İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայկոյին Երգը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ»:

Գնալըն գեղեցիկ կղզի մըն է Վոսփորի վրայ, Պոլիս: Դէպի Պոլիս աշխատանքային վերջին այցելութեանս, գործակիցս` Թամար Քարասուն, հրաւիրեց զիս երթալու Գնալը: Կղզի մը, որ հայկական գաղութին համար դարձած է ամարանոց, ուր երբեք չէի եղած: «Ծնողներս, ինչպէս նաեւ շատ հայեր կան հոն, իրենց ալ կը հանդիպիս», ըսաւ Թամար:

Վոսփորը իրապէս շատ գեղեցիկ է: Մօտաւորապէս մէկ ժամ շոգենաւով յառաջանալէ ետք, Գնալըն սկսաւ դառնալ գրաւիչ երեւոյթ մը: Հոն չկան ինքնաշարժներ եւ ոչ ալ` անոնց ստեղծած խճողումն ու աղմուկը: Մարդիկ հոն կա՛մ կը քալեն եւ կա՛մ հեծանիւով կը շրջագային, ինչ որ կը հանգստացնէ կեանքը եւ քեզ: Նստած ենք «Ճաշ» ճաշարանը, որ կը պատկանի հայու մը. արդէն դժուար ալ չէ կռահել անունէն, որ հայկական է: Համեղ ճաշեր համտեսելու կողքին, չուշացան նաեւ հայ երգն ու երգիչը: Վերջապէս, ամարանոց է, մարդիկ եկած են հոն հանգստանալու եւ լաւ ժամանակ անցընելու: Իսկ հայկական ճաշարանին հայ երգիչը Հայկոն էր:

Հայկոն խանդավառեց: Անոր խանդավառութիւնը կարծէք «կայծ» կ՛առնէր, քանի կը տեսնէր մեզ` հայերս: Ան էսդրատային, ազգային ու հայրենասիրական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը, չմոռցաւ երգելու երգ մը Ատիսէն` անոր յիշատակին: Ուշագրաւ էր Հայկոյին երգին ու երգեցողութեան ուժը եւ վճռակամութիւնը, որոնք որպէս ապրելու աւանդ` հրամցուեցան ներկաներուն: «Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ»:

Հայկոն ծնած է Պոլիս եւ ուսանած` Մխիթարեան վարժարանի մէջ, որ անոր մէջ դարբնած է ազգային ու հայրենասիրական հոգին: Պոլսոյ Գնալը կղզիին մէջ Հայկոյին ու իմ սեղանակիցներուս հետ ես ալ ուժ առի: Քանիցս լսած երգերս տարբեր էր լսել այդտեղ: Երեւի պատգա՞մ էր, ապրելու վճռակամութի՞ւն:

Կիրակի, 8 սեպտեմբերին կը քարոզեմ Կետիկ փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւոր հովիւը վեր. Գրիգոր Աղապաօղլուն է, տարիներու բարեկամ-գործակից է: Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով: Կը քարոզեմ հայերէն, եւ Գրիգորը կը թարգմանէ թրքերէնի:  «Ինծի համար ալ լաւ վարժութիւն եղաւ,- ըսաւ Գրիգոր,- երկար ատենէ հայերէն չէի գործածած բեմին վրայ»:

Իսկ պատճառնե՞րը: Կան հայեր, որոնք լաւ հայերէն չեն գիտեր, ուրիշներ` երբեք: Ու տակաւին, կան անոնք, որոնք աւելի վարժ են թրքերէնի: Բայց կայ նաեւ այլ իրականութիւն մը, որ եկեղեցիին մէջ նաեւ կան տեղացի-թուրք քրիստոնեաներ, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ պաշտամունքի գործածական լեզուն ըլլայ թրքերէնը: Բայց այս բոլորէն վեր, եկեղեցին աշխուժ է եւ եռանդուն: Հոգեւոր առաքելութիւնը գլխաւոր նպատակն է եկեղեցւոյ` անկախ ազգութենէ եւ լեզուական ինքնութենէ: Եկեղեցին ունի նաեւ մեծ թիւով երիտասարդներ:

Գագոն եկած է Հայաստանէն, ծնած է Երեւան. հոն ուսանած, ապա մեկնած բանակ` ծառայութեան: Քսանմէկ տարեկանին վերջացուցած է բանակի ծառայութիւնը եւ ուզած է աշխատիլ: Իսկ աշխատանքի համար ան ոտքը դրած է… Պոլիս:

Արդէն ինը տարի է Գագոն Պոլիս է, լաւ թրքերէն կը խօսի, կ՛ապրի նոյն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ եւ կ՛օգնէ եկեղեցւոյ մատակարարման տարբեր գործերու: Անոր ընտանիքը տակաւին Հայաստան կ’ապրի: Այլեւս պէտք չեմ զգար հարցնելու, թէ ինչո՛ւ եկած եւ հաստատուած է… Թուրքիա: Պատասխանը գիտեմ: Բայց ուրիշ հարցում մը ուղղեցի. «Ե՞րբ հայրենիք պիտի վերադառնաս»:

«Չգիտեմ», եղաւ Գագոյի պատասխանը:

Բայց ո՞վ պիտի գիտնայ…

Յովհաննէս Լագլագեանը երիտասարդ հայորդի մըն է, որ կու գայ Հալէպէն: Ան ուսանած է Հալէպի Լազար Նաճարեան վարժարանը: Եօթը տարի է, որ  ան ոտք դրած է Պոլիս: Յովհաննէս կը խօսի լաւ հայերէն, ոչ մէկ կասկած: Ան կու գայ սփիւռքահայ ամրոցներէն` Հալէպէն. ուսանած է նոյնքան «ամուր» կրթական ամրոցի մը մէջ` Լազար Նաճարեան: Դարձեալ հարկ չտեսայ հարցնելու, թէ ինչո՛ւ ձգած է Հալէպը: Պատճառները շատ յստակ են: Բայց հարց տուի Յովհաննէսին. «Ինչո՞ւ Պոլիս եկար»:

«Դուրս պէտք էր գայի Հալէպէն եւ տեղ մը հաստատուէի կեանքս շարունակելու համար», եղաւ Յովհաննէսին արագ պատասխանը:

Իսկոյն ունեցայ մտորումներ` ինչո՞ւ այդ «տեղը» Երեւանը չ՛ըլլար…

Յովհաննէսին դէմքին վրայ կար ժպիտ եւ ջերմութիւն: Հալէպի տղան է: Ուրիշ բան չէիր կրնար ակնկալել: Բայց բաժնուելէ առաջ ուզեցի Յովհաննէսին կատարել խնդրանք մը. «Կը տեսնեմ, որ եկեղեցւոյ մէջ գործօն ես. լաւ կ՛ըլլայ, որ հայերէնը աշխուժացնէք»:

Խնդրա՞նք, քաջալերա՞նք, թէ՞ մարտահրաւէր…

Երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերին դպրոցներու կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտ էր: Աշխուժութիւն կար Պոլսոյ բոլոր շրջաններուն մէջ: Հայկական կեանքն ալ աշխուժ էր: Պոլսոյ մէջ ունինք մեծ թիւով հայկական կրթական ցանց եւ մօտաւորապէս երեք հազար աշակերտութիւն: Հայկական վարժարաններուն մէջ կը դասաւանդուի հայոց լեզու եւ կրօն:

Արազը ինծի կ՛ընկերակցէր իմ հանդիպումներուս եւ այցելութիւններուս ընթացքին: Հանրային փոխադրամիջոցներէն մէկուն մէջ կային դպրոցական համազգեստներով խումբ մը պատանիներ, որոնք դպրոցէն արձակուած` կը վերադառնային տուն:

«Եսայեան վարժարանի աշակերտներն են», ըսաւ Արազը:

Անուշիկ պատանի-պարմանուհիներ էին: Ուրախ եւ ժպտուն: Դէմքերու վրայ կար կեանք արտայայտող եւ անկէ դուրս ժայթքող ապրելու տեսլական: Հայ են, եւ այդ մէկը կ՛երեւէր իրենց խանդավառութենէն: Քիչ մը աւելի մօտենալով` ուզեցի լսել զիրենք… Կար միայն թրքերէնը…

Բայց հայկական իրականութիւնը թրքական ընդհանրական կեանքի մէջ կ՛ապրի նոր իրականութիւն: Մեծ է թիւը այն թաքնուած եւ կամ ինքնութիւնը կորսնցուցած հայերու, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ իրենց արմատներուն: Հոգեւոր հովիւ Տրդատ Ուզունեանը այս վիճակը որակեց որպէս «մեծ առաքելութիւն եւ մարտահրաւէր` հայ եկեղեցիին համար»:

Ալին անոնցմէ մէկն է: Ան կ՛ապրէր Զմիւռնիա, թուրք ընտանիքի մէջ եւ ունէր իր սեփական աշխատանքը: Ամուսնացած է թրքուհիի մը հետ, բայց միշտ ալ ապրած է անհանգստութիւն մը… Կար ինքնութեան մղձաւանջ մը իր մէջ, որ կը հակասէր իր ապրած կեանքին… Ինք կը զգար, որ իր կեանքը ուրիշ ձեւ պէտք էր ըլլար: Ատիկա ինքնութեան մղձաւանջն էր, որ կ՛անհանգստացնէր զինք:

Իրականութիւնը մէջտեղ եկած էր: Իր մեծ մայրը, հօրենական կողմէ, զգալով, որ վերջալոյսը կը մօտենայ, ուզած էր իր կեանքի «գաղտնիքը» փոխանցել իր զաւակներուն եւ թոռներուն: «Ես ու ձեր մեծ հայրը հայեր եղած ենք, բայց մեր ինքնութիւնը պահած ենք, որպէսզի ողջ մնանք»:

Ալին մօտաւորապէս քառասուն տարեկան էր, երբ իր իսկական ինքնութեան հետ դէմ յանդիման եկած էր… Ան երկար ժամանակ տրամադրած էր, որպէսզի գիտնար իր գերդաստանի արմատները, թէ ինչպէս իր ընտանիքը եղած են Պիթլիսէն, ետքը գաղթած են Բալիքեսիր եւ վաթսուն հայ ընտանիքներու հետ հիմնած են Թաթլիսու գիւղը: Այս բացայայտումէն ետք Ալի վճռականօրէն մօտեցած է իր ինքնութեան հաստատման: Ան դիմած էր Պոլսոյ պատրիարքարան եւ շարունակական կերպով, շաբաթական դրութեամբ Զմիւռնիայէն մեկնելով Պոլիս` հետեւած է հոգեւոր եւ աստուածաշնչական դասընթացքներու, որպէսզի դառնայ Հայ եկեղեցիի անդամ: Իսկ կինը` Ժասմինը, որ թրքուհի է, հետեւած է իր ամուսնոյն: Ալին մկրտուած է, ու Ժասմինը ընդունած է քրիստոնէական ու հայկական ինքնութիւնը` անկախ տեղական ու միջավայրի անպատեհութիւններէն եւ սպառնալիքներէն…

Ալին այսօր եղած է Արի` իր քաջ կեցուածքին համար: Իսկ Ժասմինը եղած է Յասմիկ: Անոնք Զմիւռնիայէն փոխադրուած են Պոլիս, որպէսզի իրենց զաւակները հայ մեծցնեն:

Ալի-Արիին տագնապեցնող հոգին գտաւ իր հանգստութիւնը… քանի գտաւ իր ինքնութիւնը: Ասիկա ինքնութեան պատճառած «անհանգստութիւնն» է… Տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց իրական է… Ինքնութիւնը իրականութիւն մըն է, որ չես կրնար պահել կամ սեղմել կամ ճզմել… Անպայմանօրէն տեղ մը դուրս պիտի ցցէ ինքզինք ու պիտի յայտնուի: Արին քառասուն տարուան պահուած-կորսուած եւ ճզմուած ինքնութիւնը գտաւ…

Արին այսօր հետամուտ է, որպէսզի փնտռէ ու քաջալերէ իրեն նման «կորսուած» հայեր, որպէսզի վերադառնան իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան:

Այս անգամ Պոլիսը տեսայ եւ ապրեցայ նոր պրիսմակէ մը: Հայկական խճանկար մը, որ ունէր տարբեր երեւոյթներ ու ապրող պատկերներ: Իրավիճակներ, որոնք կրնան ըլլալ զիրար հակադրող եւ հակադրուած… Այս հակադրող ու հակադրուած իրավիճակները հայուն ապրած պատմութիւնն ու կեանքն են: Հայկական ընդհանրական կեանքը աշխարհով մէկ լեցուն է հայուն ապրած կեանքի պատկերներով: Պոլիսը իր իւրայատկութիւններով հայկական ապրող կեանքի իրականութիւնն է, որ կը շարունակուի իր հոլովոյթներուն եւ զարգացումներուն ընդմէջէն: Անոնք երբեմն հասկնալի են, բայց` ցաւալի: Կան նաեւ յուսադրող հայկական կեանքի պատկերներ:

Այս տարբեր ու զիրար «հրմշտկող» հայուն կեանքի պատկերները զիս ալ պատեցին խառն զգացումներով, որոնց ետ տարի Գնալը կղզի… Հոն, ուր Հայկոն կ՛երգէր: Հայկոյին երգին հետ իմ  խառն զգացումներս վերածուեցան յոյսով լեցուն կեանքերու: Հայուն ապրելու եւ գոյապայքարի յոյսի կեանքը…

«Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ»:

Հայը մնացած է, կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ հայ` անկախ իր կեանքի տարբեր իրավիճակներէն, պատկերներէն:

Այս է մեր պատմութեան ապրած փորձը: Արիւնով կերտուած կեանքի Աւանդը:

«Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ»:

Պոլիս ու տակաւին ամէն տեղ:

Հայկոյին երգը… Հայուն միշտ հայ մնալու երգը:

Այս երգն է, որ հայը պարտի զայն ապրող կեանքերու վերածել…

http://www.aztagdaily.com/archives/458919

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın