İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 14 Յուլիս 2019, Կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ Փրօֆ. Տօքթ. Մուսթաֆա Շէնթօփի հրաւէրով եւ յանուն համայնքին մասնակցութիւն բերաւ յատուկ նիստին, որ տեղի ունեցաւ, 15 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին Ազգային Մեծ Ժողովի Մայր Դահլիճին մէջ՝ Ժողովրդավարութեան եւ Ազգային Միասնութեան Օրուան առթիւ։

Սոյն նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան։ Մօտ երկու ժամուան նիստի ընթացքին Կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ յատենի արտայայտուեցան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Ստանպուլ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/պատրիարքական-տեղապահ-բարձր-տ-սահակ-եպ/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın