İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ – Ամառ 2019

Աշունը Հալէպ կը հասնի Սեպտեմբեր 21-ին, սակայն ամառը վերջացած կը սեպուի դպրոցական նոր տարեշրջանի վերամուտով՝ Սեպտեմբեր 2-ին:

Տակաւին ամառ է: Մեր միութիւններու բացօթեայ ճաշարանները բաց են, գրեթէ բոլորն ալ լաւ կ’աշխատին, գրեթէ միշտ լեցուն են:

Միշտ լեցուն են մեր ճաշարանները, թէեւ մարդոց գլխաւոր մտահոգութիւնը անգործութիւնն է, եւ չափազանց սղութիւնը: Իրականութեան մէջ սղութիւնն ալ կը նպաստէ, որ մարդիկ ճաշարան երթան, տունը մսեղէն ուտելու հոն միսը քչիկ կը համտեսեն եւ փորերնին զանազան աժան ուտելիքներով կը լեցնեն: Կատակը կատակ, բայց ըսածիս մէջ որոշ ճշմարտութիւն մը կայ, երկու-երեք սէնտուիչ ուտելու գնով, կամ տունը լաւ ճաշ պատրաստելու գնով կարելի է հայկական ճաշարան մը երթալ եւ ժամանակ անցընել:

– Ես ճաշարան կշտանալու չեմ երթար, տունը կրնամ կշտանալ. ճաշարան, ընտանեօք կամ ընկերներով  ժամանակ անցընելու կ’երթամ: 

Իրականութիւն մըն ալ այն է, որ մարդիկ ամէն օր ճաշարան չեն երթար, ոմանք ամբողջ ամառը ճաշարանի երես չեն տեսներ:

Հայկական ճաշարանները համեմատաբար աժան են, եւ միութենապատկան ըլլալնուն՝ միայն հայերով լեցուն կ’ըլլան, յայտարարելով, թէ մուտքը միմիայն միութեան անդամներուն արտօնուած է: Անշուշտ (յաճախ որպէս հիւր) մուտք կրնան գործել պետական կամ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Ասիկա հայկական ցեղապաշտութեան դրսեւորո՞ւմ է, թէ՞ տեսակ մը ինքնապաշտպանութիւն: Այս դրութիւնը սակայն վերջերս փոփոխութիւն կրեց. Կարգ մը միութենական ճաշարաններու մէջ կրնանք մեծ թիւով արաբ քրիստոնեաներու հանդիպիլ, նաեւ հարուստ դասակարգի իսլամներու: Չէ՞ որ մեր ճաշարաններուն թիւը նոյնը մնաց իսկ մեր թիւը իջաւ քառորդի, բնականաբար յառաջացած բացը օտարները (մեզի համար) պիտի գոցեն:

Մեր կղզիացումը միայն ճաշարաններուն չի վերաբերիր, ընդհակառակը ճաշարանները այս իմաստով ամենավեջին տեղը կը գրաւեն: 

Ինչո՞ւ այսպէս եղած է, ինչո՞ւ հարիւր տարի շարունակ առանձնացած ապրած ենք, ինչո՞ւ նախընտրած ենք կուկուսիի նման ապրիլ. Մեր դպրոցներու դռները փակ եղած են ոչ-հայերուն համար, նոյնպէս մեր միութիւններունը: Այսպէ՛ս ապրած ենք, որովհետեւ վախցած ենք խառնուելէ, վախցած ենք մեր համախմբումի վայրերուն մէջ այլազգի մարդիկ մտցնելէ, պահպանած ենք մեր հայութիւնը, մեր ընկերային կեանքին մէջ չենք վստահած օտարներու նկարագրին եւ կենցաղին, մեր աղջիկները վստահած ենք միայն հայ տղոց՝ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքին սրբութեան հաւատալով: Կը յիշէ՞ք, տուն ծախող հայ ընտանիք մը իր տունը միայն հայու կը ծախէր, նոյնիսկ շատ աւելի աժան գնով. տան մեծը կ’ըսէր.

– Դրացիներուս անէծքը հետս պիտի չտանիմ:

Հիմա՞: Հիմա տուն գնող հայ չէ մնացած, հիմա հայերը տուները կը ծախեն, Ճամբորդածները քանի մը ամիս կու գան Հալէպ, թէ՛ կարօտնին կ’առնեն, թէ՛ ալ կը փորձեն իրենց ունեցածը ծախել: Մեծ մասը առանց տունը ծախելու ետ կ’երթայ, որովհետեւ այնքան շատ են տուն ծախել ուզողները, իսկ գնողներէն շատերը առեւտուրի համար կը գնեն, յուսալով թէ ապագային շատ պիտի սղին տուներու գիները, չէ՞ որ նախկինին համեմատ տուները շատ աժան են հիմա: Իրականութեան մըն ալ այն է, որ տուներուն գիները աժան են յատկապէս քրիստոնէական թաղերուն մէջ, որովհետեւ բոլորը գիտեն որ ուշ կամ կանուխ գացածները, մանաւանդ ներկայի գաղթողները ստիպուած պիտի ըլլան աժան ծախել …ամէն ինչ…:

Իսկ գաղթողները քիչ չեն, անոնց շարքին քիչ չէ թիւը հայերուն. չեմ կարծեր, թէ չափազանցած պիտի ըլլամ եթէ ըսեմ, ամէն օր կայ Հալէպէն գաղթող:

Ամրան յատուկ են ամառնային դպրոցները. մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկները ուսումնական տարեշրջանի աւարտէն հազիւ 10-15 օր անցած, կը սկսին յաճախել միութիւններու կազմակերպած ամառնային դպրոցներէն մին, որոնց յայտագրերը մեծ մասամբ պտոյտներ եւ խաղեր են եւ որոնք անպայման կը վերջանան հանդէսներով: Ամրան ընթացքին ֆէյսպուքեան էջերը կ’ողողուին այս դպրոցներու առօրեան նկարագրող նկարներով:

Հինէն ի վեր եկող այլ երեւոյթ են մեր պատանիներու ամենասիրած սկաուտական բանակումները:Մեր միութիւնները ունին սկաուտական եւ արենուշական խումբեր: Տարիներ առաջ բոլորն ալ Քեսապ կ’երթային՝ վրաններու տակ անցընելու 10-15  արկածախնդրական օրեր. յաճախ նոյն ժամանակաշրջանին մէկէ աւելի սկաուտական բանակումներ կ’ըլլաին, եւ մէկը միւսէն դրօշակ «գողնալ» կը փորձէր, դէպի լեռներ եւ անտառներ արշաւներ կը կազմակերպուէին, խաղերով եւ մրցումներով կ’անցնէր ժամանակը: Բանակումը կ’աւարտէր գեղարուեստական յայտագրով  յագեցած խարուկահանդէսով, որուն ներկայ կ’ըլլային Հալէպէն ժամանած մեծ թիւով ծնողներ: փողերախումբերով շքերթներ կը կազմակերպուէին, սկաուտական ամբողջ կազմը կը տողանցէր Քեսապի փողոցներով: Իւրաքանչիւրը կը փորձէր միւսէն աւելի շքեղ տողանցք-շքերթ կազմակերպել, չէ՞ որ յաջորդ օրերուն Հալէպահայութեան խօսակցութեան նիւթը տողանցքներու քննարկումները կ’ըլլային:  

Հինգ տարիներու ընդմիջումէ ետք, Քեսապի բանակումները վերջին երկու տարիներուն վերսկսած էին: Այս տարի տարի մեր սկաաուտները Քեսապ չգացին, որովհետեւ ընդդիմադիր զինեալները երբեմն-երբեմն հրթիռներ կ’արձակեն այս հայաւանին վրայ, յիշեցնելով մեզի թէ տակաւին վտանգը չէ՛ անցած: Ի՞նչ վտանգ անցնելու մասին է խօսքը, երբ ամէն տեղ են զինեալները, նոյնիսկ Հալէպի մեր փողոցներէն ոչ շատ հեռու, վերջին շրջանին ամէն օր չե՞ն զգացներ իրենց ներկայութիւնը, եւ ի զուր կը փորձենք մխիթարուիլ, որ անոնց հրթիռները չեն հասնիր մեր թաղերը: Կարծէք միւս թաղերու բնակիչները մեզի պէս մարդիկ չեն, կարծէք գետնին վրայ արիւնլուայ փռուածը անմեղ երեխայի մը անշունչ դիակը չէ… ի՛նչ ընենք որ հայ մօրմէ չէ ծնած, ի՛նչ ընենք որ անծանօթ հօր մը զաւակն է…        

Ապահովութեան խնդիրը մէկ կողմ դնենք, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ի՞նչ կը կատարուի մեր շուրջը, չենք գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի դադրի այս անիծեալ պատերազմը, մենք որպէս անզօր քաղաքացիներ կրնանք միմիայն աղօթել, որ խաղաղութիւնը շուտ գայ եւ դուրս գանք սպանդանոց տարուելիք ոչխարի կարգաւիճակէն: 

Անապահովութեան չափ տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ մեր տնտեսական վիճակը. Մեր շահածը շատ հեռու է մեր պահանջքը բաւարարելէն. բացարձակ մեծամասնութեամբ կը շարունակենք նպաստներ ստանալ: Ճիշդ է նպաստները կը ստանանք մեր միութիւններէն, սակայն գլխաւոր նպաստաբաշխը CARITAS-ն է՝ աշխարհի 165 Կաթոլիկ ազգային եկեղեցիներու բաեսիրական կազմակերպութիւններու միութիւնը, որ հիմնուած է Հռոմի մէջ: Մօտիկ ծանօթ երեք երիտասարդ ընտանիքներ, որոնք բոլորն ալ ամուսին-կին կ’աշխատին, երեքն ալ նպաստ կը ստանան, երեքն ալ Հալէպէն գաղթած իրենց բարեկամներու տուներու մէջ կը բնակին սակայն երեքն ալ տնտեսապէս անցուկ վիճակ ունին: Երեքն ալ կատակով քանի մը անգամ, իսկ քանի մը օր առաջ շատ լրջօրէն ըսին.

– Հաճիս Քուէյթի բարեկամիդ դիմէ, մեզի քիչ մը թող օգնէ:

Հալէպի բոլոր երիտասարդները այս բարեկամներուս վիճակին մէջ կը գտնուին: 

Փիւթակազը տակաւին հերթով կը բաշխուի, մազօթը տարեկան շատ քիչ յատկացումներով կը տրուի, տակաւին փողոցներուն մէջ ելեկտրածին շարժիչներու լարերը տարածուած կը մնան, տակաւին անորոշ ապագայի մտահոգութիւնն է գերիշխողը…

Սակայն հակառակ այս բոլորին, հալէպահայերը ոչ թէ կը գոյատեւեն, այլ կ’ապրին. Մեր մշակութային գործունէութիւնը կը շարունակուի, մեր պարախումբերը, նուագախումբերը, թատերախումբերը, երգչախումբերը ամբողջ ամառ կը պատրատուէին ապագայի ելոյթներու

Այո՛, Հալէպահայերու կեանքը կը շարունակուի, ու գիտէ՞ք ինչն է մեզ ամենաշատ լիզքաւորողը, – Հայաստանագնացութիւնը, ամրան մեծ թիվը Հայաստան այցելողներուն, նախ հարսանիքի գացողները, չէ՞ որ հիմա մեծ թիւով նախկին հալէպահայեր Հայաստանի մէջ կը կատարեն իրենց զաւակներուն պսակները, մեծ է թիւը զանազան միջոցառումներու մասնակցող երիտասարդներուն, քիչ չեն նաեւ Հայաստան փոխադրուելու մտադրութիւն ունեցողները, ասոնք Երեւան կ’երթան գործի կարելիութիւններ ուսումնասիրելու:

Ի՞նչ ըսեմ. հիմա լա՞ւ է Հալէպի վիճակը, թէ՞ գէշ:

Անկեղծօրէն ըսեմ…. աւելի ճիշդ է պիտի ըլլայ եթէ իմ փոխարէն խօսքը տամ Հալէպահայերու մեծամասնութեան.

– Մեզի համար վերջացած է Հալէպը:

Իրաւացի՞ են… Ո՞վ գիտէ:

Մանուէլ Քէշիշեան

30 Օգոստոս 2019

Կիրակնօրեայ հաւաք – արենուշական խմբակ
Հ.Ե.Ը.ի բանակում- Քաֆրուն
Արհեստանոցներ – Վիլլաներ – քաղաքի կեդրոն
Ելեկտրածին շարժիշներու լարեր
Փիւթակազի բաշխում հերթագրութեամբ
Պարտէզ-ճաշարան
Ս.Ե.Մ.ի բանակում – Սէտնայա

https://www.civilnet.am/news/2019/08/31/Հալէպ-Ամառ-2019/366260

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın