İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՃԵՄ ՍՈՖՈՒՕՂԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Սիսի երբեմնի Մայր Տաճարի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի Անթիլիասի կողմէ վերաձեռքբերման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել հայ աշխարհի օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին՝ 2015 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս նպատակով դատ մը բացած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ, որմէ ստացած մերժումին զուգահեռ խնդիրը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։ Այս երկու բարձրագոյն դատարաններն ալ Անթիլիասի պահանջը չէին բաւարարած՝ ներքին դատական ճանապարհներու սպառած չըլլալուն պատճառաբանութեամբ։ Այսինքն, գործի քննարկումը պէտք է սկսէր ամենացած մակարդակի դատարաններէն։ Վերոյիշեալ դատավճիռներու այս հիմնաւորումներուն համապատասխան՝ ներկայիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններու առաջին հանգրուանէն սկսեալ իրաւական պայքարի մը կը ձեռնարկէ՝ պատմական սրբավայրի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ։ Մօտաւոր անցեալին Անթիլիասի աղբիւրները այս կապակցութեամբ պաշտօնապէս փոխանցած էին տեղեկութիւններ, որոնց արձագանգ հանդիսացած էինք թերթիս մէջ։

Այս իրավիճակին մէջ, երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու յայտնի իրաւաբան Ճեմ Սոֆուօղլուն, որ դատական այս նախաձեռնութեան մէջ կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Անցեալ դատավարութեան շրջանին ալ առիթն ունեցած էինք տեսակցելու Ճեմ Սոֆուօղլուին հետ։ Ներկայիս, երբ նոր դատական գործընթացի մը ձեռնամուխ եղած է Անթիլիաս, դարձեալ Ճեմ Սոֆուօղլուն է, որ համապատասխան աշխատանքները յառաջ կը տանի։ Ուստի, մեզի համար իսկապէս հետաքրքրական ու յատկանշական էր իր կողմէ երէկ խմբագրատունս տրուած այցելութիւնը։ Ան մեզի մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկայ նախաձեռնութեան եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։ Ճեմ Սոֆուօղլու թղթածրարի կարեւոր փաստաթուղթերն ալ ներկայացուց մեզի՝ փոխանցելով սպառիչ մանրամասնութիւններ եւ համոզիչ բացատրութիւններ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան մօտաւոր անցեալին Պէյրութ կատարած այցելութեան ժամանակ առիթն ունեցած էր զրուցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ անոր զարկերակը զգալու այս նոր նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ Այդ տպաւորութիւններն ու Ճեմ Սոֆուօղլուի կողմէ երէկ խմբագրատանս մէջ փոխանցուած բացատրութիւնները կու գան կազմել ամբողջ մը, զիրար կը լրացնեն եւ բաւարար պատկեր մը կը ստեղծեն՝ ըմբռնելու համար ներկայիս այս նիւթին թեւակոխած փուլը։

Ճեմ Սոֆուօղլուի կողմէ երէկ փոխանցուած բացատրութիւններով, անցեալ օգոստոսին Ատանայի մէջ, Քոզանի Բ. նախադատ ատեանին մօտ բացուած է դատը։ Իրաւական դիմումը նոյնաժամանակ երկու կառոյցի՝ Քոզանի քաղաքապետութեան եւ Պետական գանձին կը վերաբերի։ Դատի բացուելէն վերջ Քոզանի քաղաքապետարանի փաստաբանները պատրաստած են իրենց առաջին պատասխանը՝ հիմնուելով Լոզանի դաշնագրի, «Քատասթրօ»ի օրէնքի եւ Վաքըֆներու օրէնքի վրայ։ Ճեմ Սոֆուօղլու մեզի յայտնեց, որ այդ առաջին պատասխանին մէջ ակնյայտօրէն կատարուած են բազմաթիւ քաղաքական վերագրումներ, սակայն իրենց բացած դատը բացարձակապէս քաղաքական բնոյթ մը չունի եւ սեփականութեան իրաւունքի մասին է։ Այս սեփականութեան իրաւունքը կը հետապնդուի կրօնական հաստատութեան մը կողմէ, կ՚առընչուի նաեւ պաշտամունքի ազատութեան հետ եւ տուեալ պարագային այդ պաշտամունքի իրաւունքի կենսագործման համար անհրաժեշտ է ունենալ սրբավայրի սեփականութեան իրաւունքը։ ԵՄԻԱ-ի նախորդ դատի մերժուելէն վերջ շուրջ մէկուկէս տարի տարուած է բազմակողմանի աշխատանք։ Մասնագէտ իրաւաբաններու միջեւ եղած են կարծիքի փոխանակումներ եւ յառաջ տարուած՝ նախապատրաստական աշխատանքներ։ Թէեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնապէս Ճեմ Սոֆուօղլուին փոխանորդագիր տուած է, սակայն այս անգամուան դատավարութեան ներգրաւուած է նաեւ թրքահայ իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան։ Սոֆուօղլու յայտնեց, որ իր պաշտօնակիցը ցուցմունքներով եւ մեկնաբանութիւններով մեծ նպաստ մը կը բերէ գործընթացին։

Սոֆուօղլու երէկ շեշտեց, որ անցեալի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատկանած կալուածներու շուրջ երեք տասնեակի կալուածաթուղթերը դրուած են թղթածրարին մէջ։ Կալուածային արձանագրութիւնները դուրս բերուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւէն։ Թղթածրարին մէջ որպէս ապացոյց ներկայացուած են նաեւ ապահովագրական համաձայնագրեր՝ մասնաւորապէս ֆրանսերէնով եւ իտալերէնով։ Անշուշտ, կալուածաթուղթերն ալ օսմաներէնով են։ Ճեմ Սոֆուօղլուի դիտարկումով, հիմնական ապացոյցը կը համարուի Քոզանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէջի համապատասխան բաժինը։ Արդարեւ, այնտեղ բացայայտօրէն ներկայացուած են շրջանի հայոց վանքի գոյութեան շուրջ պատմական տուեալներ, որոնց անցեալը կը հասնի մինչեւ 1293 թուականը։ Սա արդէն այնպիսի հանգամանք մըն է, որ այլ ապացոյցներու կարիք ալ չի թողուր։ Սոֆուօղլուի ենթադրութիւններով, թէեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով անցեալի մէջ կալուածաթուղթեր ձեւակերպուած կրնան ըլլալ, սակայն բուն կաթողիկոսանիստ համալիրը դժուար թէ կալուածաթուղթ մը ունեցած ըլլար։ Օսմանեան շրջանի նախընթացները արդէն մտածել կու տան այս բանը, որովհետեւ հազիւ 1912 թուականին Օսմանեան պետութեան կողմէ ընդունուած օրէնսդրութիւնով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոոսութիւնը իրաւաբանական անձ դարձած կրնար ըլլալ։ Խօսքը կը վերաբերի 1 մարտ 1912-ին ընդունուած Բարենպատակ հաստատութիւններու մասին օրէնքին, որ 6 մարտ 1912-ին հրապարակուած է «Թաքվիմի Վեքայի»ի մէջ։

Այս պահու դրութեամբ, թէեւ Քոզանի քաղաքապետարանը ներկայացուցած է իր առաջին պատասխանը, սակայն Պետական գանձը պահանջած է յաւելեալ ժամանակ։ Ուստի, Ճեմ Սոֆուօղլուի կանխատեսումներով, առաջին դատավարութիւնը այս պայմաններուն ներքեւ տեղի կրնայ ունենալ մինչեւ տարեվերջ՝ նոյեմբերին կամ դեկտեմբերին։ Դատարանը սահմանափակումներ հաստատած է կալուածային արձանագրութիւններու ուսումնասիրութեան պարագային՝ հիմնուելով այն կանոնադրութեան վրայ, որ «Քատասթրօ»ի օրէնքի լոյսին տակ տասն տարուան ժամկէտ մը սահմանած է նման պարագաներու մէջ։ Սոֆուօղլու հիմա կը պատրաստուի 2001 թուականին հրապարակուած այդ շրջաբերականին դէմ ալ յարակից դատ մը բանալ Անգարայի մէջ եւ այդ դատը արդէն վարչական բնոյթ մը պիտի ունենայ։ Արդարեւ, այդ սահմանափակումները ակնյայտօրէն կը խոչընդոտեն արդար դատելու, անաչառ դատելու կարելիութիւնը։

Դատական գործընթացի շարունակութեան շուրջ ենթադրութիւններ ընելու ժամանակ Սոֆուօղլու կը յիշեցնէ, որ պատմական վանքի պատերն ու եկեղեցւոյ աւերակները տակաւին կը մնան, նոյնիսկ շրջանի ժողովուրդը «վանքի ճանապարհ» կը կոչէ անոնց ուղղութիւնը։ «Այս բոլորը մեզի կու տան արդար ըլլալու զգացում, դատը շահելու ուղղութեամբ հաւատք եւ կը վստահինք արդարադատութեան համակարգին», կ՚ըսէ Ճեմ Սոֆուօղլու ու կը ճշդէ, որ իր բացած դատի հիմնաւորումները ունին էական թեզ մը, որով կը տրամաբանեն ամէն ինչ։ Այսպէս, Սիսի վանքը Օսմանեան շրջանէ ժառանգուած թրքական հաստատութիւն մըն է։

Երէկուան զրոյցի աւարտին Ճեմ Սոֆուօղլու մեզմէ հրաժեշտ առաւ՝ յոյս յայտնելով, թէ այս ամբողջ իրաւական պայքարը պիտի պսակուի յաջողութեամբ եւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերականգնման հարցին շուրջ արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F13-09-2019-մեծի-տանն-կիլիկիոյ-կաթողիկոսութեան-ներկայացուցիչ-իրաւաբան-ճեմ-սոֆուօղլու

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın