İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՈՒԽՏԵԱԼԸ…

Խոր ցաւով ու անհուն սրտաբեկութեամբ կը գուժենք մահը՝ սփիւռքահայ մեծ մտաւորական ու հասարակական գործիչ Փրոֆ. Վարդան Օզինեանի։ Փարիզի մէջ 90 տարեկան հասակին ան փակած է իր աչքերը կեանքին։ Ուղեղային խռնումի մը հետեւանքով ան փոխադրուած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի Սեն-Ժոզէֆ հիւանդանոցը, ուր ի գործ դրուած ջանքերը դժբախտաբար մնացած են ապարդիւն եւ ան աւանդած է իր հոգին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը խորապէս կը սգայ իր բազմամեայ ու երախտաշատ այս երիցագոյն վեթերանին անմխիթար կորուստը։ Ոչ եւս է մեծանուն ուխտեալը… Վարդան Օզինեան հեղինակաւոր գիտնական մը եւ հասարակական գործիչ մըն էր, Կեդրոնականի հպարտ սանն էր։ Ան իր սերնդակիցներու շարքին առանձնացած էր ակադեմական կեանքէ ներս միջազգային մակարդակի վրայ հասած գագաթնակէտով եւ իր ասպարէզին մէջ նուաճած բարձունքներով։ Իրմէ կը մնայ քաղցր յիշատակ մը, որուն միախառնուած են հայկական ինքնութեան ու ժառանգութեան գոյատեւման համար պաշտպանուած զգայնութիւններ։ Մեծ մտաւորականին հրաժեշտը կաղնիի մը տապալման համազօր է հայ՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութենէն ներս։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արխիւին մէջ է 11 սեպտեմբեր 1978 թուականին իր իսկ ձեռագրով գրի առնուած կենսագրական նօթերը, որոնք ուղարկուած են թերթիս այդ ժամանակուան ընդհանուր տնօրէն Արա Գօչունեանի փափաքին ընդառաջ։ Ինքնակենսագրութեան նօթերը կարծես եղած են տեսլականի մը բանաձեւումը։

Հայ հաւաքականութեան բաղկացուցիչները կը դիտէր համամարդկային ամբողջին մէջ։ Հայերէնը հիմնական գրաւականը կը նկատէր հայկական բազմերանգ ընկերութիւններու հոյլին։ Հայկական վարժարանը կը նկատէր ընկերային եւ մշակութային լաւագոյն հնոցը հայոց համար, իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ ժողովուրդին անսակարկելի սեփականութիւնը։ Հայաստանը կը համարէր հայադաւան այլ եւ այլ քաղաքացիներու մշակոյթի «մայրենիքը»։ Իսկ հայոց մշակոյթը՝ իր տեսակէտէ, սոսկ աւանդ մը չէր, այլեւ՝ հազարամեակներու ամբողջ փորձառութիւն մը, որով մարդիկ այժմու համաշխարհային աղջամղջային օրերուն մէջ լրջախոհ ու պայծառատես դիրքորոշումներու կրնան առաջնորդուիլ։

Այսպէս էին ամփոփ գիծերու մէջ իր մօտեցումները։ Վարդան Օզինեան որքան որ բարձրացած էր միջազգային գետնի վրայ, այնքան եւ աւելի միտք յոգնեցուցած հայաշխարհի մասին։ Կեանքի ողջ տեւողութեան որոնումներու, դիտարկումներու եւ մտային վարժանքի մէջ էր հայ իրականութեան պարագային։ Այժմ, ափսոս, որ այդ թելը փրթաւ՝ իր սրտի տրոփի կանգ առնելով։ Մտքի լոյսով յառաջ տարուած կեանք մը վերջ գտած է եւ Վարդան Օզինեանն ալ ահա կու գայ դասուիլ այն անփոխարինելիներու շարքին, որոնց պակասը լրացնել հնարաւոր չ՚ըլլար սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։ Այլեւս կարելի պիտի չըլլայ զգալ իր զարկերակը, այլեւս կարելի պիտի չըլլայ օգտուիլ իր գաղափարներէն, սակայն Վարդան Օզինեանի վառ յիշատակը պիտի մնայ անթառամ։ Ան յաւերժ պիտի ապրի զինքը ճանչցածներու, զինքը սիրածներու եւ ընդհանրապէս իր ժամանակակիցներու յիշողութեան մէջ։

Հողը թեթեւ գայ Վարդան Օզինեանի վրայ եւ իր ազնիւ հոգին արժանանայ երկնային լուսեղէն պսակներու եւ իր յաւիտենական հանգիստը գտնէ անդորրութեան, խաղաղութեան մէջ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F20-08-2019-մեծանուն-ուխտեալը…

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın