İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՀԻՒՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Ս. Աստուածածնայ Տաղաւարի առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի խնդրանքին ուղարկած էր երկու հոգեւորականներ, որպէսզի լրացնէին մեր կարիքները ու ոգեւորութիւն ստեղծուէր նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Այսպէս, Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան եւ Արժ. Տ. Յովէլ Քհնյ. Գամաղէլեան 20 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 16.300-ին, ընդունուեցան Տեղապահ Սրբազան Հօր կողմէ։

Հիւրերը իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Ստանպուլի իրենց կեցութեան առթիւ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ գործունէութեանց մէջ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/մայր-աթոռէն-հիւր-հոգեւորականներ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın