İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Nd.ıuüzujndkrdz ethr Upkusuğ İ$ HUIUĞUÜ SUINDJNDŞJUD UPKUSUĞR İ$ :UV ŞMŞPŞJDNW ST>

Աղթամարի ուխտագնացութիւը որ արդէն աւանդութութիւն դարձած, եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան Ս. Պատարագի օրը, տեղի ունեցաւ երէկ 8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ։

Ուխտագնացութիւնը սկսաւ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019, միջօրէին նախագահութեամբ  Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեանի։

6 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ

Ժամը 15.35ին Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի օդանաւով ճամբայ ելաւ դէպի Վան։ Մօտաւորապէս երկու ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, խումբը ժամը 17.50-ին հասաւ Վանի Ֆէրիտ Մէլէն օդակայանը, ուրկէ անցաւ հիւրանոց։

7 Սեպտեմբեր 2019, Շաբաթ

Խումբը, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի, ուր կատարեց անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները, փոխադրուեցան նաեւ եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։

Այս առթիւ, Կղզիի վրայ լարուած էին վրաններ, առողջապահական կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ մամլոյ հաղորդակցութեան կեդրոն մը։ 

Յետ միջօրէին, Վան հասան նաեւ Ս. Պատարագի ընթացքին սպասարկելու հրաւիրուած սարկաւագներն ու դպրաց խումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Կուսակալին պաշտօնական այց

Տեղապահ Սրբազանը ժամը 14.00-ին  քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզին՝ անոր անձնական բնակարանին մէջ։ Մեծայարգ Կուսակալը անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ կարողութիւն՝ իր կիրակնօրեայ պարտականութեանց համար։ Կուսակալը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։

Իսկ Սրբազան Հայրը ըսաւ որ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որու ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ընծայուած ընդունելութեան, թէ՛ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ցուցաբերուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, Տեղապահ Սրբազանը Կուսակալին նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ կերպասեայ գանձերու մասին հատորը։ Իսկ Վանի Կուսակալը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց Աղթամարի յախճապակեայ նկար մը։

Հանդիպում Էրթուղրուլ Կիւնայի հետ

Նորին Սրբազնութիւնը երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Էրթուղրուլ Կիւնային հետ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Էրթուղրուլ Կիւնայ շեշտեց երկու ժողովուրդներուն կապերուն անհրաժեշտութիւնը եւ այլեւս աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու պատարագը։ Ան, իր այլեւս աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու պատարագը։ Ան, իր յօդուածներու վերջին ժողովածոյին հատորը նուիրեց Տեղապահին։

Այցելութիւն՝ Վանի նորակառոյց թանգարան

Նորին Սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ Վանի նորակառոյց թանգարանը եւ տեղւոյն գիտաշխատող Աթիլլա Կէօքի առաջնորդութեամբ տեսաւ հարուստ հաւաքածոն։

Մինչ այդ, արդէն իսկ Վան հասնիլ սկսած էին ուխտաւորներ։ Այս ուխտաւորները նախապէս այցելած էին Կարս եւ յարակից շրջաններ,  ապա եկած էին Վան, մասնակցելու համար Աղթամարի արարողութեան։

8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի

Երէկուան արարողութիւնները այս ուխտագնացութեան բարձրակէտն էին։ Առաւօտ ժամը 08.30-ին սպասարկողներու խումբը, առաջնորդութեամբ Լուսարարապետ Հայր Թաթուլ Անուշեանի, ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։ Ժամը 10.30-ին կղզի հասաւ նաեւ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան, որ մուտք գործեց տաճարէն ներս։ Ժամը 11.00-ին կազմուեցաւ հանդիսաւոր թափօր, որ Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն  ուղղուեցաւ դէպի տաճար, գլխաւորութեամբ Պատարագիչ Սրբազան Հօր։

Կը սպասարկէին Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Բրկ. Ղազար Կ.Սրկ. Սապունճեան, Արտա Կ.Սրկ. Փընարճեան, Կարապետ Կ.Սրկ. Եոնթանեան, Շահին Ուր. Դպ. Քալտըրըմեան, Շանթ Ուր. Դպ. Չէլիքեան եւ Միհրան Դպ. Սաթըլմըշ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան  հրաւիրեալ դպրաց խումբին կողմէ,  որ յատկապէս այս ուխտագնացութեան համար եկած էր Աղթամար։ Երգեցողութիւնները կ’առաջնորդէր  Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։ 

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ եւ իր փոխանորդը, Ատանայի մէջ Ամերիկայի Հիւպատոսը, Կէվաշի Քաղաքապետ Մուրատ Սէզէր, Գաւառապետը, Մշակոյթի նախկին Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ եւ այլ պաշտօնական անձեր։

Յիշատակութիւն

Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ յիշատակութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամարի մէջ գահակալած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։ 

Քարոզ

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց, բնաբան ունենալով Խաչվերացի Ողորմեա շարականէն «Փայտ կենաց որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցեր. պարսպեալ պահեա զուխտս հաւատացելոց» տունը։ Սրբազանը սապէս խօսեցաւ.

«Գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք Բարձրալին՝ Աստուծոյ, որ արժանացուց մեզ անգամ մը եւս պաշտամունք կատարել Աղթամարի այս հոյակապ տաճարին մէջ: Շաբաթ մը առաջ է, որ կը տօնենք Խաչվերացի Տաղաւարը, որպէսզի պանծացնենք նաեւ Եկեղեցւոյ անունը, որ խորհրդանշական մեծ արժէք ունի Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքին համար:

Կորսուածը վերագտնել միշտ հրճուանք կը պատճառէ մարդուն սրտին, ինչպէս տուն դարձած Անառակ Որդւոյն մասին հայրը կՇարտայատուէր արցունքաթաթախ աչքերով։ «Այս իմ որդիս կորսուած էր՝ գտնուեցաւ, մեռած էր՝ յարութիւն առաւ»։ Աղթամարի այս գողտրիկ տաճարին համար միեւնոյնն են մեր զգացումները։ Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս շնորհքը ըրաւ մեզի կրկին եւ այս Սուրբ Տաճարն ու իր զաւակները ողջագուրուեցան անգամ մը եւս այս տարի ալ։

Խաչը ամէն սերունդի կողմէ յաճախ վերագտնուելու է խորագոյն իմաստներով եւ փառաւորուելով բարձրացուելու՝ մարդկութեան վերեւ։ Սուրբ Խաչը, Քրիստո-նէութեան այս վսեմագոյն նշանը ունի նաեւ տիեզերական իմաստ մը։ Ան ամէնէն խորունկ խորհրդանիշն է սիրոյ, ամէն տեսակ անձնազոհութեան, նուիրագործումի եւ անձնուրացումի։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս տակաւին չէր խաչուած, երբ խաչը այս իմաստով գործածեց որպէս նշան՝ անձնական զոհողութեան եւ նաեւ անձնական փրկութեան միեւնոյն ատեն։ «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն» (Մատթ.10.38)։

Մեր աչքերը երբեք չեն նայիր Քրիստոսի Սուրբ Խաչին առանց տեսնելու Խաչեալի փառահեղ Յարութիւնը։ Մեր հայրերը խաչքարերու արուեստով խաչը վերածած են կենաց նշանի։ Հոն մահուան սարսափազդու գործիքը կորսնցուցած է այլեւս իր տխրութիւնը եւ լուսադէմ կը կանգնի բոլոր տառապեալներու առջեւ իբր Կենաց Ծառ, որմէ կը հայցենք շնորհք եւ օրհնութիւն։

Սիրելի ուխտաւոր եւ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,

Դուն ալ կեանքի դժուարութիւններդ եւ խնդիրներդ, ցաւերդ եւ հիւանդութիւններդ խաչի վերածէ եւ շալկելով քու ուսերուդ վրայ բարձրացուր զայն։ Իմացիր որ Երկնաւոր Հայրդ կը դիտէ, եւ յարմար ժամանակին ծաղիկի եւ պտուղի պիտի վերածէ քու խաչդ ալ, ինչպէս խաչքարերը մեր։

Խաչը խորհրդանշանն է սիրոյ, խորհրդանիշն է նաեւ եսակեդրոն կենսավիճակէ մը դէպի Աստուածակեդրոն կենսավիճակի մը անցքին, ուր այլեւս Աստուծոյ կամքը կՇիրականանայ մարդկային հաճոյքէն եւ անհատական շահերէն գերադասուելով։  

Սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Քրիստոսի Սուրբ Խաչին ձօնուած այս Տաճարին մէջ եկէ՛ք միասնաբար աղօթենք, որպէսզի բարձրեալն Աստուած մեզ եւ ամբողջ աշխարհը Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող սքանչելի լոյսով թո՛ղ լուսաւորէ, փոխէ եւ պայծառակերպէ։ Պատերազմները՝ խաղաղութեան, խաւարը՝ լուսաւորութեան թո՛ղ վերածէ։ Մեր ընտանեկան յարկերէն ներս սէր եւ խաղաղութիւն շնորհէ։ Եւ Սուրբ Խաչի պահպանող զօրութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորին վրայէն։

Փառք Սուրբ Խաչիդ. Ալէլուիա։

Զօրութիւն Սուրբ Խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փոր¬ձութենէ։

Թող այսօր, մեր սրտի ջերմեռանդ աղօթքները նուիրական այս տաճարէն լսելի ըլլայ քեզ, ո՜վ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս։ Ընդունէ՛ մեր ուխտը, նորոգէ եւ զօրացուր մեզ բոլորս մեր կոչման եւ պարտաւորութեանց մէջ եւ արժանի ըրէ մեր սուրբ հայրերու հետ փառաւորելու Քեզ, ընդ Հօր եւ ընդ Սուրբ Հոգւոյդ։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»։

Խոստովանանք եւ Ս. Հաղորդութիւն

Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ապա Պատարագիչ Սրբազան Հայրը հաղորդութիւն տուաւ Տաճարին մէջ ներկայ հաւատացեալներուն։ Նկատի ունենալով բազմութիւնը, հոգեւոր հայրեր եւս Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեցին։

Անդաստան

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու աղօթակցութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Աշխարհի իւրաքանչիւր կողմ դարձը կը դժուարանար, քանի հաւատացեալներ եւ մամուլի աշխատակիցներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին վանքին շրջափակը։

Ապա հանդիսադիր Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ աւարտին հասան հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։

Այստեղ խօսք առաւ Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Էմին Պիլմէզ եւ իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ ահա անգամ մը եւս իրականացած էր Աղթամարի ուխտագնացութիւնը։  Ան շեշտեց այս ու նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը։

Խօսք առաւ նաեւ Մշակոյթի նախկին Նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ եւ շեշտելով Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու համակեցութեան կարեւորութիւնը, ըսաւ որ երբեք պէտք չէ մոռնալ բազմադարեան համակեցութեան գեղեցիկ նկարը եւ պէտք է պահպանել մեր եղբայրական կապերը։ Ան ըսաւ նաեւ որ հայերէն լեզուն չգիտնալուն արարողութեան լեզուն չէ հասկցած, բայց եւ այնպէս երաժշտութիւնը շա՜տ հարազատ հնչած էր իր ականջին։ Ահա այս եւ նման բաներն են որ զիրար կը շաղկապեն երկու ժողովուրդները։

Սիրոյ սեղան

Կէվաշի Քաղաքապետ Մուրատ Սէզէր ի պատիւ այս ուխտագնացութեան, Էտրէմիտի մէջ սարքեց սիրոյ սեղան մը, որուն մասնակցեցան պաշտօնական անձնաւորութեանց առընթեր, Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հայրեր, Ս. Սեղանի սպասարկողներ, դպրաց խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Կէվաշի ժողովուրդը։

Այս առթիւ, Կէվաշի Քաղաքապետը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց  ձեռագործ նկար մը, որ շրջանին համայնապատկերն էր։

Քաղաքապետը ապա գիւղական պարտէզներու մէջ շարունակեց հիւրասիրել Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները։

Վերադարձ

Յաւարտ հանդիսութեանց,վերջացաւ նաեւ այս տարուայ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Իսթանպուլ։

http://www.normarmara.com

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın