İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՅ ՑՆԾԱՅ, ԱՅ ՑՆԾԱՅ…

Հայաշատ Գնալը կղզին՝ միշտ ծանօթ եղած է մեծ շուքով նշուած հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով։ Պոլսոյ սրտին մէջ, ամրան շրջանին մասնաւորապէս, այս տեսարանը կը յայտնուի տաղաւարներու փառաշուք հանդիսութեանց ընդմէջէն։ Շատեր իրենց աչքերը կը սեւեռեն Գնալը կղզի եւ բարի կամքը կ՚ունենան ներկայ գտնուելու հանդիսութեանց։ Կրնաք մտածել, թէ այս տեսարանը արարողութեանց երգեցողութեան որակին եւ հաւատացեալներու թիւին վրայ հաստատուած է։ Բայց կայ աւելի մղիչ զօրութիւն մը, որ թէ՛ հաւատացեալներու քանակը կը բարձրացնէ եւ թէ ժպտերես մասնակիցները արարողութեանց կը ներգրաւէ։ Այս զօրութիւնը ծնունդ առած է եկեղեցւոյ համալիրին մէջ ցնծալու, ուրախանալու կամքէն։ Այդ անմար ներուժը կը կոչուի հոգի եւ կղզեցիներ շատ լաւ գիտեն, թէ այդ հոգին նոյնինքն վերահաստատուած է երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի տեսլականով։

Այս տարի, անգամ մը եւս իրազեկ դարձայ, թէ այդ հոգին տակաւին ներկայ էր մեր եկեղեցւոյ մէջ ու ամենայն զօրութեամբ կը միացնէր մանուկներն ու մեծերը եւ միասնաբար ցնծալու կ՚առաջնորդէր զանոնք։ Այդ հոգին կը յայտնուէր շարականներու երգեցողութեանց, ծիսակատարութեանց, անդաստանի, աղաւնիներու արձակման, ջրախաղի եւ շուրջպարի պահուն։ Բայց այդ բոլորէն աւելի կար տեսարան մը, որ ցնծալի երգի մը զուարթագին մեղեդիին ընդմէջէն, զգալի կը դարձնէր նախ՝ Աստուծոյ հոգեւոր ներկայութիւնը եւ ապա՝ զԱստուած փառաբանելու անհրաժեշտութիւնը ուսուցանող երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի տեսլականը։ Երբ բոլորս կ՚երգէինք «Այ ցնծայ» երգը, այդ պահուն ցնծալ բառը կը մարմնաւորուէր մեր մէջ եւ իրապէս անկեղծութեամբ ցնծացողներ կը դառնայինք։ Այս պահուն խորհուրդը մեծ է եւ պիտի ուզէի, որ բաժնեկցիք այս իրողութիւնը։

Տարիներ առաջ, Մեսրոպ Սրբազան եկեղեցւոյ մէջ մանուկները հաւաքելու առընթեր իրենց հոգեւոր երգեր եւս կը սորվեցնէր։ Այդ երգերը պարզ երգեր էին՝ բառերով, երաժշտութեամբ՝ հաճելի եւ բոլոր մասնակիցներս ամենայն երջանկութեամբ կը սորվէինք երաժշտական այդ գիտելիքները։ Տաղաւարները բոլորիս համար առիթ կը դառնար, որպէսզի հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ բոլորս երգէինք մեր սորված երգերը եւ անհրաժեշտ մասնակիցներէն մէկը դառնայինք օրուան տօնական մթլոլորտին։ Այս երգերէն մին էր՝ Վարդավառի «Այ ցըն-ծայ» երգը, որուն խորհրդաւոր ներգործութեամբ կամայ եւ ակամայ մեր հոգին կը խայտար, երեսը կը ժպտէր եւ ցնծագին տեսքով կ՚աղաղակէինք Տիրոջ։ Ոչ միայն անձ մը, այլ՝ տասնեակներ կը կազմէին այս ցնծացողներու գունդը։ Իւրաքանչիւր Վարդավառի տօնական Ս. Պատարագի աւարտին, Մեսրոպ Պատրիարք դասապետի մը նմանողութեամբ կեդրոնը անցած կ՚ըլլար, մանուկներս իր շուրջը կանգնած կը մնայինք եւ միասնաբար կ՚երգէինք. «Այ ցնծայ, ցնծայ, ցնծայ…»։ Գնալը կղզիին մէջ, սաղմոսին տողերը մանկանց ցնծալի ձայնով կը յայտ-նըւէր. «Բայց դուն մանուկներուն ու ծծկեր երեխաներուն բերնով գովեստդ հիւսեցիր քեզի հակառակողներուն դիմաց» (Սղմ. 8.2)։ Տրամադրութիւնը այնքան բարձր էր, որ բոլոր տղաքը մասնաւորապէս «Այ, ցնծայ, այ, ցնծայ…» բաժինը, քիչ մը խաղով, քիչ մը պատասխանատուութեամբ, բարձրաձայն գոչելու փափաքն ունէին։ Երկրէն դէպի երկինք բարձրացող խորհրդաւոր գոչումով, մանուկներս գովեստի մրցում կը կատարէինք, նայած՝ թէ ո՞վ աւելի բարձր պիտի ըսէ «Այ ցնծա»ն։ Մանուկներ կային, որոնք «ցնծայ» բառը արտասանելու յատկութիւնը տակաւին չունէին եւ անոնք եւս մեծ եռանդով կը միանային երգին ըսելով. «Այ, չընճայ, այ չընճայ, չընճայ, չընճայ»։ Մանկական դեռափթիթ բերաններէն ելած նման օրհնութիւնը, արդէն իսկ Մեսրոպ Սրբզանին առաջնահերթ նպատակն էր եւ այդ նպատակը իր պտուղները կու տար Գնալը կղզիին մէջ։ Ամէն տարի, այս երգը երգելու համար փոքրեր եւ իրենց ընտանիքները չորս աչքով կը սպասէին Վարդավառը։ Անձնապէս լաւ գիտեմ մէն մի մանուկի այդ սպասումը, քանզի իրենցմէ մին ալ ես էի, եւ ընկերներուս հետ այս երգը սորվելու եւ երգելու առիթն ունեցած էի։ Այսօր, աւելի շատ շարականներ ու մեղեդիներ սորված եմ, բայց չեմ կրնար մոռնալ ցնծագին մեր այս երգը, որովհետեւ իր մէջ ներկայ է Մեսրոպ Սրբազանի առաջնորդութեամբ՝ Գնալը կղզիի մէջ մեծերուս եւ փոքրերուս հետ ունեցած տօնական ուրախութիւնը։

Տարիներ անցան, այս երգը տեւաբար հնչեց Գնալը կղզիի պատմական դարաւանդին վրայ եւ իր վառ հոգիով ան միշտ համախմբեց մանուկներն ու ընտանիքները։ Տարիներ անցան, այս երգը նոր մանուկներու հորիզոնը ընդարձակեց եւ զանոնք Քրիսոսի անունով՝ եկեղեցւոյ մէջ ցնծալու ճանապարհին առաջնորդեց։ Տարիներ անցան, մանուկներ դարձան պատանիներ եւ ապա՝ ընտանիքի հայրեր ու մայրեր։ Անոնք այսօր եւս «Այ ցնծայ» երգի ճամբով, թէ՛ կը ճամբորդեն դէպի իրենց անցեալը եւ թէ օրհնութեան ակէն ումպ մը ջուր կը բաշխեն իրենց զաւակներուն։ Տարիներ անցան, «Այ, ցնծայ» երգի երաժշտապետ՝ Մեսրոպ Սրբազանը չկայ այլեւս, չկան երաժշտութեան չափ տուող իր ձեռքերը, չկայ երաժշտութեան միացող իր պատկառելի ձայնը եւ չկան եկեղեցւոյ ցնծալի մեծ ու պզտիկ բոլոր զաւակները հիացումով դիտող իր աչքերը։ Տարիներ անցան, շատ բաներ չկան այլեւս, բայց կայ ու պիտի մնայ «Այ, ցնծայ» երգը։ Որքան ժամանակ՝ երբ այդ երգը հնչէ մեր եկեղեցւոյ մէջ, նախ պիտի ցնծանք երգով, յետոյ պիտի յուզուինք մեր ետին թողած անվերադարձ անցեալով։ Որքան ժամանակ՝ երբ երգուին այս տողերը, պիտի յիշենք Վարդավառի երաժշտապետ՝ Մեսրոպ Սրբազանը, պիտի միանանք իրմով բոցավառած հաւատքի ու առաքելութեան հոգիին։ 

Տարիներ անցան եւ այս տարի առաջին անգամ վախճանեալ Մեսրոպ Սրբազանի յիշատակով տօնեցինք Վարդավառը։ Երբ տաղաւարի պատրաստութիւնները պիտի կատարէինք, որպէս Կղզեաց հոգեւոր Հովիւ, պահ մը մտածեցի, թէ ինչ պէտք է կատարէինք, որպէսզի թէ՛ տօնական մթնոլորտը ճոխանար եւ թէ Մեսրոպ Պատրիարքի բարոյական ներկայութիւնը իր հոգեւոր բոյնին մէջ զգալի դառնար։ Խոկման պահուն յիշեցի մեր մանկութեան երգը եւ այդ երգի ճամբով տարածուած ցնծութիւնը։ Որոշուած էր՝ «Այ ցնծայ» երգը պէտք է երգուէր Վարդավառի առաւօտ։ Այս ուղղութեամբ նոյն երգով եկեղեցւոյս մէջ հասակ նետած՝ Հրանդ Ուր. Դպ. Չիզմէճեանի փափաքս յայտնեցի, որպէսզի եկեղեցւոյս բոլոր մանուկները եւ Կազդուրման կայանի սաները միասնաբար երգեն այս երգը։ Քանի մը օրուան մէջ, տղաքը արդէն իսկ պատրաստ էին ցնծալու եւ ցնծութեան աղբիւր դառնալու։ Անցան քանի մը օրեր եւ հասաւ Վարդավառի տաղաւարը։ Միայն ջրախաղի վարժ շատեր, չէին գիտեր, թէ ինչպիսի տեսարան մը պիտի պարզուէր եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւնը աւարտին հասաւ, անդասատանը կատարեցինք եւ հասաւ խորհրդաւոր այն պահը՝ «Այ ցնծայ» երգով ցնծութեան հոգին դէպի խաւար աշխարհ ուղարկելու ժամանակը։ Միասնաբար սկսանք երգել. «Այսօր ցընծայ լեառն թափօր, եւ զուարճանայ մեծն Հերմօն, Քանզի լոյսն Աստուածային, այսօր ծագեաց, յայն սուրբ լերին»։ Երգչախումբը, տղաքը, գիտցողներ բոլորս զանգակներու ղօղանջին ներքեւ կ՚երգէինք։ Երբ «Այ ցընծայ, այ ցընծայ, ցընծայ, ցընծայ լեառըն թաբոր եւ զուարճանայ» բաժինը հասաւ ու մանուկները աղաւնիները արձակել սկսան, հոգիս կը վերանար, հրճուած էի, ցնծութեան հոգին պատած էր բոլոր մարմինս եւ շրջակայքս։ Ակամայ տեսայ, թէ երգի մագնիսական զօրութեամբ մանկանց, ժողովուրդին չափ տալ սկած էի։ Քաւ լիցի, որ համահաւասար դասեմ զիս մեր շատ սիրելի հոգեւոր պետին, բայց՝ այդ պահուն իրազեկ դարձայ, թէ երգ մը որքան կրնար փոխել շրջակայքը։ Երգի ելեւէջները՝ հոգեւորականը կ՚այլափոխէր երաժշտապետի։ Երբ կ՚երգէինք, այս եկեղեցիէն հասած միւս չափահաս եղբայրներէս՝ Սայաթ Սարկաւագին կը նայէի եւ իր աչքին բիբը եւս թարգման կը հանդիսար իմ զգացումներուս։ Համոզուած էի, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին մէջ, նախ յայտնուած էր՝ Պայծառակերպեալ Փրկիչը եւ իր ներկայութեան շնորհած խաղաղութիւնը, եւ ապա զգալի դարձած՝ Մեսրոպ Պատրիարքէն աւանդուած արժէքներուն կենսունակութիւնը։

2019-ի Վարդավառը այսպէս անցաւ Գնալը կղզիին մէջ ու վախճանեալ պատրիարքի հոգին եւս միացաւ բոլորիս խանդաղատագին ձայներուն։ Անգամ մը եւս հասկցայ, թէ Մեսրոպ Պատրիարք եթէ չըլլար, ո՛չ մանկութեան ժպիտը պիտի ըլլար Գնալըի եկեղեցւոյ մէջ, ոչ ալ այդ ժպիտին որպէս արդիւնք եկեղեցի միացած սերունդ մը։ Օրհնեալ մնայ յիշատակը, Վարդավառի երաժշտապետին եւ մեր մէջ միշտ օրհնեալ մնայ իր սորվեցուցած երգը։ Կ՚երգենք «Այ ցնծա»ն, որովհետեւ ցնծալի խորհուրդները գտանք մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Կ՚երգենք ու պիտի երգենք, որովհետեւ ցնծալով պիտի յիշատակենք մեր վարդապետը։ Կ՚երգենք ու պիտի երգենք, որպէսզի ընդմիշտ յիշենք, թէ Մեսրոպ Սրբազանը, ցնծութիւն բերաւ եկեղեցիին, որուն պտուղները տակաւին հոգեւոր եւ մշակոյթի գետնի վրայ կեանք տալ կը շարունակեն նոյն եկեղեցիին ու ժողովուրդին։ Պայծառակերպութեան այս երգը երգենք ու սորվեցնենք, որպէսզի իր մէջ քօղարկուած պայծառազարդուելու գաղափարը պատէ մեր եկեղեցին, եկեղեցւոյ զաւակները եւ ընդհանրապէս բոլորս։ Եկէ՛ք երգենք ուրեմն. «Այսօր ցնծայ լեառն թաբոր, եւ զուարճանայ մեծն Հերմօն, Քանզի լոյսն Աստուածային, այսօր ծագեաց, յայն սուրբ լերին»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՂԶԵԱՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/9-08-2019-այ-ցնծայ-այ-ցնծայ…

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın