İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ ՄԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի երէկ Անգարա կատարած այցելութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցած է այդ տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ ատենապետ Շիրինօղլու մեզի փոխանցեց ամփոփ բացատրութիւններ։ Ըստ իրեն, վերջերս Ներքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը այցելած է Պատրիարքարան, ուր քննարկուած են պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան պատրաստութիւններուն շուրջ հարցեր։ Այդ հանդիպման լոյսին տակ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան փութացած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու համար ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին։ «Ես այս գործընթացին հետ ուղղակի կապ մը չունիմ, պարզապէս ունկնդրեցի Սահակ Սրբազանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, որոնց համար շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն։ Արդէն բաւական կարճ էր մեր զրոյցը», մեզի յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՏԵՂԱՊԱՀԸ

Շիրինօղլուի կողմէ փոխանցուած այս տեղեկութեան հիման վրայ, այս առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Այս առթիւ ան հաստատեց, որ վերջին օրերուն Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը այցելած է Գումգաբու։ Այցելուն եղած է նախարարութենէն՝ քաղաքներու տնօրէնը, որ համակարգի մէջ երկրի բոլոր քաղաքներու կուսակալներու վերադասը կը հանդիսանայ։ Ան Պատրիարքարան այցելած է իր օգնականին հետ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մեզի յայտնեց, որ սա եղած է անպաշտօն այցելութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը Պատրիարքարան այցելած է Նախաձեռնարկ մարմնին հետ շփումներու ծիրին մէջ։ Ուստի, ան տեսակցած է Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի եւ գանձապետ Սարվէն Սերթշիմշէքի հետ։ Այցելութիւնը տեղի ունեցած է անցեալ ուրբաթ օր։ «Թէեւ Նախաձեռնարկ մարմնին համար եկած էին, սակայն մենք ալ ներկայ գտնուեցանք հանդիպման։ Յարգարժան պաշտօնատարները եկած էին որոշ նիւթեր քննարկելու համար եւ հարցերը արծարծուեցան շատ դրական մթնոլորտի մը մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնը Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կը պատրաստուի Նախաձեռնարկ մարմնին հետ համակարգուած ձեւով։ Անշուշտ, կանոնադրութեան վերջնական ձեւը պիտի տրուի նախարարութեան կողմէ, սակայն ողջունելի է, որ մեր համայնքի տրամադրութիւնները շօշափելու պատրաստակամութիւն մը կայ այնտեղ։ Ընտրողներու եւ ընտրելիներու նուազագոյն տարիքի շեմը 18-ի իջեցնելու եւ պատգամաւորներու թիւը բարձրացնելու խնդիրները շօշափուեցան առաջին հերթին», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութեան հարց տուինք նաեւ արտասահմանի թեկնածուներու պարագան։ Արդարեւ, վերջին շրջանին այս հարցին շուրջ յստակութեան ակնկալութիւնը հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ է։ Թուրքիայէ դուրս պաշտօնավարող սրբազանները պիտի կարենա՞ն պատրիարքի թեկնածու ըլլալ, թէ ոչ։ Այս հարցումին պատասխանը պիտի յստակենայ կանոնադրութեան հասնելու զուգահեռ։ Յամենայնդէպս, նիւթը հետզհետէ աւելի հրատապ բնոյթ կը ստանայ՝ մինչ հաւանականութիւնը կը բարձրանայ, թէ տարեվերջին պատրիարքական ընտրութիւնը արդէն կատարուած պիտի ըլլայ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին հարց տուինք, թէ արտասահմանի թեկնածուներու պարագան քննարկուա՞ծ է Ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու այցելութեան ժամանակ։ Նորին սրբազնութիւնը նշեց, որ զրոյցի ընթացքին այս հարցին ալ անդրադարձ կատարուած է։ «Մենք փափաք յայտնեցինք, որ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան բովանդակութիւնը ըլլայ նախորդներուն նման։ Այլապէս, արտասահմանի թեկնածուներու պարագային սահմանափակումները կրնան անհանգստութիւններ յառաջացնել», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ կանոնադրութեան պատրաստութեան ճանապարհին ընդհանուր հակում մը կայ 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեան հետ չհակասելու ուղղութեամբ։ Ըստ նորին սրբազնութեան դիտարկման, այստեղ դեր կը խաղայ նաեւ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը, ըստ որու քանի տակաւին նոր կանոնադրութիւն մը չէ ընդունուած՝ ապա հինը՝ այս պարագային Ազգային Սահմանադրութիւնը կը համարուի ուժի մէջ։ Իր խօսքով, պաշտօնատարներուն բացատրուած է, որ Սահմանադրութիւնը ներկայիս գործադրութեան մէջ չէ։ Երբ այդ Սահմանադրութիւնը ընդունուած է, Պոլսոյ Աթոռը ունէր առնուազն հարիւր եպիսկոպոս, որոնց թիւը հազիւ երեքի կամ հինգի կ՚իջեցուէր, իսկ այսօր Աթոռին կապուած եպիսկոպոսներուն թիւը կարելի է հաշուել մատի վրայ։ Այս իրավիճակին մէջ Սահմանադրութիւնով նախատեսուածը որոշ չափով ընդարձակելու կարիք մը յառաջացած է։

Նորին սրբազնութեան հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձ կատարեցինք նաեւ այլ հանգամանքի մը, որ մեր համայնքը որոշ չափով հակասական վիճակի կը մատնէ։ Արդարեւ, մեր համայնքի ներքին տինամիքներով մօտաւոր անցեալին յամառօրէն տեղապահի մը ընտրութիւնը պահանջուեցաւ եւ որպէս հիմնաւորում ցոյց տրուեցաւ Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Պետութիւնն ալ այդ հիման վրայ պահանջեց տեղապահի մը ընտրութիւնը։ Այժմ պետութենէն կը սպասուի կանոնադրութեան եւ, ըստ լսումներու, պատկան մարմինները դարձեալ կը ջանան Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները հաշուի առնել, սակայն այս անգամ համայնքն է, որ Ազգային Սահմանադրութենէն դուրս լուծման եզրեր կ՚ակնկալէ։ Սա, բնականաբար, մեր համայնքին տեսակէտէ որոշ դժուարութիւններ կը յառաջացնէ, սակայն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան փորձած է իր առաքելութեան պատասխանատուութիւններուն պարտադրած ձեւով արտայայտել այդ բոլորը։

Նորին սրբազնութիւնը հեռախօսազրոյցի աւարտին մեզի յայտնեց, որ կ՚ակնկալուի մօտ օրէն պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան հասնիլը եւ անոր բովանդակութեան վերջնական տեսքը տրուած պիտի ըլլայ պետութեան կողմէ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/18-09-2019-ներքին-գործոց-նախարարութենէն-բարձրաստիճան-պաշտօնատար-մը-այցելած-է

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın