Թուրքիայում առաջիկայում տեղի կունենա հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրությունները: Այս և ընթացիկ հարցերի շուրջ մեր հարցերն ուղղեցինք Սրբազան Ա. Աթեշյանին:
-Սրբազան Դուք Թուրքիոյ մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս մըն էք։ Մեր ընթերցողները կը հետաքրքրէ վերջին շրջանին հայ հասարակութեան դերակատարութիւնը Թուրքիոյ ներքին կեանքին մէջ եւ անոր ներգրաւումը տեղւոյն հասարակութեան, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս բոլորը։
-Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ հայ համայնքը ունի բազմակողմանի դերակատարութիւն մը։ Անշուշտ, այս նիւթը պէտք է բացատրել պատմական համայնապատկերի մը վրայ։ Արդարեւ, մեր ազգը այս աշխարհագրութեան մէջ կ՚ապրի դարերէ ի վեր։ Ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի բնօրրանը։ Հետեւաբար, մեծ ժառանգութիւն մը եւ անջնջելի հետքեր ունինք այնտեղ։ Մեծ եղեռնէն վերջ, հայութիւնը մեծաւ մասամբ համախմբուած է Իսթանպուլի մէջ։ Ուստի, ըստ երեւոյթին աւելի նպատակայարմար է խօսիլ այսօրուան վիճակին, Իսթանպուլի մէջ մեր համայնքին ունեցած ներկայութեան մասին։ Մեր քաղաքն ալ հայոց պատմութեան տեսակէտէ յատկանշական է մեծապէս։ Շուրջ 550 տարիէ ի վեր կը գործէ մեր Պատրիարքական Աթոռը, սակայն հայոց ներկայութիւնը կը հասնի մինչեւ բիւզանդական ժամանակաշրջանը։ Իսթանպուլը ներկայիս կը հանդիսանայ աշխարհի այն քաղաքը, ուր կը գործեն ամենաբարձր թիւով հայկական եկեղեցիներ։ Շատ ընդհանրացած բանաձեւումով՝ Պոլիսը արեւմտահայ մշակոյթի պատմական կեդրոնն է։
Իսթանպուլի հենքին մէջ հայերը ունին ինքնուրոյն տեղ մը։ Կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ հայոց ներդրումը զգալի է։ Պատմականօրէն հայ մտաւորականները, արհեստաւորները, արուեստագէտները եւ այլ բնագաւառներու ներկայացուցիչներ անփոխարինելի ներդրում մը բերած են այս քաղաքի կեանքին եւ անոնց ազդեցութեամբ պայմանաւորուած են քաղաքին վերաբերեալ խոր աւանդութիւնները։ Այսօր ալ լայն հասարակութեան կողմէ մեր համայնքի ներկայացուցիչները կ՚ընկալուին՝ որպէս այդ աւանդութեան կրողները։ Իսթանպուլը վաղուց եղած է բազմազգ, բազմամշակոյթ, քոզմոփոլիթ քաղաք մը եւ հայերը միշտ դասուած են անոր վաղեմի եւ հարազատ տարրերու շարքին։ Կրօններու համակեցութեան, միջմշակութային երկխօսութեան եւ իրարու նկատմամբ հանդուրժողութեան տեսակէտէ խորհրդանշական քաղաք մըն է այս մէկը եւ այնտեղ հայերը ունին իրենց դիրքը, եզակի ներկայութիւնը։
Բնականաբար, Իսթանպուլի մէջ հայոց ներկայութիւնը, հասարակական դերակատարութիւնը միայն պատմութիւնով չի սահմանափակուիր։ Այսօր ալ, հայերը զգալի ներկայութիւն ունին քաղաքի առեւտրական, ընկերամշակութային, կրօնական, քաղաքական կեանքին մէջ։ Ճիշդ է, որ այսօր մեր համայնքին թիւը անհամեմատօրէն նուազած է, անոր ներուժը դարձած է շատ սահմանափակ։ Սակայն, պատմական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեր ժողովուրդը երբեք քանակ չէ եղած առաջին հերթին, այլեւ՝ եղած է որակ։ Հայը ունի ստեղծագործ, արտադրող ժողովուրդի համբաւ եւ Իսթանպուլի մէջ մեր համայնքի զաւակները կը շարունակեն արդարացնել այդ համբաւը։ Յետոյ, չմոռնանք նաեւ, որ հայութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ Թուրքիոյ ամենաբազմանդամ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը։ Սա մեզի կու տայ կշիռ մը։
Ճիշդ է, այսօր մենք ընդհանուր քաղաքական գործընթացներու վրայ ուղղակի ազդելու մեծ հնարաւորութիւն մը չունինք, սակայն երկրի քաղաքական կեանքէն անբաժան ենք։ Արդարեւ, Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ կարեւոր ցուցանիշ մը, փորձաքար մը կը համարուին փոքրամասնութիւնները՝ ներառեալ հայերը։ Արհեստներու, գեղարուեստի, արդիւնաբերութեան, մշակոյթի, առեւտուրի եւ ընդհանուր կենցաղի վերաբերեալ բոլոր հարթութիւններուն վրայ հայերը ունին իրենց տեղը։ Նոյնը կրնանք ըսել նաեւ հոգեւոր կեանքի, ակադեմական կեանքի պարագային։
Մեր բոլոր հաստատութիւնները բարի համբաւ կը վայելեն լայն հասարակութեան մէջ։ Ամենացայտուն օրինակն է մեր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, որ ծառայութիւն կը մատուցանէ հասարակութեան անխտիր բոլոր խաւերուն։ Ան խորհրդանշան մըն է մեր հաւաքականութեան համար եւ իր սպասարկութեան որակով բաւական մրցունակ է ամբողջ երկրի մակարդակով։
Մենք ունինք հայկական դպրոցներու ցանց մը՝ շուրջ երեք հազար աշակերտութեամբ։ Մենք ունինք բաւական ճոխ համայնքային մամուլ մը։ Այս բոլորը միայն մեր ներքին կեանքին չեն վերաբերիր։ Անոնք նաեւ մեր կշիռը կը պայմանաւորեն ընդհանուր հասարակութեան մէջ եւ ինչո՞ւ չէ, հայաշխարհի մէջ ալ ուրոյն դիրք մը կ՚ապահովեն մեզի համար։
Այնպէս, որ այսքանով ամփոփենք կամ բաւ համարենք այս հարցումին պատասխանը, որովհետեւ սա ինքնին պատմական ուսումնասիրութեան նիւթ մըն է, դժուար սահմանումներով եւ կարելի է հատորներ լեցնել։ Հետեւաբար, ինչպէս ըսի, գոհանանք այսքանով եւ մաղթենք, որ աշխարհի այս եզակի քաղաքին՝ Իսթանպուլի մէջ միշտ վառ մնան հայկական հետքերը ու տեղւոյն մեր հայութիւնը կարենայ դիմադրել ձուլման հոսանքին, որու ենթակայ է այսօր մեր ամբողջ սփիւռքը։
-Մենք գիտենք, որ Դուք ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ բարեգործական նախաձեռնութիւններու կ՚աջակցիք։ Մասնաւորապէս «Արտաշատի իրաւապաշտպան բարեգործական ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Արուսեակ Յովհաննիսեան այս մասին բազմաթիւ անգամներ փաստած է։ Դուք կը մանրամասնէ՞ք քիչ մը այդ ծրագրերը։
-Ճիշդը ըսելու համար, այս հարցումը այնքան հաճելի չի թուիր նուաստիս։ Ես հայ եկեղեցական եմ եւ այդ աջակցութիւնը կը բխի իմ կոչումէն։ Ինծի համար բացարձակապէս անընդունելի է այս մասին արտայայտուիլ հրապարակաւ։ Ես ինծի չեմ թոյլատրեր այդ բանը։ Ես կը ջանամ հաւատարիմ մնալ այն սկզբունքին, այն պատգամին, թէ աջ ձեռքին ըրածը պէտք չէ գիտնայ ձախ ձեռքը։ Թող ներուի ինծի ըսել, որ մեր ժողովուրդը կ՚ապրի իր պատմութեան դժուարին շրջաններէն մին, խաչմերուկի մը վրայ ենք եւ իրարմէ պէտք չէ զլանանք հնարաւոր զօրակցութիւնը։ Թոյլ տուէք այսքանով սահմանափակուիլ։
-Արդեօք Թուրքիոյ մէջ կա՞ն այնպիսի խնդիրներ, որոնք սպառնալիք են հայ հասարակութեան համար եւ յատկապէս հայերը ո՞ր խնդիրներով Պատրիարքարան կը դիմեն։
-Չենք կրնար ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքը ենթակայ է ուղղակի սպառնալիքներու։ Պետութիւնը կ՚երաշխաւորէ մեր բոլոր իրաւունքները, հասարակութեան բազում ազդու շրջանակներն ալ փոքրամասնութիւններուն, նաեւ մեր համայնքին կ՚աջակցին՝ խորաթափանց գիտակցելով երկրի ընդհանուր հարստութեան նշանակութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, գործնական գետնի վրայ, դժբախտաբար, ատեն-ատեն կ՚ունենանք ցաւալի երեւոյթներ։ Հոգելոյս Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձէն սկսեալ, մինչեւ Սամաթիոյ մէջ Մարիձա Քիւչիւքի սպանութիւնը եւ Հայաստանէն արտագաղթելով Իսթանպուլի մէջ հաստատուածներու ենթարկուած բռնութիւնները՝ կ՚ունենանք անընդունելի երեւոյթներ, որոնք մեծ ցաւ կը պատճառեն մեր համայնքի զաւակներուն ու կ՚արիւնեն մեր բոլորին սիրտը։ Հասկնալի է, որ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, բոլոր հասարակութիւններու մէջ կրնան գտնուիլ ծայրայեղ տարրեր։ Մենք մէկ կողմէ յամառօրէն կը պայքարինք ծայրայեղութեան դրսեւորումներու դէմ, արդարութեան պայքար կը մղենք, իսկ միւս կողմէ ջանք կը գործադրենք, որպէսզի այդ ծայրայեղները ձախողին իրենց նպատակներու ճանապարհին, մոլեռանդութիւնը, այլատեացութիւնը չգերեւարեն ընդհանուր հասարակութիւնը, չթունաւորեն հանրութեան զանազան շերտերու յարաբերութիւններն ու փոխադարձ վստահութեան տրամադրութիւնները։ Այսպիսի պարագաներու մէջ մենք յստակ կը տեսնենք հասարակութեան աչալուրջ խաւերու անզիջող մօտեցումները, նաեւ պետութեան նախանձախնդիր վերաբերմունքը։ Անշուշտ, երբ կ՚ըլլան ցաւալի պատահարներ, այդ ցաւի հոգեվիճակով շատերու աչքին անբաւարար կը թուին եղածները, կատարուածները, կարեկցանքը, սակայն ի վերջոյ երեւոյթները պէտք է դատենք պաղարիւնութեամբ եւ խուսափինք յարդն ու կոթը իրար խառնելէ։
-Ինչպէ՞ս է ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուի, կրօնի եւ մշակոյթի պահպանումը Թուրքիոյ մէջ։
-Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները յաչս պետութեան կրօնական փոքրամասնաութեան կարգավիճակ ունին։ Երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները այսօր ընդհանուր բնակչութեան մէկ տոկոսն իսկ չեն կազմեր։ Յամենայնդէպս, անոնք երկրի մեծ ժառանգութեան, քաղաքակրթութեան ինքնուրոյն բջիջները կը համարուին։ Օսմանեան պետութիւնը կրօնի եւ դաւանանքի հիմունքով կը դասէ իր հպատակները եւ այսօր Հանրապետական շրջանին մենք ժառանգած ենք նման համակարգ մը։ Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, ընդհանրապէս, սահմանուած ու երաշխաւորուած են Լոզանի դաշնագրով։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ, ըստ տուեալ ժամանակաշրջանի իրադրութեան, փոքրամասնութեանց նկատմամբ վերաբերմունքը ենթարկուած է փոփոխութիւններու։ Սա եւս իսկապէս խոր նիւթ մըն է եւ ունի մասնագիտական ծալքեր։ Մեր համայնքը, ազգային-եկեղեցական մեր կեանքը առհասարակ կը հոսի եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռամիասնութեան հունին մէջ։ Ճիշդ է, սա սփիւռքեան աւանդական դրուածք մըն է եւ մենք զանազան պատճառներով հնարաւորութիւն չենք ունեցած այդ մէկը յարմարեցնելու կամ ճկունացնելու՝ ըստ մերօրեայ կարիքներուն։ Մենք մեր ինքնութեան գոյատեւումը կ՚ապաւինինք մեր համայնքային հաստատութիւններու ցանցին, որ եկեղեցիներու առընթեր կ՚ընդգրկէ վարժարաններ, ակումբներ եւ մշակութային զանազան օղակներ։
Հարկ կը համարեմ նշել, որ մեր լեզուի, կրօնի եւ մշակոյթի պահպանումը թէեւ ունի պետութենէն կախեալ լուրջ երեսակներ, սակայն այդքանով սահմանափակուած չէ։ Համայնքին ալ կը վիճակին զանազան պատասխանատուութիւններ, որոնց պարագային, դժբախտաբար, կը նկատուի կամքի բացակայութիւն։ Ձեր հարցը կարելի է դիտարկել նաեւ սփիւռքի ընդհանուր ձուլման մարտահրաւէրի ամբողջին մէջ՝ ինչպէս քիչ առաջ ալ ակնարկեցի։
-Կը խնդրէինք անդրադառնալ յառաջիկային սպասուող ընտրութիւններուն։ Հաշուի առնելով, որ մամուլը ընտրութիւնները տակաւին չսկսած լարուածութիւն կը կանխատեսէ՝ Ձեր գնահատականը ի՞նչ է այս առընչութեամբ։
-Մեր համայնքը շուրջ տասն տարիէ ի վեր արտասովոր շրջան մը ապրեցաւ, ինչ որ պայմանաւորուած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի անբուժելի հիւանդութեամբ եւ անգործութեան մատնուելով։ Պատրիարքական Աթոռը եւ մեր համայնքը հոգեւոր իշխանութեան մը պարապութիւնը դիմագրաւեցին եւ այս ամբողջ ժամանակաշրջանը ունեցաւ դառն հետեւանքներ։ Այսօր մեր առջեւ ուրուագծուած է պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը եւ սա առիթ մըն է այդ ամբողջը յաղթահարելու եւ նոր եռանդով, նոր լիցքերով մեր հայեացքը դէպի ապագայ ուղղելու։ Ես խորապէս կը ցաւիմ լարուածութեան վերաբերեալ կանխատեսումներուն համար։ Միթէ բաւարար չե՞ն այն լարուածութիւնները, որոնցմէ չկրցանք խուսափիլ տասն տարիէ ի վեր։ Միթէ դաս չե՞նք քաղած այդ բոլորէն։ Տակաւին որքա՞ն պիտի շարունակուի այդ լարուածութիւնը, որ գրաւի տակ կը պահէ մեր Պատրիարքական Աթոռի, մեր համայնքի ապագան։ Ինչո՞ւ կը պայքարինք, ինչո՞ւ իրարու դէմ թշնամացած ենք։ Ինչո՞ւ կորսուած է այն գիտակցութիւնը, թէ բոլորս այս համայնքի անդամներն ենք ու կը ճանապարհորդենք նոյն նաւուն մէջ։ Եթէ չկարողանանք խաղաղ նաւահանգիստի մը հասնիլ, եթէ մեր նաւը ընկղմի, ապա բոլորով պիտի չտուժե՞նք։
Անշուշտ նման իրավիճակներու մէջ ամենահեշտն է մաղթանքներու թուարկումը։ Բայց, եկէք հասկնանք, որ իւրաքանչիւր բարի մաղթանքի իրականացման համար անհրաժեշտ են գործնական քայլեր։ Պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին ու տակաւին պատրիարքական ընտրութենէն ալ վերջ, մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն առջեւ պիտի գտնուի լուրջ զոհողութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Այնպէս, որ լարուածութիւնով չպատրաստուինք պատրիարքական ընտրութեան։ Իմ պատգամը այն է, որ պատրիարքական ընտրութիւնն ալ մսխուած առիթի մը չվերածենք։ Աթոռը կռուախնձոր չդառնայ։ Անձնակեդրոն, անիմաստ պայքարներու մէջ չմտնենք։ Պատրիարքական ընտրութիւնը նոր համախմբումի մը առիթը պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդին համար։ Պատրիարքական ընտրութիւնը առաքելութեան թարմացման, վերամրապնդման առիթը պէտք է դառնայ մեր Աթոռին տեսակէտէ։
Դժբախտաբար, այս ամբողջ լարուածութիւնը ծնունդ կ՚առնէ այն պատճառով, որ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ գործերու պարագային յաճախ մէկ կողմ կը դրուի, մոռացութեան կը մատնուի անոր առաքելութեան խորքը եւ մարդիկ կը տարուին անձնական հաշիւներէ, անհեռանկար ազդեցութեան պայքարներէ։ Մենք փոքրաթիւ համայնք մըն ենք ու մեր սահմանափակ ներուժով պարտաւոր ենք պահպանելու եւ յաջորդ սերունդներուն
փոխանցելու մեծ ժառանգութիւն մը։ Ուստի, մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը այս տեսլականով պէտք է վերակառուցենք։ Մեր պատրիարքական ընտրութեան առաքելութիւնը այս վեհ նպատակին համապատասխան պէտք է վերարժեւորենք։ Այլապէս, եթէ Պատրիարքական Աթոռը հետզհետէ տկարանայ, չկարողանայ առաջնորդել մեր ժողովուրդը, չկարողանայ ներազդել մեր համայնքի հաւաքական մտքին ու խղճին, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այդ վիճակին մէջ ի՞նչ իմաստ պիտի ունենայ ապագայ գահակալին համար՝ այդ գահուն վրայ բազմիլը։
Եկէ՛ք, անտեսենք լարուածութեան կանխատեսումները։ Պատրիարքական Աթոռը աւելի քան հինգ դարերու պատմութեան տեւողութեան ինչ-ինչ լարուածութիւններու եւ փորձութիւններու մէջով անցած է։ Մենք կը հաւատանք, որ Օրմանեաններու, Կոլոտներու, Դուրեաններու, Խրիմեաններու եւ միւսներու հոգին տակաւին կը թեւածէ այս Աթոռի կեանքին մէջ։ Որպէս հոգեւորականութիւն, որպէս ժողովուրդ եւ որպէս թեկնածուներ՝ հաւատարիմ մնանք անոնց աւանդին։ Մենք բոլորս կը յիշենք Մեսրոպ Պատրիարքը, Գարեգին Բ. Պատրիարքը, Շնորհք Պատրիարքը, Գարեգին Ա. Պատրիարքը, որոնք մեզ կը շաղկապեն անոնց յիշատակին ու աւանդին։ Մենք պիտի ընտրենք անոնց յաջորդը։ Մենք պիտի ընտրենք անոնց նուիրական գործի շարունակողը։ Մեր ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի երթայ՝ ձայն տալու համար իմաստութեան, հեռատեսութեան, միասնականութեան եւ այդ բոլորը մարմնաւորելիք վարչական կերպարի մը, որ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը։
Պահ մը մտածենք այս բոլորին մասին, պահ մը մեր ականջներուն մէջ թող ղօղանջեն մեր եկեղեցւոյ զանգերը, պահ մը վերյիշենք մեր մկրտութեան ուխտը։ Մենք մարտիրոս եկեղեցւոյ մը զաւակներն ենք։ Եթէ մենք այս բոլորի գիտակցութեան մէջ ըլլանք, ապա չենք զրկուիր Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութենէն ու չենք զրկուիր Տիրոջ ամենազօր Աջի հովանիէն։ Մնացեալը արդէն ջուրի նման կը հոսի, լարուածութիւնները կը դառնան այնքան ծիծաղելի ու մենք կ՚ընտրենք մեր նոր պատրիարքը։
Թէկուզ թուի քիչ մը շատ վերացական, սակայն պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին նախ եւ առաջ պէտք չէ մոռնանք աղօթել եւ իրարու համար աղօթել՝ մնացեալը ինչպէս ըսի, գլուխ կը հանենք առաջ Աստուած, մեր եղբայրութեան վայել համերաշխութեան ու սիրոյ մթնոլորտով։
Հարցազրույցը՝ Կարինե Սարգսյանի
İlk yorum yapan siz olun