İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՎԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ Է

«Էրմէնիհապեր».-Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած է Վանի Ախթամար կղզիին եւ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ լուսանկարներու ցուցահանդէս: Ծրագիրը իրականացած է Թուրքիոյ նախագահութեան հովանաւորութեամբ, նպատակն է երկիրը ներկայացնել զբօսաշրջիկներուն:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցած է Թօփքափը պալատի թանգարանին մօտ գտնուող Սուրբ Իրինա եկեղեցւոյ մէջ նախաձեռնութեամբ: Արարողութեան ներկայ գտնուած են Թուրքիոյ նախագահութեան ներկայացուցիչներ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան, Վանի նահանգապետ Մեհմէտ Էմին Պիլմէզ, ցուցահանդէսի լուսանկարներու հեղինակ, լուսանկարիչ Իզզէթ Քերիպար:
Ձեռնարկի ընթացքին նախ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմ ցուցադրուած է, ապա ընթերցուած է նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ուղերձը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան: «Ախթամար կղզիին Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին 1100 տարուան պատմութիւն ունեցած է եւ կը շարունակէ իր ընթացքը դէպի հազարամեակներ: Սոյն ձեռնարկը շատ աւելին է, քան սովորական լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Սա միջազգային ասպարէզէն ներս ճանաչում ապահովելու համար նախատեսուած քայլ է: Աշխարհը պէտք է աւելի մօտէն ճանչնայ մեր երկրի մշակութային եւ քաղաքակրթական հարստութիւնները: Պատմութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ սկսած է, եւ մեր ժողովուրդին արմատները թաղուած են այս հողերուն մէջ», ըսած է Մաշալեան:
Ձեռնարկին ներկաներուն բաշխուած է Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը մանրամասնօրէն նկարագրող գիրք մը, որուն մէջ նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ տեղ գտած են: www.akdamarkilisesi.gov.tr հասցէով կայք մըն ալ գործել սկսած է: Կայքին մէջ տեղեկութիւններ արձանագրուած են կղզիին եւ եկեղեցւոյ մասին երեք լեզուներով` հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն:

http://www.kantsasar.com/news/8956-2/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın