İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ԿԷՏԸ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի յայտարարեց, որ պաշտամունքի ազատութեան տեսակէտէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները հասած են աներեւակայելի կէտի մը։ «Թուրքիա մանաւանդ վերջին քսան տարուան ընթացքին դարձած է երկիր մը, որ կը դողայ պաշտամունքի ազատութեան վրայ։ Ոեւէ քրիստոնեայ կամ հրեայ կրնայ պաշտամունքը կատարել իր անմիջական շրջափակի սրբավայրերուն մէջ։ Անհրաժեշտութիւն չկայ որեւէ թոյլտուութեան։ Բայց եւ այնպէս, երբ համայնքները կը փոքրանան, ապա շատ կը դժուարանայ նուիրատուութիւն հաւաքելը», ըսած է Մորիս Լեւի՝ «Հապէրթիւրք» թերթէն Էմրահ Տողրուի հետ զրուցելու ժամանակ։ Լրատուութեան մէջ մատնանշուած է, որ Թուրքիոյ պատմական ինքնութեան մէջ մեծ տեղ մը ունին փոքրամասնութիւնները, որոնք մեծաւ մասամբ այլեւս միայն Իսթանպուլի մէջ կ՚ապրին։

Հարցազրոյցի ընթացքին Մորիս Լեւի բացատրած է, որ փոքրամասնական համայնքներու կալուածներու վերադարձի գործընթացը կը շարունակուի շատ առողջ հունի մը մէջ։ Ան պատմած է, որ վեց տարի առաջ հրապարակուած կառավարական որոշմնագիրը փոքրամասնական վաքըֆներուն հնարաւորութիւն ընձեռած է՝ 1936 թուականի յայտարարագրերուն մէջ արձանագրուած իրենց կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար։ Այդ հիման վրայ փոքրամասնութիւններու վաքըֆները համապատասխան դիմումներ ներկայացուցին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Երկու տարուան ժամանակաշրջանի մը մէջ ուղարկուած են հարիւրաւոր թղթածրարներ։ Այդ դիմումներու մէկ մասին ընթացք տրուած է, կան նաեւ մերժուածներ։

Փոքրամասնութիւններու պաշտամունքի ազատութեան հանգամանքներուն անդրադառնալով՝ Մորիս Լեւի նշած է, որ հնարաւոր է կարգ մը պաշտամունքները նոյնիսկ սրբավայրերէ դուրս կատարել։ Ներկայիս քրիստոնեայ կամ հրեայ համայնքները այնքան փոքրացած են, որ կը դժուարանան իրենց սրբավայրերը կանգուն պահել։ Հետեւաբար, թէ՛ օրէնսդրութեամբ եւ թէ հասարակութեան խղճին մէջ պաշտամունքի ազատութեան գոյութիւն ունենալը չի նշանակեր, որ բոլոր համայնքները ամենահանգիստ ձեւով կը կատարեն իրենց պաշտամունքը։ Այսինքն, Մորիս Լեւի փափաքած է ընդգծել, որ փոքրամասնական համայնքները մտահոգութիւն կը կրեն իրենց ապագային համար։ Ան յիշեցուցած է, որ մահմետական կրօնաւորները կը վարձատրուին Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութեան կողմէ, իսկ քրիստոնեայ կրօնաւորներու ամսականները կը վճարուին տուեալ համայնքին կողմէ։ Լեւի շեշտած է նաեւ, որ փոքրամասնութիւնները կը դիմագրաւեն նաեւ նոր հոգեւորականներ հասցնելու դժուարութիւնները։ Երկրի համալսարաններու Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէներէն ներս թէեւ կարելի է հոգեւորական հասցնել, սակայն հրեաներու եւ քրիստոնեաներու պարագային կացութիւնը տարբեր է։ Անոնք կամ երէցի ու կրտսերի միջեւ փոխանցումով մը կը ջանան նոր հոգեւորականներ հասցնել եւ կամ կոչում ունեցողները աստուածաբանական ուսման համար կ՚ուղարկեն արտասահման։ Վերջին հաշուով սա ալ ելմտական միջոցներու կը կարօտի։ «Մասնաւորապէս Անատոլուի փոքր քրիստոնեայ համայնքները ո՛չ կրնան իրենց կալուածները կանգուն պահել, ո՛չ ալ կրնան բաւարար չափով կրօնաւոր ունենալ», ըսած է Մորիս Լեւի։

Նոյնպէս ելմտական միջոցներու անբաւարարութեան խնդրի ծիրին մէջ Մորիս Լեւի մատնանշած է, որ փոքրամասնութիւններու սրբավայրերու անվտանգութեան երաշխաւորումն ալ համայնքներուն կը բերէ լուրջ ելմտական բեռ մը։ Ան յիշեցուցած է, որ վերջին շուրջ երեսուն տարիներուն քանի մը անգամ յարձակումներ գործուած են սինակոկներու վրայ։ Ըստ Մորիս Լեւիի, իրաւապահ մարմինները իսկապէս մեծ զոհողութիւնով մը կը վերահսկեն հրեաներու եւ քրիստոնեաներու սրբավայրերը։ Մանաւանդ տօնական օրերուն միջոցներ ձեռք կ՚առնուին։ Սակայն անհրաժեշտ են նաեւ օգնական տարրեր, որոնք տուեալ համայնքի անդամները կը ճանչնան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մորիս Լեւի կանգ առած է նաեւ՝ մանաւանդ հայ եւ յոյն համայնքներու կրթական հաստատութիւններուն վրայ։ Ըստ իրեն, այդ դպրոցները Թուրքիոյ մէջ առողջ ու տեւական ձեւով կրթութիւն կը ջամբեն։ Այդ դպրոցներու խնդիրներու լուծման վերաբերեալ ակնկալութիւնները յանձնուած են Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքի նկատառման։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ հրէից վարժարաններու պարագային։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F29-08-2019-աներեւակայելի-կէտը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın