İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Անուան Մարմնամարզական Փառատօնը, 7 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Գնալը Կղզիի մէջ, մեծահանդէս արարողութեամբ եզրափակուեցաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ամառ Կազդուրման Կայանի կազմակերպութեամբ եւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ, մարզանքի ճամբով կը յիշատակուի վախճանեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը։ Խաղերը փառաշուք հանդիսութիւնով մը սկսած էին 23 Յուլիսին եւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ, աւելի քան 300 պատանիներ եւ չափահասներ մասնակցած էին խաղերուն։

Փակման հանդիսութեան նախագահեց՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, իր մօտն ունենալով Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ, Կազդուրման Կայանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Արի Չօլաք եւ գործակից ընկերները, Տնօրէնուհի՝ Լիզա Չօլաքօղլուն, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու ներկայացուցիչներ, Շիշլի եւ Թաքսիմ մարմնամարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, խաղերու մասնակից մանուկներն ու ծնողներ։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ, 21.15-ին, հանդիսավար Սարօ Պէնկլեանի բացման խօսքով։ Ապա, իր սրտի խօսքը արտասանեց Լիզա Չօլաքօղլու, որով կը մատնանշէր թէ խաղերը նպատակին հասած էին։ Ապա խաղերու գլխաւոր պատասխանատու՝ Ռաֆֆի Քալք, արտայայտուեցաւ եւ յայտնեց թէ նման փառատօնի մը կազմակերպութիւնը իր երազանք էր։ Ինք յայտնեց թէ՝ յաջողութեամբ պսակուած այս ծրագիրը առաւել եւս ուրախութիւն կ՚առթէր, քանի խաղերը ձօնուած էին Մեսրոպ Պատրիարքին։ Յանուն Կայանի, հուսկ արտայայտուեցաւ Արի Չօլաք եւ յայտնեց, թէ աւելի քան 300 մանուկներ մասնակցած էին սոյն խաղերուն։ Յոյս յայտնեց, թէ ապագային առաւել եւս զարգանան խաղերու մարզերը եւ աւելի շատ մանուկ եւ երիտասարդ միանայ փառատօնին։ Բոլոր արտայայտուողներ, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցին Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբին, որ հովանաւորած էր սոյն ձեռնարկը։ Այս առթիւ, Հայր Սուրբին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Ապա, խաղերու նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակող բոլոր հաստատութիւններուն եւ անձերուն, ինչպէս նաեւ վեթերան մարզիկներուն, կարգաւ յիշատակի ծառեր նուիրուեցան։

Նուիրաբաշխումի աւարտին բեմ բարձրացաւ Յարութիւն Աբեղան, եւ յանուն Եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու ողջունեց բոլոր ներկաները։ Ինք եւս յայտնեց, թէ բոլոր մասնաւորապէս Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակը մարմինները ի մի համախմբած էր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներդրում ունեցողներուն։ Ապա, յայտնեց նաեւ, թէ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը, նկատելով խաղերուն Պատրիարքական Աթոռոյ արժանաւոր գահակալներէն միոյն ձօնուած ըլլալու հանգամանքը, պիտի գնահատէր կազմակերպիչներն ու օժանդակողները։ Այսու, Սրբազան Հայրը, յանուն Կազդուրման Կայանի վարչութեան՝ Արի Չօլաքի, յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուդի՝ Մանուկ Սարայտարեանի, յանուն Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու՝ Երազ Չաղլաեանի, յանուն Շիշլիի Մարմնամարզական Խումբի՝ Արեգ Տօլարի եւ յանուն Թաքսիմի Մարզական Խումբի՝ Մկրտիչ Կիւլէզեանի օրհնութեան գիրեր ու յուշանուէրներ յանձնեց։ Հաստատութեանց գնահատութեանց յաջորդեց անհատական գնահատութիւնները։ Այնուհետեւ՝ Լիզա Չօլաքօղլու, Ռաֆֆի Քալք եւ Արաս Թոկաչ առ ի գնահատութիւն իրենց գործոն մասնակցութեան, օրհնութեան գիրերու եւ յուշանուէրներու արժանացան։ Յետ նուիրաբաշխումի Բարձր. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Անձնապէս գնահատեց եւ օրհնեց բոլոր կազմակերպիչները եւ մասնակիցները։ Այս հսկայ կազմակերպութիւնը առիթ հանդիսացած էր, որպէսզի Պատրիարք Սրբազան Հօր յիշատակը մարզանգի ճամբով եւս անմահանար Պոլսոյ մէջ։ Պատրիարք Հայրը իր կատարած հսկայ աշխատութեամբ արդէն արժանի էր բոլոր գովասանքներուն եւ պատիւներուն ու այս ձեռնարկը առիթ մը եւս կ՚ընծայէր յիշատակելու իր գործունէութիւնը։ Այս խաղերով կը յիշատակուէր Պատրիարք Սրբազանի օրհնութեամբ հաստատուած Նաւասարդեան Խաղերը, որուն նպատակը եղած էր մանուկներն ու չափահասները ի մի համախմբել մեր համայքային հաստատութիւններու շուրջը։ Այս առթիւ, հայրական օրհնութեամբ գնահատեց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Յարութիւն Աբեղայի գործունէութիւնը, որուն անձնապէս մասնակցութեամբ, քաջալերանքով ու օրհնութեամբ յաջողապէս կ՚եզրափակուէին խաղերը։ Նման տեսարանը խրախուսիչ էր, քանի Շնորհք Պատրիարքէ Մեսրոպ Պատրիարք փոխանցուած Կազդուրման Կայանը Եկեղեցիին մէկ մասնիկը դարձնող ոգին զգալի կը դառնար։

Սրբազան Հօր խօսքերէն յետոյ, երաժշտութեան եւ բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ սկսաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Կային ճատրակի, ոտնագնդակի, վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, սեղանի թէնիսի, մարզանքի մարզերը։ Մի առ մի բեմ բարձրացան բոլոր դափնեկիրները։ Հարկ է նշել թէ ոտնագնդակի խաղերը ձօնուած են նաեւ Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի յիշատակին։ Բացի մրցանակներէ, մասնակից բոլոր մանուկներու համար յատկապէս պատրաստուած էին նաեւ յիշատակի մետայլներ, որուն կեդրոնը կը գտնուէր Մեսրոպ Պատրիարքի խորհրդաւոր նկարն ու իր անունը։ Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ կարգաւ բեմ բարձացան մանուկներ եւ ներկաներու մեծ գնահատանքին արժանացան։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ, Մեսրոպ Պատրիարքի նկարի հովանիին ներքեւ խմբանկարի նկարահանութեամբ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/մեսրոպ-բ-պատրիարքի-անուան-մարմնամարզ-2/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın