İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

2019-2020 կրթական շրջանը երէկ սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թրքահայ կրթական համակարգն ալ ոգեւորութեամբ դիմաւորեց վերամուտը։ Համայնքային մեր բոլոր վարժարաններէն ներս առաջին զանգը հնչեց տօնական մթնոլորտի մը մէջ։

Վերամուտը յատկանշական իրադարձութիւնով մը բնորոշուեցաւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Արդարեւ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մասնակցեցաւ Սկիւտարի Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տարեմուտի արարողութեան։ Սա իր առաջին այցելութիւնն էր Դպրեվանք՝ որպէս փոխ-վանահայր։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ դպրոցի շրջանաւարտներէն Արտաշէս Մարկոսեան։ Հանդէսէն վերջ տղաքը անցան իրենց դասարանները, ուր նորին սրբազնութիւնը զրուցեց անոնց հետ։

Մխիթարեան վարժարանի վերամուտի արարողութեան ալ ներկայ գտնուեցան Շիշլիի գաւառապետ Ալի Ֆուաթ Թիւրքէլ եւ կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիթ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/10-09-2019-վերամուտը-մեր-վարժարաններուն-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın