İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՍԱՅԼՈՐԴ ՄԸ ՀԵՌԱՑԱՒ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1988-1990-ականներուն սկիզբը Երեւանի Զէյթուն թաղամասին մէջ ունէի դասընկերուհիներ, որոնք Պէյրութէն եւ Հալէպէն 1940-ականներուն հայրենադարձուած հայերու թոռներ էին. անոնց թաղը կ՚անուանէին «ախպարի թաղ»: Զէյթունի «Գնացքի գիծ» կոչուող տարածքին քով ոչ շատ լուսաւոր, կային հին տուներ, որոնք հայրենադարձները 1946 թուականէն ետք, իրենց տրուած հողին վրայ շինած էին, ոչ մէկ ճոխութիւն կար այդ տուներուն եւ բակերուն մէջ: Հոն բնակող բազմաթիւ հայրենադարձներ յետագային, իրենց ազգականներուն կանչով, գաղթած էին Միացեալ Նահանգներ կամ այլ երկիրներ, եւ այդ թաղերը մինչեւ հիմա այդպէս տխուր են՝ նեղլիկ աստիճաններով, ծռած թիթեղներով: Անոնց երեխաները «Գնացքի գիծ»ին քով գտնուող թիւ 136 դպրոցը կը յաճախէին եւ դասարանին մէջ հնչող անոնց մականունները տարբեր էին հայաստանեան մականուններէն. անոնք կը կրէին Քեշիշեան, Տէյիրմենճեան, Կատայեան, Քեչեչճեան, Պէրպէրեան, Թամերեան եւ այլ հազուագիւտ մականուններ… Հայրենադարձներուն թոռները՝ մեր դասընկերուհիները, յաճախ մեզի իրենց տունը կը հրաւիրէին՝ տեսերիզով դիտելու համար հարսանիք, զոր կ՚անուանէին «ախպարի հարսանիք». տեսերիզները կը ղրկէին Լիբանան, Սուրիա եւ Միացեալ Նահանգներ բնակող իրենց հեռաւոր հարազատները: Տեսագրուած այդ հարսանիքներուն ժամանակ կը հնչէին Ատիսին երգերը, զորս հայրենադարձներուն թոռները՝ իմ դասընկերուհիներս հիացմունքով կը լսէին, իսկ տան մեծերը, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ սկիզբ առած իրենց երիտասարդութեան յուշերով կ՚ապրէին խորհրդային այդ տարիներուն, հաճոյքով կ՚արտաբերէին «Ատիս» անունը՝ «մէկ հատիկ է» ըսելով:

Ռուսական էսթրատայի շունչով մեծցած հայաստանցիներուս համար «Ատիս» անունը ոչինչ կ՚ըսէր, ինչպէս նաեւ՝ խորթ էր այն ոճը, զոր կ՚երգէր: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ տեսերիզներուն վրայ ձայնագրուած այդ հարսանիքներէն պատկերներ. կիներ՝ ոսկեայ ապարանջան-շղթաներով, բարձր շինուած մազերով, տղամարդիկ՝ հիմնականօրէն պեխերով, վերնաշապիկներուն վերի կոճակները լայն արձակած, կը պարէին գաւաթները ձեռքերնին, դանդաղ մեղեդիին ծորուն հնչիւնը յարմարեցնելով ոտքերու եւ ձեռքերու շարժումներուն հետ: Հարսը միշտ շատ ոսկեղէն կը կրէր, ցայտուն դիմայարդարում ունէր եւ առատ ծաղկեփունջեր կային անոր քովը, ի տարբերութիւն այդ տարիներու հայաստանեան մեր հարսերէն եւ հարսանիքներէն: Միաժամանակ, դասընկերուհիներուս տուներուն մէջ Ատիսին նկարով ձայներիզներ կային:

Հայաստան-սփիւռք «երկաթեայ վարագոյր»ի տարիներուն հայկական երգի ձայներիզները սփիւռքէն ղրկուող թանկագին նուէրներ էին Երեւան բնակող հայրենադարձներուն համար, որոնք իրենց կարօտը կ՚առնէին Ատիսին եւ այլ երգիչներու երգերէն, սրբութեամբ կը վերաբերէին, կը բազմացնէին զանոնք եւ իրարու մէջ կը տարածէին: Հետաքրքական յիշողութիւններ էին՝ ինծի անծանօթ, որ յետագային կորսուեցան, եւ մէյ մըն ալ ես այդ տուները յիշեցի Պէյրութի մէջ բնակած տարիներուս, երբ պէյրութցի հայեր կը պատմէին Հայաստանի մէջ բնակող իրենց հարազատներուն մասին։ Հայաստան ղրկուող ձայներիզները, նուէրները եւ հարազատներուն այցերը ուրիշ պատմութիւններ էին, որոնցմէ մաս մը գրի առած եմ՝ կորուստէ փրկելու համար յիշողութիւնները, որոնց հիմքին մէջ ժողովուրդի մը պատմութեան կարեւոր մասը կայ: Պէյրութի բազմաթիւ հայերու տուներուն, ինքնաշարժներուն մէջ կը տեսնէի Ատիսին, Փոլին, Մանուէլ Մենենկիչեանին ձայներիզները, եւ կրկին խորթ ու անհաղորդ կը մնային ինծի այդ երգերը:

Սփիւռքի մէջ սկիզբ առած հայաշունչ երգը ինծի համար լիովին բացայայտուեցաւ եւ շատ սիրելի դարձաւ աւելի ուշ, երբ ես ծանօթացայ Պուրճ Համուտի մշակոյթին կարեւոր մասը կազմող տիսքոթէքներուն: Նմանապէս, հայաստանցիներուս եւ խորհրդային մշակոյթով մեծցածներուն համար տիսքոթէքը՝ տիսքոն, կը նշանակէր բոլորովին տարբեր վայր մը, ուր կ՚այցելէին երեկոյեան ժամերուն եւ առկայծող լոյսերուն տակ կը պարէին մինչեւ ուշ ժամեր: Պարատեղիներ են տիսքոթէքները սովորաբար, բայց Պուրճ Համուտի մէջ ես բացայայտեցի այդ անունը կրող այլ միջավայր մը, որ ձայներիզներու, տեսերիզներու, գիրքերու, լուսանկարներու, պաստառներու, յուշանուէրներու, ելեկտրոնիկ գործիքներու եւ ձայնագրման սարքաւորումներու աշխարհ մըն էր: Ահաւասիկ, այդ աշխարհին մէջ ծնունդ առած է սփիւռքի հայ երգը:

Տիսքոթէքներուն մէջ ծնած եւ հոնկէ դուրս եկած հայ երգի կայացման մէջ նշանակալի դեր ունի Ատիսը՝ Ատիս Հարմանտեան, որ սփիւռքահայ փոփ երաժշտութեան աստղ կը նկատուի… Ան երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ վերջերս՝ աշխարհով մէկ տարածուած իր միլիոնաւոր երկրպագուներուն ափսոսանք եւ կսկիծ պատճառելով… Մամուլը գրեց իր մասին, ընկերային ցանցերու վրայ հնչեց անոր ձայնը՝ «Ատիսը հեռացաւ» գրութիւններով, բայց անմահ է, իր երգերն ու գործը անմահութեան ճամբան բացած են իրեն համար:

1960-ականներէն իր երգը տարածուած է աշխարհով մէկ, եւ այսօր ալ կը հնչեն Ատիսին երգերը՝ պտտելով սիրոյ, թախիծի, կարօտի, սպասումի, բաժանման եւ երջանկութեան յաւերժ ընթացքը…

Տասնհինգ տարի շարունակ քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք Ատիս մահացաւ Սանթա Մոնիքա քաղաքի UCLA հիւանդանոցին մէջ՝ շրջապատուած երեք երեխաներով, հարազատներով՝ ետին ձգելով վաթսուն տարուան հայ երգի պատմութիւն մը, որ այլեւս անկրկնելի է… Կը ծնին նոր երգիչներ, կը գրուին նոր երգեր, կ՚երգուին նոյնիսկ իր երգած երգերը, բայց Ատիսին ձայնը եւ իր ոճը անկրկնելի են:

Ատիսին մեկնաբանածը միայն երգ չէր, ան իր գործով կը հաստատէր եւ կը մեկնաբանէր հայ ժողովուրդին կարեւոր հատուածին յարատեւութեան խորհրդանիշը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որ յետոյ սահմանները ընդլայնեց աշխարհով մէկ: Գաղութներուն մէջ թրքախօս, արաբաշունչ եւ այլ օտար երգերէ հայութեան վերապրող սե-

րունդները ազատելու խիստ կարիք կար. երգէն բացի ի՞նչ բան կրնար ներթափանցել մարդուս հոգիին, բացայայտել անոր ինքնութիւնը եւ դուրս մղել օտարն ու խորթը: Ատիսին երգը եղաւ մաքրումի տանող այդ ճամբուն ձայնը: Հայերէն երգը օտարութեան մէջ ապրող հայ մարդուն գիտակցութեան վրայ անփոխարինելի ազդեցութիւն ձգեց, սրբեց օտար շունչը եւ սփիւռքի հայը նորօրինակ կեանք ստացաւ երգին շնորհիւ:

Երգի ճամբով կերտած պատմութեան մասին Ատիս Հարմանտեան գրած է «Երգի ճամբով» գիրքին մէջ (Լիբանանի մէջ լոյս տեսած), որուն շնորհանդէսն ալ իր ծննդավայր Պէյրութին մէջ կատարուած է: Այդ գիրքը իր կեանքին պատմութիւնն է՝ ընդհանրական դարձած ուրիշ մարդոց կեանքերուն համար ալ…

Գաղթական ընտանիքի զաւակը, ի սկզբանէ հայերէն չէր երգեր, եւ հայ երգին ոգին է, որ զայն մօտեցուցած է իր ինքնութեան… Արաբերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով երգող Ատիս Հարմանտեանը բացայայտած են ձայնապնակներու վաճառքով զբաղող հայ վաճառականները եւ երբ ձայնագրած են Ատիսին առաջին հայերէն երգը, աննախընթաց այնպիսի յաջողութիւն ունեցած են, որ պահ մը ետին ձգած են օտարալեզու ձայնապը-նակներու վաճառքը եւ զբաղած՝ հայկական երգերու տարածմամբ:

Ատիս ինքն ալ Պուրճ Համուտի մէջ ունեցած է իր տիսքոթէքը՝ «Ատիս» անունով, որ հաւաքատեղի եղած է հայ երգի սիրահարներուն համար: Իր երգած երգերը, նաեւ՝ հայրենի երգիչներուն երգերը, արագօրէն կը ձայնագրուէին եւ կը տարածուէին հայութեան մէջ:

Տիսքոթէքները նաեւ հաւաքատեղիներ էին արուեստագէտներուն եւ Պէյրութ շրջապտոյտի գացող հայ նշանաւոր մարդոց համար: Տիսքոթէքները կը կազմակերպէին աստղերու համերգներ, կը վաճառէին համերգի տոմսերը եւ անփոխարինելի կապ էին երաժշտասէրին եւ երգիչին միջեւ:

Յետագային Ատիս Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է եւ երգիչի գործունէութիւնը Ամերիկայէն շարունակած է, բայց Պէյրութ բնակած տարիներէն արդէն երգահանդէսները, ելոյթները, շրջապտոյտները եւ բուռն համերգները յաջորդած են ամբողջ աշխարհի տարածքին, ան հռչակուած էր իբրեւ հայ ժողովուրդի Թոմ Ճոնզ: Սըր Թոմ Ճոնզի՝ անգլիացի աշխարհահռչակ երգիչի փառքի տարիներուն էր, որ Ատիս նոյնպէս փառքի գագաթնակէտին հասած էր:

Ատիս ձայնագրած է շուրջ երեսուն ալպոմ, որոնց մէջ նաեւ հեղինակային երգեր կան, բայց սովորաբար կ՚երգէր հայրենի երգահաններ Յասմիկ Մանասէրեանի եւ Սեդրակ Յովհաննիսեանի համատեղ գրած երգերը, որոնցմէ՝ «Ծաղիկներ» երգը համահայկական փառք բերած է անոր: Հակառակ որ տարիքի եւ հիւանդութեան բերումով վերջին տարիներուն հեռացած էր երգի աղմկոտ միջավայրէն, բայց եւ այնպէս, հերոսական կարելի է նկատել անոր այցը պատերազմող Սուրիա՝ 2017 թուականին, ուր երգահանդէս ունեցաւ եւ պատերազմի սարսափը ապրող ժողովուրդը մխիթարեց, կեանքի յոյս տուաւ իր երգով…

1970-ականներուն Ատիս երգած է նաեւ Պոլսոյ մէջ: Շատ պոլսահայեր հաւանաբար տակաւին կը պահեն այդ երգահանդէսին՝ Միջին Արեւելքէն գացած եւ մաքուր հայերէն երգեր երգած երիտասարդ ու հմայիչ Ատիսին անմոռանալի համերգին տպաւորութիւնը:

Երգիչը նաեւ օտար երգեր կը հայացնէր: Այդ թարգմանութիւններէն եւ իր երգածներէն «Սայլորդ»ն է ամենանշանաւորը՝ ռուսական երգ մը, որ ռուսերէնով տարածուած էր Խորհրդային Միութեան տարածքին եւ Ատիս երգեց անիկա հայերէնով, ինքն ալ հայ երգի յաւերժ սայլորդ մը մնալով…

*

Ատիսի մահուան առթիւ Պէյրութի Համազգայինի շրջանային գրասենեակը հետեւեալ յիշատակի գիրը տարածած է.

«Որքա՜ն լաւ օրերս գացին». այսպէս ան կ՚երգէր «Սայլորդ»ը, առանց իմանալու, թէ իր կեանքի լաւ ու վատ օրերը այսքան արագ պիտի հեռանային իրմէ:

Սեպտեմբեր 1-ին իր աչքերը յաւիտեան փակեց Ատիս Հարմանտեան՝ սփիւռքահայ հանրածանօթ էսթրատային երգիչը, խոր կսկիծի մէջ ձգելով լիբանանահայ գաղութը: Սակայն ան պիտի շարունակէ ապրիլ հայութեան հետ, որովհետեւ իր դիւթիչ ձայնով հմայած է հայ պատանին, իր երգով երիտասարդը կապած է հայ մշակոյթին, հոգեպարար երգերուն բառերով տարեցին յուշերը վառ պահած է ու այսպիսով դարձած անմահ:

Աւելի քան կէս դար, Ատիս Հարմանտեան այլասերումի եւ օտարամոլութեան այս դարաշրջանին սատար հանդիսացած է հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման:

Ատիս երգեց մեր սրտին խօսող երգեր: Հայ մշակոյթի անխոնջ այս մեկնաբանը ապրումներով պարուրեց ունկնդիրները, հետեւաբար անոր ձայնն ու երգերը վառ պիտի մնան սփիւռքահայութեան մշակութային կեանքին մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, Էսթրատային երգերու անզուգական մեկնաբան՝ Ատիս Հարմանտեան:

*

ԱՏԻՍԻ «ԵՐԳԻ ՃԱՄԲՈՎ» ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

…Հատորին մէջ հեղինակը իր կեանքի պատմութիւնը տալով, իր ապրած տխուր եւ ուրախ օրերը յիշելով, կը գրէ, թէ ինչպէս մուտք գործեց երգի ասպարէզ:

Նախ օտար, ապա վճռական կերպով որոշեց հայ երգի ու յատկապէս էսթրատային երգերու նուիրուիլ: Արդարեւ, նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար երբ ըսենք, թէ Ատիսէն առաջ Սփիւռքի հայութիւնը ընդհանրապէս թրքական կամ եւրոպական, արաբական, պարսկական երգեր կ՚երգէր: Ատիսի երեւումով եւ անոր երգերու ղօղանջներով հիմը դրուեցաւ սփիւռքի հայ երգին, իսկ Ատիս եղաւ այդ երգերուն հիմնադիրը եւ նամակատար աղաւնին, եւ ճամբորդեց, սաւառնեցաւ երկրէ-երկիր, ուր որ հայ կայ հոն եղաւ, անջրպետներ կտրեց հայ երգը տարաւ հայ երգի ծարաւ սփիւռքահայուն՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն միչեւ Յունաստան, Ֆրանսա, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, Գանատա եւ Միացեալ Նահանգներ:

Այս գիրքին մէջ կը կարդանք Ատիսին երգած եւ իր խօսքերով գրուած երգերու փունջ մը, որոնք սիրոյ, կեանքի, մարդու մասին գրուած խորհրդածութիւններ են: Նմանապէս, այս հատորին մէջ կը տեսնենք այցելած հայ համայնքներու նկարագրութիւնները, կեանքի փորձառութեամբ հասունցած «խօսքերը», ինչպէս նաեւ՝ հայ թերթերու մէջ իր ելոյթներուն մասին տրուած տեղեկութիւնները:

Ատիս Հարմանտեանը շուրջ յիսուն տարի բեմին վրայ հայ երգը հնչեցուց, հայ երգը բազմահազար երիտասարդ-երիտասարդուհիներու սիրցուց: Անոր ֆիզիքական վայելչութիւնը, անոր զուլալ, քաղցր եւ սրտագին ձայնը, զեղուն կարօտով, թախծոտ երանգներով յօրինուած երգերը գերեցին, բոցավառեցին երազող պատանիները, սիրահար հոգիները, սիրոյ կրակով այրուած սրտերը:

Արդարեւ, Ատիս Հարմանտեանի տաղանդը զարմանալիօրէն բեղմնաւոր է, ուղղակի անսպառ: Ան կատարողական բարձր արուեստով գիտէ մատուցել իր երգերը, գրել երգերու բառեր, դէմքի, մարմնի շարժուձեւերով խորապէս տպաւորել զինք ունկնդրողները:

Ատիս Հարմանտեան յիսուն երկար տարիներու հմայող երգիչն է: Ատիսին լսելը կեանք կու տայ մարդուն, երջանկութիւն կը պարգեւէ զինք լսողներուն, իսկ սէր չունեցող մարդուն մէջ Ատիս սիրոյ կրակ կը վառէ անոր մէջ:

2016 թ.

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/10-09-2019-հայ-երգի-սայլորդ-մը-հեռացաւ…

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın