İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ 85րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացին հետ առընչուած Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի կազմութեան համար 17 Յուլիս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ կայացած նիստին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ անդամներուն առընթեր մասնակցութիւն բերին Համայնքային եւ Թաղային մարմիններու ներկայացուցիչները։

Նիստին նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նիստը վարելու համար ընտրուեցաւ դիւան ըստ հետեւեալի. Հերման Պալեան՝ ատենապետ, Հրանդ Մոսկոֆեան՝ ատենադպիր, Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Կարօ Պաղտատ՝ քուէախոյզեր։

Գործածուեցան 42 քուէներ։ Ներկաներու առաջարկով կազմուած թեկնածուներու անուանացանկին վրայէն գաղտնի քուէարկութեամբ քուէներու առաւելութեամբ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներ ընտրուեցան՝ Սարվէն Սէրթշիմշէք (35 քուէ), Սարօ Պէնկլեան (33 քուէ), Սարգիս Չավուշեան (32 քուէ), Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու (31 քուէ), Մինաս Ասլան (31 քուէ), Արէտ Քօրեան (31 քուէ), Թամար Քարասու (30 քուէ), Նազարէթ Էօզսահակեան (28 քուէ), Լենա Ենիեօրկան (28 քուէ), Գրիգոր Տէօշէմէճեան (27 քուէ), Սեդրակ Տավութհան (26 քուէ), Սելինա Տօղան (26 քուէ), Սեւան Սվաճըօղլու (25 քուէ), Կարպիս Տուրասլան (24 քուէ), Վալիա Հէճինօղլու (20 քուէ)։ Իսկ պահեստի անդամներ մնացին՝ Ղուկաս Արզուման (20 քուէ), Կարպիս Պալմումճու (16 քուէ) եւ Գէորգ Էրքան (15 քուէ)։ Այս կազմին վրայ աւելցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ ներկայացուած Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/զեկոյց-պատրիարքական-աթոռոյ-ի-մասին-պա/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın