İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Պատրիարքական ընտրութեան նախորդող ներկայ ժամանակաշրջանին նորին սրբազնութիւնը նախաձեռնած է «Ժողովրդական զրոյցներ» կոչուած շարք մը եւ երէկուան երեկոյթը առաջինն էր այդ շարքին մէջ։ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Կղզեաց թաղային խորհուրդը կատարեալ ձեւով կազմակերպած էր այս ասուլիսը։ Եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ շարուած էին նստարաններ, որոնց բոլորն ալ գրեթէ լեցուն էին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան բազմած էր պատուանդանի մը վրայ, հայեացքը ուղղած դէպի երեկոյթի մասնակիցներուն։ Անմիջական մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որու սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան։ Աւելի վերջ սկսաւ հարցում-պատասխանի բաժինը։ Երեկոյթը վարեց Սայաթ Տելիճէ։ Ներկաներու շարքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երեկոյթի ընթացքին յաջողեցաւ անմիջական երկխօսութեան մթնոլորտ մը ստեղծել ներկաներուն հետ։ Ան պատասխանեց բազմաբնոյթ հարցումներու եւ այդ հարցումները առիթ հանդիսացան, որ օրակարգի վրայ գան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Հաւաքոյթի ընթացքին առիթ տրուեցաւ, որ նորին սըր-բազնութիւնը ինքզինք ներկայացնէ մանրամասնօրէն։

Սեփական կենսագրութեան անդրադառնալէ վերջ նորին սրբազնութիւնը սկսաւ պատասխանել հարցումներուն։ Այդ ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկաւ առանց պատրիարքի անցած վերջին շուրջ տասն տարիներու ժամանակաշրջանը։ Տեղապահը խորհրդածութիւններ ըրաւ, թէ ինչպէս կը նախատեսէ յաղթահարել այդ տասն տարուան հետեւանքները եւ վերստին համախմբել մեր ժողովուրդը։ Իր նկատառման յանձնուեցան նաեւ մեր երիտասարդութեան վերաբերեալ խնդիրները։ Ի պատասխան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտնեց, որ նոր սերունդի վերաբերեալ մեր առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ կարելի չէ արտայայտուիլ քանի մը վայրկեանի մէջ։ Ան համոզուած է, թէ սա իրականութեան մէջ գիտական խնդիր մըն է։ Մեծ հաշուով այս ընկերաբանական հարցը գիտական ձեւով պէտք է քննարկուի։ Հարցախոյզներով կամ այլ միջոցներով պէտք է հասնիլ մեր երիտասարդութեան։ Պէտք է խորաթափանց ընկալել անոնց նախասիրութիւնները։ Տեղապահը ընդգծեց, որ երիտասարդներուն հետ հաւաքուիլն ու ձեռնարկներ իրականացնելը կը համարուի մակերեսային։ Արդարեւ, հիւանդութիւնը բուժելու համար նախ պէտք է ընել լաւ ախտաճանաչում մը։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդհանուր առմամբ հետաքրքրական դիտարկումներ ըրաւ համայնքի ինքնութեան եւ դիմագծին վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Իր խօսքով՝ մինչեւ մօտաւոր անցեալը մեր համայնքը համախումբ կ՚ապրէր քաղաքի զանազան թաղամասերուն մէջ, ուր կը փոխանցուէր մեր մշակութային ժառանգութիւնը։ Հիմա ամբողջ քաղաքի մէջ սփռուած է հայութիւնը։ Այս պատճառով, ըստ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի դիտարկումներուն, մեր համայնքը կը ձուլուի երկրի ընդհանուր մշակոյթին մէջ։ Նոյնիսկ մեր հոգեւորականները հայերէն կը խօսին տարօրինակ առոգանութեամբ։ Ան մատնանշեց նաեւ ուրիշ հանգամանք մը, ըստ որու Հոլիվուտի մշակոյթը դարձած է գերակշիռ եւ համացանցը ուսուցման միջոց մը դարձած է։ Մարդիկ այլեւս չեն սորվիր ուսուցիչէն եւ մենք ունինք երիտասարդութիւն մը, որ կը սնուի այդ աղբիւրներէն։

«Մենք 4-18 տարեկաններուն համար միջոցներ կը ներդնենք ի նպաստ մեր դպրոցներուն, սակայն որեւէ ծրագիր չունինք 18-30 տարիքի կտրուածքին համար», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ընդգծեց, թէ ապագայ պատրիարքը պէտք է անպայման առաւելագոյն թիւով խորհրդականներ ունենայ։

Երեկոյթի աւարտին Կղզեաց թաղային խորհուրդի հիւրընկալմամբ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս անմիջական զրոյց տեղի ունեցաւ նորին սրբազնութեան հետ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F3-08-2019-անմիջական-զրոյց

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın