İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՈՒ ՑՆՑԻՉ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ. ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՅԱՅՏՆԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐԷՆ ԱՍԱՏՈՒՐ ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի այնքան սիրուած բարերարներէն, յայտնի գործարար Ասատուր Բարունակեան։ Սա իսկապէս անժամանակ եւ ցնցիչ կորուստ մըն է։ Համայնքային շրջանակները արդէն խոր յուզումի մատնուած են Ասատուր Բարունակեանի մահով։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածում գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս։

Ասատուր Բարունակեան երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Պոմոնթիի իր գործատեղիին մէջ անցուցած է սրտի տագնապ մը։ Շտապօգնութեան մեքենայով ան փոխադրուած է Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցը, սակայն բժշկական միջամտութիւնները ափսոս, որ մնացած են ապարդիւն եւ ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիները։

Ասատուր Բարունակեան մեր համայնքէն ներս եղած է իր սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին։ 1951 թուականին ծնած էր Սամաթիոյ մէջ՝ որպէս որդին Մելքոն եւ Արմենուհի Բարունակեան ամոլի։ Աւելի վերջ ընտանեօք փոխադրուած էին Սկիւտար, ուր անցուցած էր իր պատանութեան եւ երիտասարդութեան շրջանը։

Ասատուր Բարունակեան շատ երիտասարդ տարիքով նետուած էր կեանքի պայքարի, որու մէջ արձանագրած էր գագաթնային նուաճումներ։ Մօտաւոր անցեալին մահացած իր կրտսեր եղբօր՝ Անդրանիկ Բարունակեանի հետ գործարար կեանքի մէջ տարած էին յամառ աշխատանք։ Բարունակեան եղբայրները՝ որպէս ձեռներէցներ հրապարակի վրայ ապահոված էին բարի համբաւ ու մեծ հեղինակութիւն։ Այդ յաջողութիւններուն մէջ առանցքային դեր ունեցած էր Ասատուր Բարունակեան, որ ընտանեկան իրենց ընկերութեան վերելքի հիմնական դերակատարը եղած էր։ Թրիքոթաժի բնագաւառին առընթեր, զբաղած էր նաեւ շինարարութեամբ։

Ասատուր Բարունակեան մեր համայնքային կեանքին ալ այնքան համակրելի մասնակիցներէն մին էր։ Որպէս բարերար զօրակցութիւն կը բերէր մեր զանազան հաստատութիւններուն, բազում ծրագրերու։ Ստանձնած էր նաեւ վարչական կարեւոր պատասխանատուութիւններ՝ անցեալի մէջ մաս կազմելով թէ՛ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ թէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։

Ամուսնացած էր Թալին Յովակիմեանի հետ։ Բախտաւորուած էին երկու դուստրերով, որոնցմէ ունին նաեւ թոռնիկներ։ Ասատուր Բարունակեան ընտանեկան տիպար հայր մըն էր եւ իր անսահման սէրը կը տարածուէր բոլոր հարազատներուն վրայ՝ որպէս հովանի։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուի ընտանեկան մահազդով։ Իր կորուստը արդէն սուգով համակած է համայն ընտանիքը եւ իր ընկերային շրջանակը։

Այս դառն առթիւ յաւիտենական հանգիստ կը հայցենք նորոգ վախճանեալ Ասատուր Բարունակեանի ազնիւ հոգւոյն։ Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այրիին՝ Թալին Բարունակեանին, զաւակներուն՝ Ասլին-Միհրան Թեմինեանին, Սելվին-Մկօ Էօզկիւլին, թոռնիկներուն, քեռկնոջ՝ Ալիս Բարունակեանին, եղբօրորդիներուն՝ Արէտ-Մելիսա Բարունակեանին, Անիթա-Տարօն Քարաքըզին, մօրեղբօր՝ Սարգիս-Նուարդ Շահապօղլուին, հարազատներէն Մարի-Յարութիւն Սարուխանեան ամոլին եւ որդւոյն՝ Արթուն Սարուխանեանին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/5-09-2019-անժամանակ-ու-ցնցիչ-կորուստ-մը-ոչ-եւս-է-մեր-համայնքի-յայտնի-գործարար?fbclid=IwAR3Y8wwOLYakI-9a-3XiSDZE9XQEwGoc29xFdwY5oW4R43dtwUKv-3au_tQ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın