İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՐԹԵՒ «ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ» ԵՐԳԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պոլսոյ ամենասիրուած ու յայտնի երգիչներէն Սահակ Պարթեւ Կարեան իր մօտն ունենալով տաղանդաւոր երաժիշտ՝ Ռոպէր Տօղանայը եւ երիտասարդ երաժիշտ՝ Ռաֆֆի Տէր Գէորգեանը, 28 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 21.30-ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ, ոգեւորիչ համերգով մը ներկայացաւ Կղզեցիներուն։ Սոյն հանդիսութեան կը հանդիսապետէր՝ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, որ նոյնինքն անձամբ հսկած էր նաեւ համերգի կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի, Վարչութեան նախկին շրջանի ատենապետներէն՝ Լեւոն Գուզիքօղլու, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու անդամները եւ երաժշտասէր հասարակութիւնը։

Հանդիսութիւնը արտասովոր ոգեւորութիւն մը կը ստեղծէր, քանի նախ նուիրուած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին եւ կոչուած էր «Մեսրոպաշունչ Երգերու» գիշեր։ Արտասովոր էր այն առումով, քանի եկեղեցւոյ պատին վրայ կը ցոլանար Մեսրոպ Պատրիարքի հսկայածաւալ նկարը։ Եւս առաւել տպաւորիչ էր տեսարանը, քանի Պարթեւեան ամառնային համերգները, Գնալը Կղզիի աւանդութիւններէն մին դարձած էր անցեալին։

2019 BARTEV 1

Այսպիսի հանդիսաւոր տրամադրութեամբ հանդէսը սկիզբ առաւ, երբ բեմ բարձրացան Ռոպէր Տօղանայ, Ռաֆֆի Տէրգէորգեան եւ ի վերջոյ Պարթեւը։ Բացման խօսքը արտասանեց, Յարութիւն Աբեղան եւ մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր երաժիշտներուն, որոնք իր խնդրանքին ընդառաջելով փութացած էին Գնալը Կղզի։ Հայր Սուրբը, ներկաներուն յայտնեց հանդիսութեան կազմակերպման տրամաբանութիւնը եւ ըսաւ թէ Գնալը Կղզիի դարաւանդը անցեալին կը կոչուէր նաեւ մշակոյթի դարաւանդ, քանի այդտեղ կը կազմակերպուէին բազմաթիւ մշակութային հանդիսութիւններ։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի մշակոյթի դարաւանդը կը շարունակէր ծառայել իր առաքելութեան։ Հայր Սուրբը ի միջի այլոց ըսաւ. «Այս դարաւանդը իր առաքելութեան հիմքը ստացած է Մեսրոպ Պատրիարքէն, ինչպէս շատ մը առաքելութիւններու եւս հիմքը ինք հաստատած է։ Պարթեւի համերգները եւս, Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, Կղզիի աւանդութիւններէն մէկը դարձած էր։ Ամէն տարի երբ համերգը կը սարքուէր, ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը դարաւանդին վրայ կը հաւաքուէր եւ մասնաւորապէս իր հայերէն երգերը կը վայելէր։ Բոլոր ներկաներ հիանալի գիշեր մը կապրէին, ինչպէս կ՚ակնակալենք այսօր։ Պարթեւը այս եկեղեցիին մէջ, հայերէն երգերը սիրցուց շատերուն եւ այսօր անոր ներկայութեան աւանդութիւնը կը վերակենդանանայ, Պատրիարք Սրբազան Հօր խորհրդանշական ներկայութեան առջեւ»։ Հանդիսութեան առիթով շնորհեց նաեւ յուշանուէրներ, որոնց վրայ կը գտնուէին Հայ Երաժշտութեան Առաքեալներէն Կոմիտաս Վարդապետի աւանդաբար Գնալը Կղզիի մէջ պատկերացուած նկարը։

2019 BARTEV 2

Իր կարգին Պարթեւ, նախ երգեց «Տարիներ անցան» երգը, եւ ապա՝ իր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ու յայտնեց թէ՝ մեծապէս ուրախ է կրկին Գնալը եկած ըլլալով։ Պարթեւ ըսաւ. «Մօտաւորապէս քսան տարի առաջ էր, երբ ընկերներովս վերջին անգամ Կղզի եկած էի համերգի համար եւ այսօր նոյն վայրին մէջ երգելը մեծապէս կ՚ոգեւորէ զիս։ Մէջս անհասկնալի բորբոքում մը կը տիրապետէ, եւ կը կարծեմ, թէ պատճառը Պատրիարք Սրբազանին մեզ դիտող հսկայ նկարն է։ Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ հանդիսութեան ներկայ ըլլար մեր սիրելի հոգեւոր պետը, բայց աւա՜ղ ինք հեռացած է մեզմէ։ Բայց այս գիշեր, կը հաւատանք թէ՝ ան բարձունքներէն պիտի հետեւի մեր հանդիսութեան եւ իր խորհրդաւոր ներկայութիւնը պիտի յայտնուի մեր երգերուն ոգեւորիչ հոգիին մէջէն։  Ան պիտի միանայ մեր երգերուն եւ պիտի ծափահարէ անցեալին նման։ Այս երեկոն ցոյց կուտայ թէ՝ իր դրած հիմքերը տակաւին կենդանի են»։

Մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ, Պարթեւ ոգեւորեց իր Հայերէն երգերով։ Ունկնդիրներ, շատ անգամ ծափերով միացան Պարթեւի երգերուն եւ երգեցին իր հետ։ Իր երգերէն ոմանք, շատ ծանօթ եւ սիրելի էին Վախճանեալ Պատրիարք Հօր։ Նման տրամադրութեամբ տաղանդաւոր երգիչը, իր ոգին խառնեց երգերուն ու ներկաներ զգացին յուզումնախառն մեղեդիներու թողած ազդեցութիւնը։ Երգացանկի մէջ, յատկանշական էր «Տեսա՞ր, ահաւասիկ ինչ եղաւ» երգը, որով Պարթեւ կը յիշեցնէր թէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր մարմնապէս հեռացումը մեծ կորուստ դարձած էր համայնքին համար։ Իր ներկայութեան վարժուածներու համար մեծ յուզում էր իր բացակայութիւնը։ Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին, Պարթեւ անակնկալով մը բեմ հրաւիրեց, Թաթիանա Պօսթանն ու Մարալ Չաղլըչուպուքճուն, որպէսզի միասնաբար երգեն Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հեղինակած ու Ռոպէր Տօղանայի յօրինած «Իմ լեզուս» երգը։ Սոյն երգին յաջորդեցին, Թաթիանա Պօսթանի «Ազգ Փառապանծ»ը եւ Մարալ Չաղլըչուպուքճուի «Ամպից Կորաւ» երգը։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, Պարթեւի երգած «Երջանկութեան արցունքները» երգով ու ծափերով։

2019 BARTEV 3

Հանդէսի աւարտին, եկեղեցւոյ դարաւանդը արտասովոր երջանկութիւն մը կը տիրէր։ Ներկաներ մօտեցան Պարթեւի եւ իր ընկերներուն, ու մասնաւորապէս շնորհաւորեցին անմոռանալի գիշերուան համար։ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբը, թաղային խորհուրդի անդամները, դրուատալից արտայայտութիւններով շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն յայտագրին համար։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/պարթեւ-մեսրոպաշունչ-երգերով-խանդա/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın