օրթագիւղին պատկանող որոշ տարածքներ եւ այլն։ Սակայն, կալուածները մեծաւ մասամբ տակաւին առգրաւուած են։ Ցայսօր մենք կրցած ենք վերատիրանալ առգրաւուած համայնքապատկան տարածքներու հազիւ տասն տոկոսին։

-Մեր համայնքը այսօր բաւարար չափով համախմբուա՞ծ է։ Ընդհանուր առմամբ ինչպէ՞ս կը գնահատէք համայնքին վիճակը։

-Ըստ իս, մեր համայնքը միասնականութեան բացակայութեան պատճառաւ համախմբուած չէ։ Ան թէեւ յառաջանալու, զարգանալու համար ունի բաւարար միջոցներ, սակայն միասնականութեան բացակայութիւնը կը խոչընդոտէ ամէն ինչ։ Կարգ մը հաստատութիւններ չունին նիւթական խնդիրներ, որոշներն ալ դժուարութեամբ կը դիմագրաւեն նիւթական ծանր բեռը։ Եթէ տարբեր հնարաւորութիւններով հանդերձ բոլոր հաստատութիւնները կամք դրսեւորէին հովանոցի մը տակ համախմբուելու, ապա խնդիրներու դիմագրաւումը կը դիւրանար եւ զարգացում կ՚ըլլար։ Սակայն դժբախտաբար սա տակաւին լոկ բաղձանք մըն է։

Մեր համայնքը յառաջընթացի հնարաւորութիւնները մսխելով օրէ օր կը կորսնցնէ իր երիտասարդութիւնը։ Աւա՜ղ, մեր երիտասարդութիւնը այսօր հեռու կը մնայ համայնքէն, քանզի համայնքը որեւէ կապով զայն չի հրապուրեր։ Այսինքն համայնքը անոնց բան մը չէր տուած, որ ետ պահանջէ։

-Մեր համայնքի անդամները արդեօք որքա՞ն տեղեակ են իրենց իրաւունքներէն։

-Պէտք է խոստովանիլ, որ մեր համայնքի անդամները բաւականաչափ տեղեակ չեն իրենց իրաւունքներուն։

-Ինչպէ՞ս կը նախընտրէք կազմակերպել ձեր հանգիստը։

-Կը տարբերի։ Երբեմն կը հանգչիմ կարդալով, թենիս խաղալով։ Երբեմն ալ ընկերներուս հետ լաւ ժամանակ անցընելով։

-Հայաստան այցելա՞ծ էք։

-Ի հարկէ, երկու անգամ։ Առաջին անգամ, կարծեմ 2014 թուականին տասնօրեայ զբօսաշրջային խումբով այցելեցի։ Այդ այցելութեան ընթացքին պտըտեցանք Հայաստանի տեսարժան վայրերը, եկեղեցիներն ու թանգարանները։ Երկրորդ անգամ ալ մասնակցեցայ Հայաստանի մէջ՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ կազմակերպուած միջազգային ծրագրի մը։ Շատ հետաքրքրական ծրագիր մըն էր այս մէկը, որու շրջանակներէն ներս մէկուկէս ամսուան մէջ թէ՛ կը պտըտիս, թէ կ՚աշխատիս հայրենիքի սահմաններէն ներս։ Ես ալ այնտեղ միջազգային իրաւաբանական գրասենեակի մը մէջ աշխատեցայ։

-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծանուն հայը։

-Գրիգոր Զօհրապը, որ նշանաւոր գրող մը ըլլալէ զատ, նաեւ լաւ փաստաբան մըն էր։ Աշխարհահռչակ ֆութպոլէօր Հենրիխ Մխիթարեանը, համբաւաւոր թենիսի վարպետներ՝ Դաւիթ Նալպանտեանը, Անտրէ Աղասին, Կարէն Քաջանովը։

-Ո՞րն է Հայաստանի մէջ ձեզ հրապուրած վայրը։

-Շատ սիրեցի Տաթեւի վանքը, որ խորապէս տպաւորեց զիս։

-Ի՞նչ կարդալ կը նախընտրէք։

-Մեծաւ մասամբ կը կարդամ պատմական, քաղաքական գիրքեր։ Երբեմն վէպեր ու պատմուածքներ ալ կը կարդամ. զոր օրինակ՝ շատ կը սիրեմ Գրիգոր Զօհրապի երկերը…

*

Ահաւասիկ աւարտին հասաւ մեր զրոյցը Առէն Տատըրօղլուի հետ։

Հուսկ, կը ցանկամ մէջբերել 19-րդ դարաշրջանի մեծանուն ֆրանսացի բանաստեղծ, քաղաքական գործիչ ու պատմաբան Ալֆոնս տը Լամարթինի խօսքերը.

«Առանց Աստուծոյ խիղճը կը նմանի դատարանի մը, ուր չկայ դատաւոր։ Խիղճը՝ օրէնքներու օրէնքն է…»։

Սիրելիներս, եկէ՛ք մեր կեանքի երկու օրուայ այս ճամբան մաքուր խղճով անցնինք, քանզի դրամով կրնանք գնել ամէն ինչ։ Սակայն խիղճը՝ երբեք… Ան ուշ թէ կանուխ մեզմէ հաշիւ կը պահանջէ։

Չէ՞ որ մենք միշտ պատասխանատու ենք մեր խղճին առջեւ։

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/25-09-2019-«թրքահայ-համայնքին-անհրաժեշտ-է-միասնականութիւն-ու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın