İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀԱԶԴ

– Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
– Տէր եւ Տիկին Աւետիս Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
– Տէր եւ Տիկին Պօղոս Քէշիշեան եւ զաւակունք
– Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
– Տիար Լեւոն Քէշիշեան
– Տէր եւ Տիկին Հրաչ Քէշիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
– Տէր եւ Տիկին Յովսէփ Քէշիշեան եւ զաւակունք

ինչպէս նաեւ Քէշիշեան, Գոֆթիկեան, Տողրամաճեան, Գալայճեան, Մարգարեան եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝

ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԼՈՒՍԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆի (ծնեալ Գոֆթիկեան, 1928, Ալեքսանտրէթ)

մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ուրկէ ննջեցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համմուտի Ազգային Գերեզմանատուն։

Հանգուցեալին զաւակներուն կողմէ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նոյն օրը թաղումէն ետք մինչեւ ժամը 13։00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 15։00-20։00, ինչպէս նաեւ Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-13։00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 15։00-20։00, Ֆանարի ակումբի սրահին մէջ։

• Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց Բոյն»ին կամ Պուրճ Համմուտի Ազգային Ծերանոցին։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=2601257173229500&id=472753589413213

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın