İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽԱՂԱՂ, ՀԱՄԵՐԱՇԽ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ իր անդրանիկ պատգամը փոխանցեց մեր համայնքին։ Երէկ առաւօտ ան քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ ելոյթ մը ունեցաւ Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման հաւաքոյթին ժամանակ։ «Սէրը չկորսնցնենք իրարու նկատմամբ», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը, որ շեշտը դրաւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան վրայ։

Իր երկու ելոյթներուն մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անդրադարձաւ պատրիարքական ընտրութեան յառաջիկայ պատրաստութիւններուն եւ Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան համար յառաջիկայ անցումային շրջանին ձեռնարկուելիք նախապատրաստութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ անկողմնակալ, խաղաղ ու համերաշխ ոգիով մը յառաջ պէտք է տարուին աշխատանքները։ Ընտրութիւնը պիտի կազմակերպուի նախ նախաձեռնարկ մարմնի մը ստեղծումով։ Ամբողջ գործընթացը կ՚ենթադրէ պետութեան հետ համատեղ աշխատանք, նաեւ մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց հետ համագործակցութիւնը։ «Մեր ժողովուրդը 12 տարիէ ի վեր կը սպասէ իր նոր պատրիարքին։ Այլեւս դժուար շրջանը վերջացած է։ 85-րդ պատրիարքը մեր ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ պատմութեան իր ճանապարհորդութեան մէջ», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդը խոր արմատներ ունի պատմութեան մէջ։ «Մեր եկեղեցին ծնած է սուրբի մը չարչարանքներէն ու մենք կը ձգտինք ուրիշներու համար դրախտ պատրաստել», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ մէջբերեց Տէր Յիսուսի խօսքը, ըստ որու լաւ պտուղ ունենալու համար պէտք է առողջ պահել ծառը։

Այս հիման վրայ նորին սրբազնութիւնը յորդորեց խորաթափանց ընկալել համայնքային հարցերը եւ իջնել անոնց արմատը։ «Եթէ հաստատութիւնները առողջ չեն, մեր համայնքին մէջ լաւ գործ չի կրնար ըլլալ։ Մենք բոլորս ներկայիս կը մտածենք պատրիարք մը ընտրելու մասին։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է մտածենք, թէ Պատրիարքական Աթոռը միթէ առո՞ղջ է իր կառոյցներով։ Համայնքային մարմիններու հետ անոր յարաբերութիւնները լա՞ւ են», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ աւելցուց, որ Պատրիարքարանի կապերն ու աշխատանքները պէտք է ամրապնդուին համայնքային հաստատութիւններուն հետ։ «Պէտք է լաւ հասկնանք, թէ ի՞նչ է այս պատրիարքը։ Պետութեան հետ պէտք է համաձայնեցնենք այս բանը։ Այսօր թաղային խորհուրդ մը եթէ եկեղեցապատկան կալուած մը ծախէ, պատրիարքը ձայն չունի։ Ուրեմն ո՞վ է այս պատրիարքը», դիտել տուաւ նորին սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ Պատրիարքարանը պէտք է ըլլայ իսկապէս կեդրոն մը ու պէտք է վերածուի փեթակի մը։ Իր համոզմամբ, այսօր մեր համայնքը լաւ հովիւի մը զուգահեռ լաւ հօտի մը պէտք ունի։ «Մենք պէտք է հասնինք այն մեծ բազմութեան, որ չի մասնակցիր համայնքային կեանքին։ Մենք այսօր քիչ կ՚ընենք, բայց շատ կը պահանջենք։ Մենք պէտք է աւելի քիչ խօսինք ու պէտք է աւելի շատ աշխատինք, աղօթենք եւ յոյսով լեցուինք», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը, որ բացատրեց, թէ մեր համայնքը իրականութեան մէջ ինչպիսի մեծ ներուժ մը ունի։ Յոյս պէտք է, որպէսզի ունենանք նոր պատրիարք մը, որ մեզի ցոյց պիտի տայ հորիզոնը», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Սիրոյ սեղանի հուսկ բանքին ժամանակ ալ նորին սրբազնութիւնը կարեւորեց, որ մեր համայնքէն ներս մարդիկ պատրաստակամ ըլլան զիրար լսելու։ Արդարեւ, եթէ զիրար լսելու պատրաստակամ չըլլանք, ամէն մարդ կը խօսի, իր խօսածը միայն ինք կը լսէ ու մենք ոչինչ կրնանք փոխել համայնքային կեանքին մէջ։ «Մեր առջեւ ունինք 85-րդ պատրիարքը ընտրելու գործընթացը։ Դիւրի՞ն պիտի ըլլայ, թէ դժուար՝ կախում ունի մեզմէ։ Որպէս հայ-քրիստոնեայ համայնք՝ պարտաւոր ենք այս գործը գլուխ հանել պատուով։ Ձեր աղօթքն ու մասնակցութիւնը կը խնդրենք, ամբողջ հայ համայնքին համար շատ կարեւոր է այս պատրիարքական ընտրութիւնը։ Այս համայնքը 12 տարիէ ի վեր չունի պատրիարք մը։ Ուր որ է սերունդ մը վարժուած է առանց պատրիարքի մը ապրելու։ Սա կրնայ շատ վտանգաւոր հեռանկարներ ունենալ մեր համայնքին համար։ Համապատասխան կարեւորութեամբ ձեռք առնենք հարցը, աշխատինք եւ արժէքաւոր գահակալ մը ունենանք։ Այսպէսով կը շարունակենք մեր ճամբորդութիւնը պատմութեան մէջ։ Ես վստահ եմ, թէ մեր համայնքի հետաքրքրութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Մենք ալ՝ որպէս Պատրիարքարան ձեր հետաքրքրութիւնը պիտի յագեցնենք։ Մամուլի միջոցաւ տեղեակ կ՚ըլլաք զարգացումներուն», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ շուրջ երկու շաբաթէն կազմուած պիտի ըլլայ նախաձեռնարկ մարմին մը։ Պետութեան դիմում պիտի կատարուի կանոնադրութիւն մը ունենալու համար։ Պետութենէն հասնելիք այդ կանոնադրութեան համաձայն պիտի շարունակուի գործընթացը։ «Ուրեմն պէտք է աւելի ուշադիր ըլլանք ու բերենք մեր մասնակցութիւնը», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ շատ կարեւոր են մեր աւանդութիւնները եւ անոնց տեւականացումը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-07-2019-խաղաղ-համերաշխ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın