İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ ՎԱԳԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու աւանդական «Հարիսա Զատիկը»։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

16 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան առաւօտեան օդային ճամբով մեկնեցաւ դէպի Հաթայ։ Նորին Սրբազնութեան կ’ուղեկցէր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մօտ մէկ ու կէս ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք, անոնք հասան Հաթայի Օդակայանը, ուր պատուոյ սրահին մէջ հանգստացան պահ մը։ Օդակայան փութացած էին Անտիոքի շրջանի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Աղեկսանտրիկի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Կարպիս Քըսատուր եւ Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Ճէմ Չափար։

2019 MUSALER SAMANDAG KAYMAKAMI

Շքախումբը նախ ուղղուեցաւ Աղեկսանտրիկի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի, ուր աղօթք տեղի ունեցաւ։ Ապա, Տեղապահ Սրբազան Հայրն ու հետեւորդները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Սամանտաղի Գաւառապետ՝ Մուրատ Քիւթիւքի, ուր տեղի ունեցաւ սիրալիր հանդիպում մը։ Նոյն երեկոյեան Տեղապահ Սրբազան Հայրը բարձրացաւ պատմական Մուսա Լերան Վագըֆգիւղ, ուր գիւղի հրապարակին վրայ մասնակցութեամբ ժողովուրդին սարքուեցան ընթրիքի սեղաններ։ Նորին Սրբազնութիւնը իջեւանեցաւ Գիւղի «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» համալիրին մէջ։

17 Օգոստոս 2019, Շաբաթ

Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ գիւղ հասան նաեւ ուխտաւորներ։ Նորին Սրբազնութիւնն ու հետեւորդները Գաւառակի Հրամանատար Հաքան Էօզտէմիրի հրաւէրով այցելեցին Քաբըսույու գիւղի զօրանոցը, ուր Սրբազան Հայրը ջրեց Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի կողմէ անցեալ տարի տնկուած ծառը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած ապահովութեան միջոցառումներուն համար։

2019 MUSALER JANDARMA

Ժամը 17.30-ին կատարուեցաւ կանոնական Երեկոյեան Ժամերգութիւն ու ապա տեղի ունեցաւ Աղօրհնէք՝ Նախագահութեամբ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Իսկ իրիկուան 20.30-ին տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան աւանդական խրախճանքները՝ պատմական Անթէպեան Ապարանքի բակին մէջ։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին գիւղի ու շրջակայ այլ գիւղերու բնակիչներ, զանազան քաղաքներէն ու արտասահմանէն ժամանած ուխտաւորներ։ Երեկոյթին մասնակցեցան ու ներկաները իրենց երգերով ոգեւորեցին անուանի արուեստագէտներ՝ Մարթէն Եորկանց ու Պարթեւ Կարեան։ Ժամը 23.30-ին Նորին Սրբազնութիւնը վառեց հարիսայի եօթը կաթսաներուն կրակները։

2019 MUSALER AGHORHNEK

18 Օգոստոս 2019, Կիրակի

Տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տաղաւարի տօնակատարութիւնները հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որ Վագըֆգիւղ փութացած էր այս առթիւ։

Սուրբ Պատարագ

Ժամը 10.30-ին սկսաւ Ս. Պատարագը։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու մասնակցութեամբ։ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։

Քարոզ

Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը ու շեշտեց, թէ ուրախութիւն կը զգայ աւանդական սոյն տօնակատարութեանց համար եւ ըսաւ, թէ Վերափոխման Տօնը կ’ամրապնդէ մեր յարութեան յոյսը եւ խաղողը կը յիշեցնէ բարեաց Տուիչը։

2019 MUSALER KHAGHOGHORHNEK

Խաղողօրհնէք եւ Մատաղի օրհնութիւն

Յաւարտ Ս. Պատարագի Եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը։ Ապա հարիսայի կաթսաներն օրհնուեցան մատաղի յատուկ աղօթնքերով ու բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։ Ապա հանդիսադիր Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։ Ուխտաւորներ տակաւ առ տակաւ հրաժեշտ առին գիւղէն ու սկսան մեկնիլ, յաջորդ տարի կրկին մէկտեղուելու յոյսով։

19 Օգոստոս 2019, Երկուշաբթի

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան շարունակեց իր շփումները։

Կուսակալին պաշտօնական այց

Նորին Սրբազնութիւնը իր հետեւորդներով ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հաթայի Կուսակալ՝ Ռահմի Տօղանին։

2019 MUSALER VALI

Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր։ Ան, ըսաւ, թէ Հայեր կարեւոր ներկայութիւն եղած են Անատօլուի հողերուն վրայ եւ միշտ ալ ուրախութիւն եղած է միատեղ ապրիլ։ Ան շեշտեց նաեւ խաղաղութեան համար զօրաւոր պետականութեան կարեւորութիւնը։

Սրբազան Հայրը ըսաւ որ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որուն ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց թէ ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, Կուսակալին նուիրեց Պատրիարքական Աթոռոյ հաւաքածոյին մասին գիրք մը։

Քաղաքապետին պաշտօնական այց

Նորին Սրբազնութիւնը իր հետեւորդներով ժամը 11.15-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Հաթայի Քաղաքապետ՝ Տոց. Տօքթ. Լիւթֆիւ Սավաշին։

2019 MUSALER BELEDIYE BSK

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, քաղաքապետին նուիրեց Հայ Նկարիչներու մասին գիրք մը։ Իսկ քաղաքապետը նուիրեց տեղական արտադրութիւններէն նմոյշներ։

Վերադարձ

Այսպիսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները 20 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի օդային ճամբով կը վերադարնան Ստանպուլ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%D5%B8ւխտագնացութիւն-դէպի-մուսալեռ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın