İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ՆԻՍՏ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան իր հերթական նիստը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հերթական ժողովը։ Խորքին մէջ այս մէկը վերաքաղի նիստ մըն էր։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմինը ամփոփեց ցարդ կատարած ամբողջ աշխատանքը՝ ընտրատեղամասերու հետ համագործակցութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն։ Ժողովէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուց, որ պետութենէն սպասուած ընտրական կանոնադրութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ կրնայ հասնիլ այս շաբթուան մէջ եւ եթէ այդպիսի զարգացում մը ապրուի, ապա Նախաձեռնարկ մարմինը յառաջիկայ օրերուն կրնայ արտահերթ ժողով մը գումարել։

Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան ժողովին ընթացքին ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան ընտրացուցակներու կատարելագործման խնդիրները։ Մեր եկեղեցիներու մատակարար մարմինները ցայսօր համակարգող անուններ տեղեկացուցած պէտք է ըլլային Նախաձեռնարկ մարմնին։ Այդ համակարգողները Նախաձեռնարկ մարմնին համար երկխօս պիտի համարուէին՝ ընտրացուցակներու կատարելագործման խնդրին համար։ Բաց աստի, տեղական ընտրական մարմիններու ձեւաւորման աշխատանքներն ալ հասունցած պէտք է ըլլային ցայսօր։ Նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր եկեղեցի ընտրատեղամաս մը կը համարուի՝ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու համագործակցութիւնը ունի էական նշանակութիւն։ Երէկուան ժողովին ընթացքին Նախաձեռնարկ մարմինը աչքէ անցուց այս ամբողջին մէջ ցարդ առնուած քայլերը։ Այս պահու դրութեամբ արդէն բաւական քիչ է թիւը այն եկեղեցիներուն, որոնց թաղային խորհուրդները պակաս տեղեկութիւններ ներկայացուցած են Նախաձեռնարկ մարմնին։ Ժողովականները երէկ որոշեցին, որպէսզի սոյն ծիրին մէջ շփումները թարմացուին եւ մինչեւ Նախաձեռնարկ մարմնի յաջորդ ժողովը ապահովուին՝ ակնկալուած բոլոր տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը։ Առաջնորդուելով նաեւ ժամանակը լաւ արժեւորելու սկզբունքով՝ որոշուեցաւ այս խնդիրներու նուրբ բնոյթը հերթական անգամ յիշեցնել մեր թաղային խորհուրդներուն։

Նախաձեռնարկ մարմինը կը շարունակէ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն տեղեկութիւններ փոխանցել՝ ընտրաշրջաններու սահմաններուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, թաղերու եւ այս պարագային ընտրաշրջաններու սահմանումներուն կապակցութեամբ առաջին իսկ օրէն տատամսումներ խնդրոյ առարկայ էին, իսկ Նախաձեռնարկ մարմինը համապատասխան խնդիրները դիւրացնելու համար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ թաղային խորհուրդներուն։

Երէկուան ժողովէն վերջ տեղեկացուեցաւ, որ գործադիր իշխանութիւններու հետ մշակուած վերջին շփումներուն հիման վրայ շատ հաւանական կը նկատուի պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան յառաջիկայ օրերուն պետութեան կողմէ ուղարկուիլը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F17-09-2019-վերաքաղի-նիստ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın