İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Բոլորը թեկնածու պէտք է ըլլան».- Փայլան խօսած է Պատրիարքական ընտրութեան մասին

«Պոլսոյ պատրիարքի իրենց թեկնածութիւնը պէտք է դնեն, Թուրքիա ծնած, աշխարհի որեւէ տեղ գտնուող հայ հոգեւորականները»,- այսպէս ըսած է Փայլան, թրքական Bianet.org կայքի լրագրողին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահի ընտրութենէն ետք:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը նշած է, որ պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնները տեղի ունեցած են փոքր սխալով մը, քանի որ մասնակցած են ընդամէնը 2  հոգեւորական, մինչդեռ պէտք է մասնակցէին աշխարհի որեւէ վայր գտնուող եւ Թուրքիա ծնած հայ հոգեւորականներէն ցանկացողը:

Փայլանը շեշտած է, որ պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւններէն յետոյ, արդէն կը մտնեն պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպման փուլ՝ յուսալով, որ երկրի ՆԳ նախարարութիւնը անյապաղ կու տայ կայանալու թոյլտուութիւնը:

«Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան համար պէտք է նամակ գրել ու հրաւիրել աշխարհի բոլոր մասերը ապրող եւ Թուրքիա ծնած բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներուն, պատրիարքի թեկնածութիւնը դնելու: 10  տարի ընտրութիւն տեղի չէ ունեցած: Պատրիարքարանը կառավարուած է նշանակովի անձի կողմէ: Հիմա ժամանակն է ժողովրդական ընտրութիւն կազմակերպելու»,- ըսած է Փայլանը:

Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ  եպս. Մաշալեանը՝ 2 ձայն աւելի հաւաքելով միւս թեկնածու ՝Արամ  արք.Աթեշեանէն:

http://www.arevelk.am/am/content/8/9685/«Բոլորը–թեկնածու-պէտք-է-ըլլան».–Փայլան-խօսած-է-Պատրիարքական-ընտրութեան-մասին.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın