İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի հրաւէրով, 20 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին, Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուեցան Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները։

Մէկտեղման պատճառն էր 10 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ ի նպաստ սարքելի սիրոյ սեղանի նախապատրաստական ընթրիքին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլուի Կեդրոնական Վարժարանի մասին գործածած խօսքերն էին, որոնց մասին խորհրդակցութիւն պիտի կատարուէր։

Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ իրականացած մէկտեղման մասնակցեցան զոյգ հաստատութեանց ատենապետներ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Յարութիւն Էպէօղլուի առընթեր, Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Կեդրոնական Վարժարանի Սիրոյ Սեղանի Կարգադիր Յանձնախումբի Ատենապետ Հայկ Ասլանեան, Հերման Պալեան, Գէորգ Ներկիզ, Վարդավառ Ճաւաք, Մինաս Գաբուսուզ, Վաղարշակ Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Խաչիկ Ճանէլ։

Նախ, Նորին Սրբազնութիւնը ամփոփեց եղելութիւնը։ Ապա խօսք առաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ըսաւ թէ “Միլիթան” բառով ուզած էր մատնանշել “իր դատին հաւատացած եւ ըստ այնմ գործօն կերպով պայքարող անձ”։ Ան, անդրադարձաւ նաեւ, որ իր խօսքերը մամլոյ կարգ մը ծառայողներու եւ համացանցի ընկերային հարդակներուն վրայ չափազանցուելով խեղադիւրուած էին։ Իր նպատակն էր շահը մտածել վարժարանի մը եւ այս առումով ըստ իր ընտանիքներէ ու պաշտօնական մարմիններէն ստացած տեղեկութեանց, պէտք է անյապաղ ծանրանալ նիւթին։

Ի պատասխան ելոյթին, Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու անդրադարձաւ, որ երբեք չի կասկածիր Պետրոս Շիրինօղլուի մտերմութենէն ու օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութենէն։ Բայց եւ այնպէս, “Միլիթան” ասոյթը անհանգստութիւն պատճառած է վարիչներուն, ուսուցչաց կազմին շրջանաւարտներուն եւ ծնողներուն իբր նպատակը անդրանցնող դժբախտ ասոյթ։ Ան, աւելցուց նաեւ թէ երբեք չէին ընդուներ Պետրոս Շիրինօղլուի հասցէին չափազանցեալ մեղադրանքներ, որոնք հեռու էին իրենց հակակշռէն։ Էպէօղլու շեշտեց նաեւ թէ նման զգայուն նիւթեր պէտք է ծեծուէին յատուկ միջավայրերու մէջ։

Վարժարանի շէնքի երկրաշարժի տոկունութեան հարցը ներկաներու կողմէ դրականօրէն դիմաւորուեցաւ եւ որոշուեցաւ անհրաժեշտ աշխատանքները տանիլ։

Մասնակիցներ, սոյն նախաձեռնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Տեղապահ Սրբազան Հօր ու շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը, մաղթեցին որ յարատեւ ըլլային նման մէկտեղումներ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/պատրիարքարանի-երդիքին-տակ-երկխօսութ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın