İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հաշուետուութեան Ժամանակն Է

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը տեղապահի ընտրութեամբ կը թեւակոխէ նոր փուլ մը: Ինչպէս ծանօթ է՝ Կրօնական ժողովը տեղապահի ընտրութեան համար ճշդած էր 23 Յունիս թուականը: Սակայն, բոլորովին անծանօթ պայմաններու տակ, կուսակալութենէն եկած յանկարծակի հրահանգով մը ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ 4 Յուլիս Հինգշաբթի օրուան: Այս մասին պատրիարքարանը խուսափեցաւ թուականի փոփոխութեան պատճառները հասարակութեան հետ բաժնելէ: Նման խուսափումի մը ետին կար կուսակալութենէն եկած գրութեան վրայ նշուած «Խիստ գաղտնի» կնիքը: Ուրեմն այդ իսկ պատճառաւ, պատրիարքարանը խուսափած էր պետութեան գաղտնի պահածը հրապարակելէ: Յետաձգուած ընտրութիւնը կը կայանայ թերթիս տպագրութեան տրուելէ անմիջապէս ետք: Այս պայմաններուն մէջ, «Ակօս»ի ընթերցողները հազիւ թերթին համացանցի էջերէն տեղեակ պիտի դառնան տեղապահի ընտրութեան արդիւնքին: Սակայն պարտինք յիշել, որ այս ընտրութիւնը կարեւոր յուզում մըն ալ չի յառաջացներ հասարակութեան մօտ, քանի որ ընտրութիւնը արդէն իսկ սահմանուած է երկու թեկնածուներով: Տուեալ պայմաններուն մէջ միայն Արամ եւ Սահակ եպիսկոպոսներն են, որոնք թեկնածու պիտի դառնան ու տեղապահ պիտի ընտրուի այդ երկուքէն մէկը միայն:

Նշենք, որ այս կարգադրութիւնը եւս կը հակասէ մեր եկեղեցական աւանդութիւններուն, քանի որ հոն բացայայտ կերպով նշուած է տեղապահ ընտրուելու համար պէտք եղած պայմանները: Այս գիտնալով հանդերձ, պոլսահայ կղերը համակերպած կ՛երեւի իրեն պարտադրուածին եւ ընտրութիւնը կը կատարէ տուեալ երկու եպիսկոպոսներու միջեւ: Այս մասին տեղի ունեցած առարկութիւններն ալ կը դժուարանան արժանի արձագանգը գտնելու: Հոս եւս նկատելի է ժողովրդական լայն խաւի մը այս անցուդարձներուն դէմ հետաքրքրութիւնը կորսնցնելու երեւոյթը: Թերեւս այս երեւոյթը պոլսահայութեան այժմու կարեւորագոյն մղձաւանջն է, քանի որ հասարակութեան նման զարգացումի մը հանդէպ անտարբերութիւնը ապացոյց մըն է նաեւ համայնքային ամբողջութեան քայքայման:

Երկար տարիներու հասնող իշխանազրկութիւնը բնականաբար պիտի ունենար նման հետեւանք, որմէ պիտի տուժէր նոյն ինքն ազգի միասնականութիւնը: Այս հոգեբանութեան մէջ պիտի կայանայ տեղապահի ընտրութիւն եւ մենք՝ ըլլա՛յ վարչակազմ, ըլլա՛յ պատրիարքարան, ըլլա՛յ հասարակութիւն, մամուլ, եւ վերջապէս, առանձին անհատներ բոլորս պիտի կրենք մեր պատասխանատուութեան բաժինը:

Պոլսահայութիւնը կ՛ապրի իր պատմութեան խաւար շրջաններէն մէկը եւ ներկայ պահուն այս անելէն դուրս գալու պայմաններն ալ չեն նկատուիր: Չեն նկատուիր մանաւանդ երբ երկու թեկնածուներ եւ անոնց հետ միասին հոգեւորականաց դասը մատնուած է մենամարտի հոգեբանութեան:

Բաւական ուշ պիտի ըլլայ պատրիարքի ընտրութիւնը սպասել այս բոլորին հաշուեյարդարը տեսնելու համար: Կարծես այս օրերը ճիշդ այն պահն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքնամփոփուի այս գործընթացին հաւանական հետեւանքներուն վրայ:

Ո՞ր սխալները գործելով գետին պատրաստեցինք պետութեան պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին այսքան բացայայտ կերպով միջամտելուն համար: Ի՞նչ տեսակ անճարակութեամբ չկրցանք սանձել Արամ արքեպիսկոպոսի տեղի տուած զանցառութիւնները:

Ինչպէ՞ս թոյլատրեցինք, որ Պետրոս Շիրինօղլու իր քմահաճոյքներով ուղղութիւն տայ համայնքի բազմաբնոյթ գործերուն:

Կարելի է հարցերու շարանը երկարել սա վերջին տասը տարիներու զարգացումներու լոյսին տակ:

Պահ մը բոլորս ինքնամփոփուինք ու խորհինք ապագան փրկելու մասին:

«ԱԿՕՍ»

https://www.yerepouni-news.com/2019/07/09/հաշուետուութեան-ժամանակն-է/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın