İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան իր հետն ունենալով Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպտ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Պատկ. Կրօն. Ժողովի անդամ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը 2 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին այցելեց Յունաց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Պատրիարքի կողմէ։

Նախ քան ընդունելութիւնը, Տեղապահ Սրբազան Հայրն ու հետեւորդները այցելեցին Աթոռանիստ Ս. Գէորգ Տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարեցին աղօթասացութիւն։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաց Պատրիարքին՝ իր շնորհաւորութեան ու աջակցութեան համար։  Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Սրբազան Հօր ընտրութիւնը ի պաշտօն տեղապահութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։ Յայտնեց, թէ աղօթող էր, որ Պատրիարքական Աթոռը տիրանար իր նոր գահակալին։

BARTHOLOMEOS 2

Նորին Սրբութիւնը ի յիշատակ սոյն այցելութեան Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրեց գեղեցիկ ասա մը։ Մօտ մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի աւարտին Տեղապահ Սրբազան Հայրն ու հետեւորդները հրաժեշտ առին Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթողոմէոս Պատրիարքէն։

BARTHOLOMEOS 3

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/տեղապահ-սրբազան-հայրը-այցելեց-յունաց/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın