İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍ.Ի ԱՅՑԸ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 8 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

Հիւր Սրբազան Հայրը, որ իր մկրտութեան մը մասնակցելու համար քաղաքս կը գտնուէր, եկած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Նորին Սրբազնութեան։ Ան շնորհաւորեց նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ արեւշատութիւն ու կորով մաղթեց։

Մօտ մէկ ժամուան հաճելի զրոյցի ընթացքին Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական այցելութեան համար։

https://www.facebook.com/Պատրիարքութիւն-Հայոց-Ermeni-Patrikligi-127576530735572/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın