İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՆՈՒԿ ԷՕՂԷՐ. «ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ՄԻԱԿ ԻՄԱՍՏ ՄԸ՝ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՏԱՐԵԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ։ Իր ընդհանուր արժեւորումին մէջ ատենապետ Մանուկ Էօղէր ըսաւ հետեւեալը.

«Մեր կարծիքով՝ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը ունի միակ իմաստ մը. մեր համայնքին առջեւ բացուած է պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու համար անհրաժեշտ ճանապարհը։ Սա այնպիսի ընտրութիւն մըն է, որ կը կատարուի պետութեան, կառավարութեան թոյլտուութեամբ։ Հիմա մենք ունինք այդ թոյլտուութիւնը եւ ընտրութեան պէտք է ձեռնարկենք՝ այդ թոյլտուութեան նախատեսած ձեւով։ Կը մաղթենք, որ ամէն ինչ բարի ըլլայ մեր համայնքին համար։ Պետութենէն հասած թոյլտուութեան համար տարբեր բաներ ըսելը իմաստ չունի։ Պէտք է ժամ առաջ ընտրութեան ձեռնարկել՝ կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ձեւով։

«Կարեւոր է պատրիարք մը ունենալը եւ նոյնքան կարեւոր է նոր պատրիարք մը ունենալէ վերջ անոր կողմէ այս համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած համընդգրկուն վերաբերմունքը։ Ապագային մեծ պատասխանատուութիւններ պիտի վիճակին թէ՛ մեր նոր պատրիարքին եւ թէ մեր համայնքին։

«Մեր համայնքին այսօրուան պայմանները բոլորին ծանօթ են եւ այդ դժուարին պայմաններուն պատճառով է, որ թէ՛ նոր պատրիարքին եւ թէ մեր ամբողջ համայնքին մեծ պատասխանատուութիւններ կը վիճակին։ Մենք առանց համախումբ ըլլալու չեն կրնար յաղթահարել մեր այսօրուան ծանր խնդիրները եւ այդ պատճառով պէտք է ըլլանք հեռատես եւ պաղարիւն։ Մենք պէտք ունինք պատրիարքի մը, որ մեզ պիտի համախմբէ եւ նոր եռանդով մը պիտի առաջնորդէ համայնքային կեանքը»։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-09-2019-մանուկ-էօղէր-«կանոնադրութիւնը-ունի-միակ-իմաստ-մը՝-մեր-համայնքը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın