İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԵՂՔԸ ՁԵՐ ՎՐԱՅ»

Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ Կազդուրման կայանի շաբաթավերջի եղանակի պաշտօնական բացման ընթացքին Գնալը կղզիի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ համայնքային այժմու հրատապ շարք մը հարցերուն։ Անդրադառնալով յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ նշեց, որ 29 տարիէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցէ մեր համայնքին եւ ինչպէս ցայսօր ըրած է՝ ապագային ալ պիտի շարունակէ մնալ անաչառ։ «Այստեղ անգամ մը եւս կը յայտնեմ, որ անկողմնակալ դիրքորոշում մը պիտի որդեգրեմ եւ անհրաժեշտ յարգանքը պիտի մատուցանեմ մեր այն սրբազանին նկատմամբ, որ պիտի շահի պատրիարքական ընտրութիւնը։ Ինչպէս միշտ, ապագային ալ պիտի շարունակեմ իմ հնարաւոր նպաստը բերել հայ համայնքին», ըսաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ան խօսեցաւ նաեւ մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարման խնդիրներուն շուրջ։ Կիւլմէզկիլ շարունակեց. «Մեր հաստատութիւնները ժառանգուած են մեր նախնիներէն ու մենք՝ վարչայիններս այստեղ կը գտնուինք մեր պաշտօնավարութեան շրջանին լաւագոյն ծառայութիւնը մատուցելու համար մեր եկեղեցիներուն, մեր դպրոցներուն եւ մեր հիմնարկներուն։ Մեր այստեղ գտնուելու նպատակն է թափանցիկ եւ ազնիւ աշխատանք մը տանիլ ու քարի վրայ քար մը դնել»։

Իր ելոյթին մէջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ընդգծեց, որ փոփոխութիւնները միշտ ալ լաւ են, նոր եռանդներու շնորհիւ մարդիկ կը մնան կանգուն։ «Սա բնութեան մէկ կանոնն է, սակայն, եկէք-տեսէք, որ փոփոխութենէ խուսափող կարգ մը մարդոց պատճառով այսօր մեր կարգ մը հիմնարկներն ու ամբողջ համայնքը վնաս կը կրեն։ Անոնք կը դաւաճանին։ Այդ վնասները, ձեռքի մը մատներու թիւին չափ կարգ մը անձերու պատճառով, կ՚ազդեն 70 հազար հայու ապագային վրայ։ Ես կ՚ուզեմ խօսք ուղղել մեր այն վարչայիններուն, որոնք մեր հաստատութիւններու ընտրութիւններու վերանորոգումը չեն ուզեր։ Այս մեղքը ձեր վրայ է։ Դժբախտաբար, մեր հաստատութիւններու վարչական արժէքաւոր աթոռներու վրայ բազմած, այնտեղ գտնուելու նպատակն ու առանցքը շուարած հաստատութիւններ, վարչայիններ ունինք։ Որպէս վարչայիններ մենք պէտք չէ մեր նիւթական կամ բարոյական շահերը հետապնդենք, չենք կրնար հետապնդել», ըսաւ Կիւլմէզկիլ։

Ելոյթին տեւողութեան Տիգրան Կիւլմէզկիլ նշեց, որ ամէն մարդ կը խօսի երիտասարդներու խրախուսման, անոնց նկատմամբ վստահութիւն ցուցաբերելու մասին, իսկ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը գործնականօրէն կեանքի կոչած է այդ բոլորը եւ իր ընդունած որոշումով Կազդուրման կայանի ղեկավարութիւնը վստահած՝ երիտասարդներէ բաղկացեալ խումբի մը։   

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/9-07-2019-«մեղքը-ձեր-վրայ»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın