İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան իր հետն ունենալով Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, 5 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակը եւ ընդունուեցաւ Սահակ Սարգիսեանի կողմէ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ներկայացուցչութեան Խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Քաղաքավարական բնոյթով այցելութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւ ինչ ինչ հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւն։

Մօտ մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի աւարտին Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առաւ Ներկայացուցչութենէն։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/տեղապահ-սրբազան-հայրը-այցելեց-հայաստ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın